Version classiqueVersion mobile

Krikor Beledian et la littérature arménienne contemporaine

 | 
Anaïd Donabedian
, 
Siranush Dvoyan
, 
Victoria Khurshudyan

Յաւիտենական շրջադարձ

Le retour éternel

The Eternal Return

Մարկ Նշանեան

Résumé

La septième livraison de la série romanesque de Krikor Beledian a pour titre Shrjum, ce qui peut se traduire de diverses façons : Retour, Retournement, Volte-face, Renversement, ou même Révolution, avec toute la multivocité que comporte ce dernier mot en français. Avec cette septième livraison, l’auteur aussi donne un titre général à la série, un titre qui consonne étrangement avec celui du septième volume : Gishera­darts, soit : « Retour nocturne ». De plus, la série reçoit pour la première fois une caractérisation de genre, alors que les six premiers volumes ne comportaient pas de telle caractérisation. On sait maintenant que ce sont des « récits ». Il faut donc se demander si le « retournement » ou la « révolution » dont il est question ici ne concernent pas, précisément, cette caractérisation de genre. Il s’agirait dès lors d’une auto-interprétation de l’auteur, qui revient sur l’ensemble de son œuvre romanesque et la ré-interprète de l’intérieur. La révolution dont il est peut-être question serait dès lors celle du roman, quand celui-ci (en tant que genre) est pénétré de l’intérieur, colonisé, subverti et corrompu par ce qu’on appelle le « témoignage ». D’où la grande interrogation sur les rapports entre l’autobiographie et la subversion romanesque par le témoignage. Enfin, il est clair que le roman comporte aussi une réflexion sur l’Éternel retour cher à Nietzsche. Tous ces éléments devaient être brassés ensemble.

Texte intégral

1

Բառի մը պատմութիւնը

  • 1 Տե՛ս Մարկ Նշանեան, Փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը, Ակտուալ արուեստ, Երեւան, 2015։ Այս հատորը կը պա (...)

1Գրիգոր Պըլտեանի հեղինակած վէպերու շարքին եօթներորդը կը կոչուի Շրջում։ Վէ­պեր չեն, ի դէպ։ Հիմա կը կոչուին «Պատումներ», հոն է ամբողջ հարցը։ Շրջումին շուրջ սոյն աշխատասիրութեան առաջին յեղումը, ֆրանսերէն լեզուով գրուած, կը փորձէր վերնագիրին համար համարժէք մը գտնել։ Retour, retournement, volte, volte-face, pirouette, tournant, ո՞ր մէկն էր ճիշդը արդեօք։ Բոլոր այդ թարգ­մա­նու­թիւնները հնարաւոր էին, եւ սա­կայն բացատրութեան եւ պատճառաբանութեան կը կարօտէին։ Պէտք է ուրեմն ամեն ինչ սկիզ­բէն վեր­սկսիլ։ Շրջումը լոյս տեսած է 2012ին Երեւանի մէջ: Նախորդ վեց հատոր­ները տարիներու ընթացքին իրարմէ անկախ լոյս տե­սած էին Սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ։ Առաջին երկուքը՝ Սեմեր եւ Հարուա­ծը, 1997ին եւ 1998ին, Հա­լէպ, Մաշտոց հրատարակչատան մօտ։ Երրորդը եւ չորրորդը՝ Նշան եւ Պատկերը, Լոս Անճելես, 2000 եւ 2003 թուա­կան­նե­րուն, Ապրիլի մօտ, հին­գերորդը՝ Անունը լեզուիս տակ, նոյնպէս 2003ին, բայց Երկ մատենաշա­րով, Փարիզ, ու վեր­ջա­պէս վե­ցերորդը`Երկուք, նորէն Ապրիլի մօտ, 2006ին։ Առաջին չորսը առ այժմ վերա­տպուած են հատորով, Երեւանի մէջ։ Շարքին եօթն­ե­րորդը տպած միջոցին է ուրեմն, որ որոշումը կայացած է հեղինակի մտքին մէջ ո՛չ միայն բոլորը որպէս շարք հրամ­ցնելու, այլեւ շարքին ընդ­հանուր անուն մըն ալ տալու, ու առաւել եւս՝ ժանրի բնորոշում մը։ Ընդհանուր վերնա­գիրն է ուրեմն՝ «Գի­շե­րա­դարձ», եւ ժան­րի բնո­րո­շումը որպէս են­թա­խորագիր՝ «Պա­տումներ»։ Արեւ­մտա­հայերէնը «պատում» բա­ռը կը գործածէ մօ­տա­ւորապէս Յակոբ Օշականէն ի վեր՝ որ­պէս ֆրան­սերէն «ré­cit» բառին համարժէքը։ Ու վերստին արեւ­մտահայերէնի բառա­կազմական սովորու­թիւն­­նե­րուն համաձայն՝ ֆրան­սերէն ré­citին լման տարո­ղու­թիւ­նը եւ երկ­րոր­դական իմաստ­ներն ալ ենթա­դրա­բար կը ցոլա­ցնէ ու կը շողա­ցնէ։ Ահաւասիկ ուրեմն երեք կէտեր, երեք որո­շում­ներ, որոնք նոր հանգրուան մը կը բնորոշեն. ընդհանուր վեր­նագիր, ժանրի սահ­մանում, ու եօթն­ե­րորդ հատորին համար վեր­նա­գիր մը, որ տա­րօ­րի­նակ ու հաւանաբար նշանակալից կերպով հա­մա­հնչիւն է վիպա­շարին նորա­յայտ վեր­նա­գիրին հետ, «Շրջում», «Գի­շերադարձ»։ 2010ին, երբ վիպա­շարին անդրադարձող ընդհանուր աշխատասիրու­թեան մը ձեռ­նար­­կեցի, հասկնալու համար թէ ի՛նչ էր հոն ըսուածը եւ կատար­ուա­ծը, աչքիս առջեւ ունէի առաջին վեց հատորները։ Հայերէն գրուած այդ աշ­խա­տա­սի­րութիւնը անտիպ է առ­այժմ։ Լոյս պի­տի տեսնէ «Պատկեր, պատում, պատմու­թիւն» շարքիս երկ­րորդ հա­տորին մէջ:1 Ուրեմն երբ այդ երկրորդ հատորին մէջ լոյս տեսնելիք գրուածքները սկսայ հաւաքել 2012ին, Շրջումը նոր մէջտեղ ելած էր։ Մէկ քով դրի զայն, տարբեր առիթի վե­րա­պա­հելով «Շրջում» վեր­նա­գիրին նշանակութիւնը հաս­կնա­լու պարտա­կա­­նու­թիւ­նը, բայց արդէն իսկ են­թադրելով որ իր շրջում ու դարձ խոս­տա­ցող վեր­նա­գիր­ներով, հեղինա­կին կողմէ յե­տադարձ ակնար­կի ծանուցումը կար այդտեղ։ Յե­տա­­դարձ ակ­նարկ, այս­ինքն միաժամանակ՝ ծրա­գրա­յին վերասահ­մանում, տեսակ մը խզում, եւ վիպական ինք­նամեկ­նաբանու­թիւն մը, կարծես՝ ճամ­բու մը ծայրը հասած ըլլայինք արդէն իսկ, ու ճամ­բու ծայրէն՝ անհրա­ժեշ­տութիւնը զգաց­ուէր կտրուած ճամբուն վրայ հեռապատկե­րային ակ­նարկ մը նե­տելու, զայն նորոգ­ուած ձեւով հաս­կնալու, ու այդ նոր հասկա­ցո­ղու­թեան վրայ հիմ­նուե­լով՝ նոր խուզար­կու­թեան մը ձեռնարկելու։ Եւ այն ատեն, 2012ին, բնա­­կան է, չէի ուզեր մտնել հե­ղի­նակային ինքնա­մեկնաբանութեան ոլորտներուն մէջ, իմ մեկ­նաբանու­թիւնս, այս­ինքն՝ իմ ըն­թեր­ցումս, առ այժմ ինծի լիուլի բաւա­րար էր։ Պիտի գար ժա­մա­նակը հեղինակա­յինը նկատի առնելու, եւ իմ կարգիս նոր աշ­խա­տանքի մը ձեռ­նար­կե­լու։ Ահաւա­սիկ եկած է այդ ժամա­նա­կը։ Շրջումը կա­տար­ուած է, անկէ ան­դին ենք։ Պէտք է մտա­ծենք մեր իրականու­թիւ­նը եւ երկրորդաբար վէպ ու պատում կոչուա­ծին կամ կոչուած­ներուն ճակա­տա­գի­րը, այդ շրջումի պահէն, այդ շրջումի երե­ւոյթէն մեկ­նելով։ Պարզ ձեւով բա­նա­ձեւեմ ուրեմն մեր ընթերցումը լարող են­թա­­դրու­­թիւնը, կամ ըսենք՝ վար­կածը։ Եթէ վէպը կը պատմէ շրջումի փոր­ձառութիւն մը, այդ փորձա­ռու­­թիւնը նաեւ ի միջի այ­­լոց՝ վէպի՛ շրջումին փորձա­ռութիւնն է։ Են­թա­դրու­թիւնը ուրեմն այն է, որ կրկ­նա­պատիկ շրջադարձը (շրջում եւ գիշերադարձ) ժան­րա­յին բնո­րո­շումին կը վերաբերի, ցոյց կու տայ լման վի­պա­շարը որպէս վէպի վեր­ջա­ւորութեան արձա­նագրութիւնը, ի հարկէ՝ վիպական արձանա­գրու­թիւնը, որպէս լռե­լեայն անցումը նոյն ոլորտին մէջ՝ ուրիշ ոլորտի մը։ Այդ նոր ոլորտը, որ (զայն ղեկավարող յաւիտե­նական վերադարձի եւ շրջադարձի օրէնքին համաձայն) նոյն ոլորտն է, կը կոչուի «պատում»։ Բայց ան­շուշտ ենթադրու­թիւն մըն է միայն։ Կը կարօտի ստուգումի եւ բացա­յայ­տու­մի։

  • 2 Տե՛ս «Մայրիներու շուքին տակ» (Գրական զրոյց Յակոբ Օշականի հետ), գրի առաւ՝ Բենիամին Թաշեան, Հա­րիւրա (...)
  • 3 Տե՛ս Empédocle հանդէսը, թիւ 2, 1949։ Հանդէսի կողքին վրայ վերնագիրն էր՝ «Un récit»? հարցկամ նշանով։ (...)
  • 4 Տե՛ս իմ թարգմանութեամբ՝ Մորիս Բլանշոյ, Վիպումներ, Ինքնագիր, Երեւան, 2013, էջ 124։
  • 5 Տե՛ս Gérard Genette, «Genres, "types," modes», Poétique, 1977, թիւ 32։ Տե՛ս նաեւ նոյն հե­ղինակէն՝ (...)
  • 6 Այս աշխատասիրութեան ֆրանսերէն բնագիրը լոյս տեսած է նախ Glyph հանդէսին մէջ (թիւ 7, 1980), անգլերէն (...)
  • 7 Jacques Derrida, Parages, Gallileé, 1986, էջ 261։
  • 8 «Texte destiné... à faire comparaître ces classes en instruisant leur procès, en procédant au proc (...)

2Այդ ստուգումն ու բացայայտումը ունին սակայն «պատում» բառին եւ միմիայն անոր հետ առնչուած լման յետնաշխարհ մը։ Ըսածս չա­փա­զան­ցուած չէ։ «Պատում» բառը խորքին մէջ՝ անսովոր բառ մըն է արեւմտահայերէնի մէջ։ Յակոբ Օշական 1931ի «Մայրիներու շուքին տակ» հարցազրոյցի ընթացքին կը գոր­ծածէր «պատ­մում», երբ Եղեռնին մասին տար­օրի­նակ կերպով կ’ըսէր «Պատմում ալ չէ, այլ ող­բեր­­գութիւն մը»,2 յստակօրէն վարա­նելով Աղէտին դէմ յանդիման գրուածքին ուժը ցուցա­դրող գրական սեռին մասին։ Եւ եթէ գրական սեռի իմաս­տով պէտք է լսենք այդտեղ «պատմում» եւ «ողբեր­գութիւն» բառերը, ինչ որ իր կարգին ապացուցումի կը կարօտի, Օշականի «պատ­մումը» արդէն իսկ կը թարգմանէր ֆրան­սերէն récit բա­ռը։ Եւ ուրեմն արեւ­մտա­հա­յերէն «պատմում» եւ «պատում» յայտ­նօրէն calque թարգ­մա­նութիւններ են ֆրան­սե­րէն récit բառին, ու անոնց ետին կայ ֆրանսերէն այդ բառին լման պատմութիւնը։ Ի՞նչ է calque թարգմանութիւն մը։ Պատճենա­հան­ուած թարգ­մանութիւն մըն է։ Արեւ­­մտահայերէնը ինչպէս գիտենք՝ չի սիրեր փոխա­ռու­թիւնները։ Փոխարէնը՝ եր­բեմն կը պատճենահանէ, այսինքն հայերէն բառ մը կը ստեղծէ որ ենթադրաբար իր հետ կը փո­խադրէ նաեւ թարգմանուած բառին բոլոր նրբերանգները եւ ենթիմաստ­ները։ Բայց բնականաբար կը ծածկէ անոնց պատմու­թիւնը։ Որովհետեւ այո՝ բառերը պատմութիւն ունին, անխու­սա­փելիօրէն։ 1949ին, Մորիս Բլանշոյ կտոր մը կը հրա­տարակէր, որ կրնար ըլլալ պատում մը, բայց ժան­րային բնութագրում չու­նէր, ու փոխարէնը՝ որպէս վեր­նա­գիր ունէր «Պատո՞ւմ մը», «Un récit?», հարցման նշանով կամ առանց հարցման նշանի:3 Նոյն այդ պատումն է, քառորդ դար ետքը նոր վեր­նա­գի­րով մը (La Folie du jour) տպուած, զոր հայերէն թարգ­մանութեամբ հրա­տա­րա­կեցի 2013ին, վերնագիր՝ «Օր-ցերեկուան խելագա­րու­թիւ­նը», եւ կրկին առանց ժանրային բնութագրումի։ Հար­ցը այն էր ան­շուշտ, որ սկզբնապէս «Պա­տո՞ւմ մը» խորագրուած պատումը ունէր որ­պէս նիւթ, որպէս թեմա, որպէս առար­կայ՝ նոյն ինքն պատումը։ Պատումը պատումին առարկան էր։ Ինչ որ պէտք է ըն­դունիլ՝ լրջօրէն կը բարդացնէր պատումին ժանրային բնո­­րո­շումը, քա­նի որ այդտեղ խնդրոյ առարկայ կը դառնար պատումը։ Հոն վերա­պ­րողը (այն անձը որ կը խօ­սի ու պատմասան մը չէ, այն անձը զոր ես կը կոչեմ վերապ­րողը) պատում մը ար­տա­դրելու հաւատաքննական պար­տա­դրանքին ենթարկուած, կը պատմէր ինքնա­կեն­սա­գրական շեշտով իրեն պատահածը, ու տեղ մը կը կենար, կ’ըսէր՝ «Պատո՞ւմ մը։ Սկսայ, լման պատմութիւնը պատմեցի իրենց»։ Այդտեղ է որ պատմելու արարքը պարտադրող հաւատաքննիչները կ’ըսեն իրեն. «Այդ սկիզ­բէն ետք, ... պիտի անցնիք հաւաստի անցուդարձերուն», vous en viendrez aux faits։ Եւ ինքը՝ «Ինչպէ՞ս թէ՝ հա­ւաստի անցուդարձերուն։ Պատումս վերջացած էր»։ Ու պատումին վերջին տողն է՝ «Պա­տո՞ւմ մը։ Ո՛չ։ Ո՛չ մէկ պատում այլեւս, եր­բե­ւի­ցէ՛»:4 Եւ անշուշտ ատկէ ետքը՝ Մորիս Բլանշոյ տասը տարի եւս պատում­ներ պիտի գրէր, վերջ տալու համար պա­տումին, եւ արձանագրելու համար այդ վեր­ջաւորու­թիւ­նը։ Պատումի պատմութեան տա­րօրինա­կութիւնը նաեւ այն է, որ 1973ին, նոյն տա­րին երբ այդ պատումը հատո­րի­կի ձեւով ու փոխուած վերնա­գիրով վերստին լոյս կը տես­նէր, Ժեռար Ժընէթ անու­նով գրակա­նագէտ մը Ֆրան­սա­յի Poétique անունով հան­դէսին մէջ յօդուած մը կը հրատա­րա­կէր, «Genres, "types", modes» (Ժանրեր, «տիպեր», եղանականեր) վեր­նա­գիրով, ուր կը բա­ցատրէր թէ պատում ըսուածը ժանր մը չէր, այլ՝ եղանակ մը, un mode, հակա­ռակ օրի­նակ վէպին, որ ինքը՝ գրա­կան ժանր մըն է, եղանակները ըլլալով լեզուաբա­նական երե­ւոյթներ, ուրեմն տրա­մա­սական կամ տրամասողական «բնա­կան» ձեւեր, մինչդեռ ժան­րերը ար­ուես­տական են, գրական զատորոշումներ, եւ Վի­պա­պաշտնե­րուն կը վերա­գրէր ժանրը բնա­կանա­ցնելու նորերեւոյթ ջանասիրու­թիւ­նը:5 Վեց տա­րի ետքը, 1979ին, «Սե­ռին օրէն­քը», «La loi du genre» վերնագրով դա­սա­խօսութեամբ մը, Դերիդա վերստին ձեռք կ’առնէր լման հարցը, կը քննադատէր Ժը­նէթին տե­սա­բանական մօտեցու­մը, կը խնդրականացնէր récitին ժանրային բնութա­գրում մը ըլ­լա­լու ընդունուած գաղա­փա­րը, ու Բլանշոյին պատումը կու տար որպէս օրինակ գրուած­քի մը, որ ինքն իր մէջ կը սեւեռէ պատումը, որ այդ պարագային ինքն իր կրկ­նու­թիւնը եւ ինքն իր խնդրա­կա­նա­ցումը ըլլալով՝ հանգիստ չի ձգեր «պատում» բա­ռին նշա­նա­կութիւնը որպէս ժան­րային բնութագրում:6 Կը մէջբերեմ Դերիդան, որ­պէս­զի իր բառերով լսենք ըսուածը. «Շատ տարօրինակ կերպով, այդ պա­տու­մը որուն մա­սին պիտի խօսիմ ունի որպէս բնանիւթ պատումի անկարելիուլթիւնը, ան­կա­րելի բնանիւթ կամ բովանդա­կու­թիւն, միաժամա­նակ անհասանելի, անորո­շադրե­լի, ան­վեր­ջանալի ու անյագելի. եւ «պատում» բառը, որ անվերնագիր վեր­նագիրն է, կը դարձնէ իր ժանրին չնշուած նշումը»,7 la mention sans mention de son genre։ Այս ձեւով՝ սեռին կամ ժանրին օրէնքն է, իր կարգին՝ հաւատա­քննա­կան կիրար­կու­մին ընդմէջէն, որ կը կանչուի, կ’ըսէ Դերիդա, օրէնքի ատեանին առջեւ ներկա­յա­նա­լու:8

3Ու հոս ալ չի վերջանար այս ամբողջ պատմութիւնը, քանի որ նորէն քանի մը տա­րի ետք, երբ Դերիդայի «Սեռին օրէնքը» եւ հետեւաբար Բլանշոյի «Օր-ցերեկ­ուան խե­լագարու­թիւնը» թարգմանուած են անգլերէնի, մեծ հարցը որ ծագած է. այն էր, թէ ինչ­պէ՞ս պիտի թարգմանուէր récit բառը։ Անգլերէն համապա­տաս­խան չկայ, ու անգլե­րէնը արեւմտա­հա­յերէնին պէս չի թոյլատրէր պատճենահանումով թարգմա­նու­թիւն­ները։ Ուր­եմն ré­cit կը թարգմանուի փորձնական ձեւով, ինչպէս որ հա­մա­գիրը կը թոյլատրէ, երբեմն՝ story, երբեմն՝ narrative, relation, կամ ac­count, վերջինը ըլլալով Դերիդային իսկ թե­լադրածը իր թարգմանիչին՝ Աւիտալ Ռոնէլին։ Ու կրկին քանի մը տարի ետքը, այս ան­գամ 1992ին, երբ գրակա­նու­թեան վերաբերեալ Դերի­դային ան­գլերէն թարգ­ման­ուած յօդուածները հա­տո­րով կը հաւաքուէին Տերեք Ատտրիջին կողմէ, հատորին խմբագիրը ինքզինքին իրաւունք կու տար Աւիտալ Ռո­նէլի թարգ­մա­նութիւնը փոխելու, բոլոր story, nar­rative, relation բառերը ջնջելու, եւ անոնց տեղը որպէս récit բառին անգլերէն հա­մարժէքը récit բառը զետեղելու, ոչ թէ որպէս փո­խա­ռութիւն, այլ խմբա­գի­րին իսկ բացատրութեամբ՝

  • 9 Acts of literature, էջ 226։

Հոս թարգմանիչին կողմէ գործածուած récit բառը պահեցինք լման խոհա­գրութեան երկայնքին, որովհետեւ փաստարկումը կը յենի Բլանշոյի գրութեան մէջ այդ բառին ունեցած իմաստային բազմազանութեան վրայ։ Եւ ինչ որ առաջ­նակարգ կարեւո­րու­թիւն ունի այս գրութեան համար, այն է թէ այդ բազմա­զա­նու­թեան մէջ կայ մէկ կող­մէ՝ ամբողջովին երեւակայական պատումի մը իմաս­տը, եւ միւս կող­մէ՝ իրա­կան եղե­լութիւններու վերաբերեալ զեկոյցի մը իմաստը, եղե­լու­թիւններ որոնց ակա­նա­տե­ս կամ մասնակից եղած է խօսողը։9

4Ուրեմն récit բառը անթարգմանելի էր, ու անոր բազմիմաստութիւնը պահելու հա­մար՝ գործածել պէտք էր բառ մը, récit, որ գոյութիւն չունէր անգլերէնի մէջ։ Եւ աւե­լին՝ բազմիմաստութիւնը «իրական»ի եւ «երեւակայական»ի խառնուրդ մըն էր պար­զապէս։ Բան մը որ ե՛ւ Բլնաշոյի, ե՛ւ Դերիդային գրածին եւ ուզածին հետ կապ չու­նէր։ Եւ քանի որ հատորին խմբագիրը նաեւ իր կամքովը՝ յապաւած էր Դերիդայի յօդուածին առաջին բաժինը ամբողջութեամբ, այսինքն՝ այն բաժինը որ կը վիճէր Ժընէթին հետ, ու կը խնդրա­կանացնէր պատումը որպէս սեռի բնու­թագրում, ընթեր­ցողը միջոցը չունէր հաս­կնալու իրեն հրամցուածը որպէս բացա­տրութիւն։

5Գրիգոր Պըլտեան այս ամբողջը քաջ գիտէ։ Թերեւս ո՛չ՝ անգլիալեզու աշխարհին մէջ պատ­մութեան զարգացումները, բայց մնացեալը՝ անկասկած։ Կը խնդրէ ընթերցողէն որ ան հիմա «Գիշերադարձ» կոչ­ուած շարքին միաւորները յետադարձ ակնարկով մը կարդայ որպէս պատումներ։ Պատումներ, եւ ոչ թէ վէ­պեր, ըսենք։ Այդ որոշումն է, որ կը կարօտի բացատրութեան, եւ կը կրկնեմ՝ մեր կողմէ ենթադրուածը այն է, որ այդ խնդրանքին, այդ որոշումին հետ կապ­­ուած են, խորհրդաւոր կերպով մը, ե՛ւ «Գի­շե­րա­դարձ»ին «դարձ»ը, եւ շարքի 7րդ հա­տո­րին վերնագիրը՝ «Շրջում»ը։ Ու եթէ չենք հա­մոզուած ժանրային բնութագրումի կա­րեւորութեան, ահաւասիկ վէպին մէջ վի­պա­­գիրին՝ Ղեւոնդին բերնով ըսուածը (քիչ ետք պիտի տեսնենք, թէ ո՛վ է այս Ղե­ւոնդը).

Տակաւին վէպ նշումը չեմ դրած տետրակին վրայ, կարեւոր է, շատ կարեւոր, բնո­րո­շումը վճռական կ’ըլլայ իմաստին համար, մէկէն կը բիւրեղանայ,... ինքնա­գի­տակ­ցութեան հեռագոյն կէտը... ինչպէս խորագիր մը երբեմն ամբողջ գիրք մըն է, այնպէս ժանրին նշումը հերքումն է տարտամ մղումներու... (495)

Վէպ եւ վկայութիւն

62010ին, երբ սկսայ գրել լման վիպական շարքին մասին, ունէի քանի մը հաստատ կռուան­ներ։ Թիւ 4ը՝ Պատկերը ներկայացուցած էի, կարծեմ՝ 2003ին, Լոս Անճելեսի մէջ, ու այդտեղ հարցը իրապէս «պատկեր»ն էր, որ քիչ մը ամեն կողմ ներկայ է Պըլ­տեա­նի վէպերուն մէջ, որպէս ատաղձ ու որպէս բնանիւթ, առնուազն մինչեւ հատոր 5ը, եթէ ոչ ատկէ անդին, բայց գիտենք որ ներկայ էր նաեւ «Մենք»ի սերունդի Փա­րի­զեան վէպե­րուն մէջ, բացայայտ կամ ներյայտ կերպով առնչուած Աղէտի անկարելի պատ­կերա­ցու­մին հետ, եւ լեզուական հէնքին հասած աւերին հետ, այն ընդերկրեայ հէն­քին որ մեզմէ առաջ կ’որոշէ մեր հասկացողութիւնը մեր մասին։ Յետոյ շարքի առա­ջին հատորին ֆրանսերէն թարգմանութեան համար վիժած յա­ռա­ջաբան մը գրած էի, ուր այս անգամ՝ գլխաւոր նիւթը բոլոր այս վէպերուն մէջ արեւմտահա­յերէնին յատուկ քերականական գործառոյ­թի մը՝ վաղակատարին շքեղ եւ ապշե­ցու­ցիչ գործածութիւնն էր, մասնաւորաբար շարքին երկրորդ հատորին՝ Հարուածըի էջերուն, բայց իրականու­թեան մէջ՝ ամբողջ շարքի երկայնքին։ Վաղակատարը, ըլ­լա­լով հանդերձ լեզուական ձեւ մը եւ գոր­ծառոյթ մը, միեւնոյն ժամանակ՝ վիպական նշան մըն էր գրառումի մը մէջ որ այն ատեն տակաւին ժանրային անուն չունէր, կա­ռոյցի մը վիպական արձա­նա­գրու­թիւնն էր, ըսենք՝ «վկայագրական կառոյց»ին ներ­կա­յու­թիւնը վէպին մէջ։ Այդ գրա­ռումը չունէր տակաւին ժանրային բնութագրում, որով­հետեւ պարզ ու մեկին՝ յեղափոխութեան մը համազօր էր, այն յարաբերութեան մէջ զոր գրականութիւնը կը մշակէ ինքն իրեն հետ, ըսենք՝ երկու դարէ ի վեր, զոր գրականութիւնը կը մշակէ նաեւ իր սահմանին հետ, իր այլին հետ, որ է՛ վկա­յու­թիւնը կամ վկայագրու­թիւ­նը։ Տար­օրինակ այլութիւն ի դէպ, քանի որ այդ այլը, գրակա­նութեան նկատմամբ դրսու­թեան օրինավիճակ ունենալով հանդերձ՝ պէտք է բնակի լռելեայն գրականութեան իսկ մէջ, սահ­մա­նելու համար զայն իր այլութեամբ։ Յեղա­փոխու­թիւն, ֆրանսերէն révolution, բայց կրնայի նաեւ ըսել՝ «յեղաշրջում»։ Եւ «շրջում» բառն ալ իր կարգին կրնայ այդ révo­lu­tionին անունը ըլլալ, այն գործողու­թեան անունը որ տակն ու վրայ կ’ընէ, նոր շրջան մը կը բանայ, կամ ինքն իր վրայ դառ­նալով՝ կը վերադառնայ նոյն կէտին, նոյն կէտին բայց ոչ թէ նոյն տեղը կամ նոյն ժամանակին մէջ։ Ծնունդ կու տայ ժա­մա­նակին։ Եւ այս ամբողջին մէջ եթէ հեռ­ուէն կը լսենք Նիցչէական յաւիտենական վերա­դարձին մէկ արձագանգը, ան­շուշտ պատահական չէ, քանի որ ան ներկայ է վէպին մէջ, ու վերջին հաշուով՝ այդ դարձն ալ, Նիցչէինը, կրնար ըսուիլ շրջում, կամ շրջադարձ, գերմանե­րէն՝ Wieder­kehr, բայց Արեւմտահայերը Նիցչէ կը կարդային ֆրանսերէնով, ու ֆրան­սերէնի ազդե­ցու­թեամբ է որ «վերադարձ» թարգմանած են այդ բառը, եւ ոչ թէ օրինակ՝ «շրջա­դարձ», յաւիտենական շրջադարձ։ Եւ մինչ այդ՝ գրառումը, շարքին առա­ջին հատոր­ներունը, չունէր ժանրային բնութագրում, որովհետեւ նախա­սահ­ման­ուած սե­ռի մը համաձայն չէ որ տեղի կ’ունենար, սեռի օրէնքէն չէ՛ որ կը ստա­նար պատ­մելու իր պար­տադրան­քը, գրականութեան սահմանները խուզար­կելու ելած էր, եւ բնա­կա­նաբար՝ ուրիշ միջոց չկայ գրականութեան սահմանները խուզարկելու, եթէ ոչ նորէն գրա­կա­նու­թեան ընդմէջէն։ Բան մը չէ որ կարելի ըլլայ ընել դուրսէն։ Ճիշդ Մորիս Բլանշոյին նման, երբ տեսանք քիչ առաջ որ պատու­մին արմատական խնդրա­կա­նացու­մը կը կա­տար­ուէր իր ձեռքով, միմիայն պա­տումի մը ընդ­մէ­ջէն։ Բայց Պըլ­տեանի պա­րա­գային՝ այդ խուզարկութիւնը կը կա­տարուէր իւրայատուկ կերպով, կը կրկնեմ՝ վկա­յութեան հետ սահմանային գիծին վրայ ուղեւոր­ուելով, վկա­յու­թիւնը համար­կելով գրականութեան մէջ։ Համարկե­լով վկայու­թիւ­նը գրականութեան մէջ, կը շրջէր գրա­կանութիւնը, ցոյց կու տար գրականութեան ծածուկ երեսը, վկա­յու­թեան աւանդա­կան եւ օրինաւոր արտաքսումը, սեռի օրէն­քին համաձայն վերստին։ Փշաքաղիչ բան մը ու­նէր այդ շրջու­մը, որ ցոյց կու տար կռնակը, յետնամասը, բանի մը որ այնքան ծա­նօթ է մեզի, որուն սահմանումը գոց գիտենք, օրինաւոր կամ ապ­օրէն՝ գրակա­նութեան։ Ի. դարու վերջաւորութեան, ուրիշ վիպագիրներ ալ, միշտ վկայութեան սահ­ման­­նե­րուն վրայ աշխատելով, նոյնանման ճանապարհներէ անցած են, գրա­կա­նու­թիւնը մինչեւ իր ծայրամասերը բերած են, ընդհանրապէս հրէական Ողջակէզին հետ կապակցութեամբ։ Անոնցմէ մէկն է Զեբալտը, որուն մասին ուրիշ առիթով մը կ’ուզեմ խօսիլ։

  • 10 «Յետոյ, կարծեմ գիտէք թէ Կիպրոսը Ս. Ղազար մը չէ։ Ստիպուած եմ բաւարարուիլ իմ մի­ջոց­ներովս։ Ասկէ՝ վէ (...)

7Չեմ ըսեր որ վկայութիւնը հակերեսն է գրականութեան։ Հակերեսը, որ կը յայտնուի հոս գրողին կողմէ կատարուած շրջումի ապշեցուցիչ աշխատանքով մը, վկայու­թեան ջնջումը եղած է, տեսակ մը փոխադարձ սահմանումով։ Նոյն այդ ջնջումն է, այս ալ ըսեմ, որ դարբնած է պատմագիտութեան գաղափարը որ ունինք այսօր, պատ­մութեան որպէս կրթանք, ի մասնաւորի այն մէկը որ կը տնօրինէ պատ­մական Աղէ­տին արձանա­գրութիւնը գիտակցութիւններուն մէջ որպէս ցե­ղասպանու­թիւն։ Այս մէկը՝ իրապէս փա­կագիծի մէջ ըսուած։ Երբ բանաւոր պա­տումը կը մտնէ էջին մէջ, անշուշտ վկայու­թիւնը կը փոխէ իր բնոյթը։ Կը գու­նա­ւորուի «ֆիկսիոն»ի երանգ­ներով (բառը բազ­մա­թիւ անգամներ գործածուած է Շրջումի երկայնքին, Փա­րիզեան սրճարաններու դար­պասներուն տեղի ունեցող խօսակցութիւններու հաւա­տա­րիմ բայց վիպա­կան վերար­տադրութեամբ)։ Մինչդեռ շրջու­մէն առաջ, ըսենք նորէն՝ դա­սական իմաստով, վկա­յու­թիւն մը չի կրնար «ֆիկսիոն»ի երանգներով գունա­ւոր­ուիլ։ Բայց գրակա­նութիւնն ալ այն ատեն կը փոխէ իր բնոյթը, քանի որ ինքն իր մէջ կը հիւրըն­կալէ վկայութիւնը։ Այդպիսի հիւրընկալում անյղա­նա­լի եւ ամեն պարագայի՝ եր­բե­ւիցէ չգործադրուած բան մըն է Պըլտեանի վէպ-պատում­նե­րէն առաջ։ Ո՛վ որ փորձած է՝ հանդիպած է ան­յաղ­թահարելի խոչընդոտի մը։ Առէք Զա­­պէլ Եսայեանի օրինակը, որ 1915էն ետք՝ անկարող գտնուած է վիպական տող մը իսկ գրելու, որուն մէջ ուն­կնդրելի ըլլար ցե­ղասպանական իրադարձութիւններու վկայու­թիւ­նը, մինչ­դեռ տա­րի­ներով Կովկասի մէջ իր ամբողջ ժամանակը նուի­րած էր վերապ­րող­ներու վկայու­թիւններ դասա­ւո­րելով եւ ֆրանսերէնի թարգ­մանելով։ Առէք Լեւոն Շանթի օրինակը, որ կ’արգիլէր վիպումի եւ վկայութեան խառնուրդը, լսելի դարձնելով նոյն «ժանրի օրէն­­ք»ին յորդորը, պարտադրական շեշտով։ Առէք Արամ Ան­տո­նեանի օրի­նակը, որ Մեծ Ոճի­րը ուզած է պատմութեան մէջ զետեղել, ու այն սեւ օրե­րու դի­ւահար նկարա­գրու­թիւ­նը՝ գրակա­նու­թեան։ Ու վեր­ջապէս առէ՛ք Յակոբ Օշա­կա­նի պարագան, որ 1931ի հար­ցազրոյցին մէջ, նոյն այդ հար­ցազրոյցին ուր կ’ըսէր թէ «պա­տում ալ չէ, այլ ողբեր­գութիւն մը», եւ ուր առաջին անգամ ըլլալով կը խօսէր հանգա­մանօրէն Մնացոր­դացի ծրագրին մասին, կը պատաս­խա­նէր Բե­նիա­մին Թա­շեանի հարցումին՝ «Պատմութի՞ւն, թէ վէպ», ու կ’երե­ւա­կայէր որ վէ­պին վեր­ջին՝ Աղէտի դժոխքին մէջ մտնելու սահմանուած բաժինը գրելու համար, պէտք պիտի ունենար վերա­պ­րողներու վկայութիւնները հա­ւաքող լման գրա­դա­րանի մը, եւ քանի որ չունէր այդ գրադարանը, որուն շնորհիւ կրնար ըլլալ Աղէտին պատ­մաբանը, ստիպ­ուած էր գո­հա­նալու վէպով։10 Ու այսպէսով ինքզինքը կը դատա­պար­տէր չմտնելու բնաւ այդ դժոխքին մէջ։ Բան մը տեղի ու­նե­ցաւ ուրեմն այս վերջին 25 կամ 30 տարիներու ըն­թաց­քին, մեր աչքին առջեւ, բան մը որ հրաւիրեց նաեւ փիլի­սոփաներուն ուշադրու­թիւ­նը, Ագամպէնը իր Ce qui reste d’Auschwitz գիրքով, Դե­րիդան՝ քիչ մը ամեն տեղ իր գործին մէջ, բայց մասնա­ւորաբար Բլան­շոյին եւ Չելա­նին նուիրուած իր փոր­ձագրու­թիւն­ներուն մէջ, բան մը որ անհրա­ժեշտ դարձուց ամ­բող­ջովին նորոգ­ուած անդրա­դարձ մը վկայագրութեան օրի­նա­վիճակին շուրջ, եւ միեւնոյն ժամանակ որպէս հետեւանք՝ նաեւ Դէպքի բնոյ­թին, բան մը որ պարտա­դրա­բար պիտի հասցնէր գրականութեան շրջու­մին, պիտի շրջէր գրականութիւնը։

Վկայագրականացում եւ ինքնակենսագրութիւն

  • 11 Զարթնումի այս զոյգ տեսարանին մասին Յակոբ Օշականի մօտ, տե՛ս իմ «Աղբիւրի ակին` վրէպը վէպին մէջ», Օշա (...)
  • 12 Տե՛ս Marc Nichanian, Le Sujet de l’histoire, Lignes, 2015։ Տե՛ս նաեւ «Պատկեր, պատում, պատմութիւն» (...)

8Բայց գալէ առաջ Պըլտեանի նոր բանաձեւումներուն եւ նոր մօտեցումին, այդ յա­ւի­տե­նական վերադարձին, շրջադարձին, շրջումին, գիշերադարձին, յեղաշրջու­մին դէմ յան­դիման, բառ մը եւս պէտք է ըսել Պըլտեանի վէպերուն մէջ ինքնա­կեն­սագրութեան զան­գուածային ներկայութեան մասին։ Որովհետեւ կայ անշուշտ ծածուկ, խոտոր ինքնա­կեն­սագրական ծրագիր մը, աւելի ճիշդ ըլլար ըսել թերեւս՝ արդիւնք մը, հե­տե­ւանք մը։ Ինք­նակենսագրական ներկայութիւնը հեղինակի մը քմա­հաճոյքէն չի բխիր ի հարկէ։ Պարզ ըսենք, կամ փորձենք. վկաները պէտք ունին վկայի մը, ոչ թէ որպէս ճշմար­տու­թեան երաշ­խիք, այլ պարզապէս որպէսզի արձանա­գրէ ան իրենց պատ­մած­նե­րը թուղթի կամ ժապաւէնի վրայ, երաշխաւորէ արձանագրուածին հաւատար­մութիւնը, սահմա­նա­գծէ ոճիրին տե­սարանը, ու փոխա­դար­ձաբար՝ որ­պէսզի անոնք՝ վկա­ները, հաս­տա­տ­ուին որպէս վկայ, իրենց վկայի ինք­նու­թեամբ։ Այս յաւե­լեալ վկան գիտութեան երաշ­խաւորն է։ Կրնայ հա­մալսարանի փրո­ֆեսէօր ըլլալ, կրնայ ըլլալ հոգեվեր­լու­ծող, պատ­մագէտ, ազգագիր-ազգագրագէտ, երկար է ցանկը ԺԹ. դարէն ի վեր մարդ­կային գի­տու­թիւն­նե­րուն կողմէ վկայութիւն քաղելու եւ վկան որպէս վկայ հաստա­տե­լու ձեւե­րը։ Պիտի ըսուի թէ հոս՝ մարդ­կային գիտու­թիւն­նե­րու տրա­մաս­ութեան սահ­մաններուն մէջ չենք գտնուիր։ Ո՛չ, բայց նոյն յաւելեալ վկան է, նոյն երաշ­խաւորն է, որ բեմ կը բարձրանայ։ Բեմ կը բարձրանայ վէպի մը մէջ։ Կը բացայայտէ կա­տարուածը երբ վկա­յու­թիւն կը քաղենք, որեւէ վկայութիւն ոճիրի բեմին վրայ, կը բացայայտէ վկային կազմուիլը որպէս վկայ։ Ու պարտադրաբար կը գտնուինք ոճիրի մը բեմին վրայ, երբ վկա­յու­թիւն կը քաղենք։ Բայց այս յաւելեալ վկան ինչպէ՞ս պի­տի ըսէ, ինչպէ՞ս պիտի պատմէ իր դերը որպէս վկաներու վկան, որպէս վի­պումին երաշ­խաւորը։ Ինչպէ՞ս պի­տի պատմէ իր հե­տախուզութիւնը։ Ինչ­պէ՞ս պիտի նկա­րա­գրէ հետախուզութեան տե­սա­րանը, եթէ ինքը այդ տեսարանին մասնակիցն է, մինչեւ իսկ՝ գլխաւոր դերակատարը։ Որպէս դե­րա­կատար՝ պէտք ունի երրորդ մակարդակի վկայի մը, որ իր որոնում­ները արձանագրէ։ Կամ պէտք է ինքը ար­ձանագրէ, ինքն իր ձեռ­քո­վը։ Ունինք այսպէս ուրեմն երկու տեսա­րաններ, նոյնքան արժանի նկարա­գրուե­լու, ոճիրին տեսարանը եւ հե­տա­խուզութեան տե­սա­րանը։ Եւ ունինք եռամա­կար­դակ վկա­յութիւն մը։ Կրկնակի տե­սա­րանին հեռաւոր նախզգա­ցումը ու­նեցած էր Յա­կոբ Օշական, ասկէ ութսուն տարի առաջ, երբ կը գրէր Մոխիր­նոցի դրուագը, Մնա­ցոր­դացի մէջ:11 Ուրեմն այս նոր վկան, երրորդ մակարդակի վկան, յաւելեալ վկային վկան, գեր-յաւիլեալ վկան, այն մէ­կը որ պիտի ար­ձա­նագրէ քննիչին, ազգագիրին, հոգեվերլուծողին խու­զարկու­թիւն­ները, հարցու­փոր­ձերը, ո՞վ պիտի ըլլայ, ի՞նքն իսկ, թէ՞ ուրիշ մէկը։ Եթէ ուրիշ մէկն է, պիտի արձանագրէ, պիտի գրէ, անշուշտ վա­ղակատարով, քանի որ իր արարք­ները չեն, եւ ինքը ո՛չ մէկ մի­ջոց ունի իրեն պատ­մուածը ստուգելու։ Ահա­ւա­սիկ նաեւ երկու պար­տադրանք։ Մէկը վկայու­թիւն­նե­րը յի­շո­­ղու­թեամբ հաւաքողին, հոգի­ներու քննիչին, վի­պումի երաշխաւորին վերաբերող պար­տադրանքն է։ Ինքն իր մա­սին, իր խու­­զար­կու­թեան կամ հե­տա­խու­զու­թեան մա­սին խօսելու պարտադրանքն է, որպէս ոստի­կա­նական արկածախն­դրու­թիւն։ Ինքնա­կենսա­գրու­թեան ստիպողութիւն մը կայ այստեղ, որ ան­կախ է անշուշտ հեղի­նա­կի մը քմահաճոյքէն կամ նախասիրութիւննե­րէն։ Երկրորդ պարտադրանքը՝ վաղակա­տա­րը գործածելու պարտադրանքն է։ Արեւ­մտահայերէնի բախտն էր այդ լեզուական գոր­ծառոյթին ներկայութիւնը լեզ­ուին մէջ, որ այսքան ժա­մանակէ ի վեր՝ համ­բե­րութեամբ կը սպասէր որ գայ իր գրա­կան գործա­ծութեան ժամանակը, բացա­յայ­տումի ժամանակը նաեւ։ Այս ամբողջը բա­ցա­տրած եմ նոր ֆրանսերէն գիրքիս՝ Le Sujet de l’histoireի վերջին գլուխին մէջ, որ կը կոչուի «Testament: La structure du témoi­gnage»:12 Անշուշտ վերջաւորու­թեան եր­կու տեսարանները՝ ոճի­րին տեսա­րանը եւ խու­զարկութեան տեսարանը կը զու­գա­դի­պին։ Հարուածը կը վերա­դառ­նայ տուն։ Ահա­ւա­սիկ շրջադարձ մը եւս։ Պըլ­տեանի շարքին երկրորդ միաւորին նիւթն է ինչ որ բացատ­րեցի հիմա, նիւթը այդ հան­ճարեղ վէպին, որ կը կոչուի Հարուա­ծը։ Հին Յոյ­ները իրենց առասպելաբանու­թեամբ եւ իրենց ողբերգական թատրոնով արդէն իսկ երեւակայած էին հարուածին տուն դար­ձը, այդ շրջումը եւ շրջադարձը, երբ երկու տեսարանները վերջաւորու­թեան կը դառ­նան մէկ, երե­ւակայած էին իրենց Ե­դի­պո­սով, որ գիտենք՝ կը հե­տա­խուզէ, ինքն է ոս­տիկա­նա­պետը, կ’ուզէ ոճրագործը գտնել, իր ամբողջ ճակատա­գիրը, իր ամբողջ էու­թիւնը կը նոյնացնէ այդ հետա­խու­զու­թեան հետ, բոլոր կարելի ու անկարելի վկաները կը հարցաքննէ, կը խօսեցնէ, վկայու­թիւն­ները կ’արձանագրէ, թղթածրարներ կը դիզէ, վերջաւորութեան անդրա­դառնալով որ հետախուզութիւնը կը հասնի իրեն, իր ան­ձին։ Բայց Յոյները կը հա­ւա­տային ճշմար­տութեան, կ’են­թա­դրեմ։ Չէին երեւակայած վկայագրութեան կառոյցը, պատու­մին եռամակարդակ շերտաւո­րու­մը։ Պէտք չու­նէ­ին հետեւաբար ո՛չ գեր-յաւելեալ վկայի մը, պատմութիւնը արձա­նա­գրող քարտուղարի մը, ո՛չ ալ վաղակա­տա­րի, որպէս­զի իրենց Եդի­պո­սը իր կեանքը պատմէր եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցէր։ Չէին երեւա­կա­յած հոգիին ոստի­կա­նը եւ իր քարտուղարը, դէմ դիմաց նստած, պէտք չունէին մտա­ծելու առաջին դէմքով պատ­մուած եւ երրորդ դէմքով ու վաղա­կա­տա­րով արձա­նա­գրուած ինքնա­կեն­սա­գրու­թեան մասին։ Վերջաւորութեան, ո՛չ միայն եր­կու տե­­սա­րան­ները կը միանան ու կը զուգադիպին, ո՛չ միայն հարուածը կը վե­րադառնայ տուն, ո՛չ միայն շրջումը կը կա­տարուի, այլ Եդիպոսը կը զուգա­դի­պի ինքն իրեն հետ, ըլ­լալով ինքն իր վկան, ջնջե­լով քարտուղարը, այսինքն նաեւ ջնջե­լով վաղակա­տա­րով պատմուած ինք­նա­կեն­սա­գրու­թիւնը։ Այդ ջնջումով՝ կը դառնայ ինքն իր վկան, ինքն իր ոճի­րին ժառան­գորդը։

9Գրիգոր Պըլտեանի վէպերը այսպէս կը վերայցելեն առասպելը եւ ողբերգութիւնը, կը վերստեղծեն պատում կոչուածը, իր բոլոր մակարդակներով, ու կ’ընեն այդ՝ վկայա­գրու­թեան կառոյցին համաձայն, օգտուելով վաղակատարի հրամցու­ցած բախ­տա­ւո­րու­թենէն։ Բայց դատապարտուած են ինքնակենսագրութեամբ աշխատաելու։ Ինք­նա­կենսագրութիւնը վտանգաւոր խաղ մըն է անշուշտ։ Շար­քին առաջին հինգ վէ­պե­րուն մէջ կատարելապէս ներգրաւուած է գրականու­թիւ­նը շրջող գործողութեան եւ վկա­յու­թեան ներթափանցումին մէջ։ Հրամցուած է փրուստեան սխեմային հետե­ւե­լով, ինչ որ կրկին անխուսափելի էր, սխեմա մը որ պէտք ունի տասնեակ հատոր­նե­րու զար­գա­ցնե­լու համար հարցումը (եւ երկ­րոր­դաբար հարցումին պատասխանը)։ Ո՞ր հար­ցումը, ո՞ր հարցումին պատաս­խա­նը։ «Ինչպէ՞ս դարձայ (վկայա)գրող»։ Բայց երբ վկայա­գրու­թեան, կամ վկայութեան, հետ դիմառդիմութեան բոլոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ները սպա­ռած են, այն ատեն կը մնայ միայն այդ հարցումը, Եդիպոսի ինքնա­կեն­սա­գրական հար­ցումը` «Ինչպէ՞ս դար­ձայ (վկայա)գրող», «Ինչ­պէ՞ս կրցայ պատումը փրկել վկա­յա­գրականացումի նախաձեռնութեամբս»։ Այո, պա­տումը փրկել, բնական է, ո՛չ թէ վէպը։ Եւ ուրեմն կը մնայ միայն այդ ինչ­պէ՞­սը, ինքնա­կեն­սագրական ոճով դրուած։ Շրջումը կատարուած է, պատումը փրկուած է։ Այս­տեղ կայ դժուարութիւն մը, որ չէ խուսափած Պըլտեանի ուշա­դրութենէն։

Քարտուղարին ինքնակենսագրութիւնը

  • 13 Տե՛ս Րաֆֆի Աճէմեանին հետ հարցազրոյցը, «Հարցազրոյց Գրիգոր Պըլտեանի հետ», «Հորիզոն» թերթի Գրա­կան Յա (...)

10Ինքնակենսագրութեան այս դժուարութիւնը ծանօթ էր հեղինակին, ինքը գիտա­կից էր այդ դժուարութեան սկիզբէն ի վեր։ Այսպէս վէպերուն վերաբերող իր առաջին հար­ցազրոյցներէն մէկուն մէջ, Րաֆֆի Աճէմեանին հետ կատարուած ու «Հորիզոն»ի մէջ լոյս տեսած, կ’ըսէր հետեւեալը. «Պատ­­մա­սանը՝ պատ­մութիւնը պատ­մող հեղի­նա­կը չէ, նոյնիսկ եթէ նմանու­թիւն­ներ կան երկուքին միջեւ, նոյնիսկ եթէ չարութեամբ այդ նմա­նու­թիւններուն թիւը աւելցնեմ…»։ Ու քիչ մը ան­դին նորէն նոյն հարցին վերա­դառ­նալով՝ «Արուես­տի ամեն գործ ատաղձ մը ունի [...]։ Միայն թէ ասիկա պէտք է տե­ղա­դրուի մարդկային աւելի լայն հորիզոնի մը վրայ, հեռա­նկար ունենայ, փորձա­ռու­թիւն մը, մտքի, մարմնի արկածա­խն­դրու­թիւն մը, տեսակ մը երկ­րորդ վայր մը, յետ­նաշ­խարհ մը որ կը ղեկա­վա­րէ եր­կը։ Որով յու­շագրական կամ կենսագրական [...] տարրերը գրա­կան հարցա­դրու­թեան մը մէջ կը մտնեն»:13 Պըլտեան կը վերադառնայ ինքնա­կեն­սա­գրութեան հարցին Շրջումի վերջին էջերուն, այս անգամ ուրեմն վիպա­կան համա­գիրի մէջ եւ ո՛չ թէ հարցազրոյցի մը, բայց վէպին մէջ մտցնելով հարցա­զրոյցին շեշտը եւ շեշտա­ւո­րումը, խօսեցնելով վէպին մէջ վիպագիրի կերպարը, Ղե­ւոնդը։ Այդ տո­ղերը մէջ­բե­րելէ առաջ, հարկ է ըսել որ Ղեւոնդ, կենսագրական ու ինք­նակենսագրական տուեալներու վիպական անդրփոխանցումի օրէնքներուն համա­ձայն, ինչպէս նոյն կենսագրական տարրերու չարութեամբ թիւը աւելցնելու թելա­դրանքին հետեւանքով, Զա­րեհ Որբունիի ընդհանուր դիմագիծերը կրող կերպար մըն է, կը պատկանի «Մենք»ի սերունդին, իր ժամանակակից հայ գրողները կը քննադատէ շատ դի­պուկ եւ շատ ճար­տար կերպով, նաեւ գրելու դժուարութիւն ունի, վիպա­գիր է բայց գիրք չի հրատա­րա­կեր, կամ շատ քիչ հրատարակած է, պատերազմի ընթացքին Գեր­մա­նիա գերի մնացած է, շարահիւսութիւնը սայթաքուն է ու հայե­րէնը տեղ տեղ կը կա­ղայ, իբր թէ ուղեղային խան­գարումի մը պատճառով։ Բայց եւ այնպէս իրա­կան կեանքի մէջ մեր ճանչցած Որ­բունին չէ։ Նոյնպէս՝ վէպին մէջ երեւցող Սառան իրական կեանքի Սառահ Քոֆմանը չէ, այդ ֆրանսացի փիլիս­ոփան, որ Նիցչէի մասնագէտ էր, Նիցչէի եւ փոխաբերութեան մա­սին կարեւոր գիրք մը գրած է, 1995ին անձնասպան եղած է։ Ու նկարիչ Ատոմը Ասա­տու­րը չէ (ի դէպ՝ շատ գեղեցիկ գլուխ մը նուիրուած է Ատոմին, նկար­չու­թեան, եւ ար­ուեստի ու կեանքի միջեւ յարաբե­րու­­թիւն­ներուն, վէպին 11րդ գլուխը)։ Եւ ուրեմն ահաւասիկ Ղեւոնդին ըսածը, վի­պական քերթողա­գիտութեան մեծ, գրեթէ ճառային, յայտա­րա­րու­­թեան մը ընթացքին.

Ուրիշներ տարուեցան հայեցողութեամբ, ֆիկիւրներով, միստիքով, թիպեթով, Յի­սուսի կեանքերով, սերունդի պատկերով, համապատկերով, գրելու խելա­գարու­թեամբ, ինչե՜ր, ինչե՜ր, նօ, ես ընտրեցի դրուագները, իմ կեանքիս ապրած ու չապ­րած անցու­ցարձերը՝ քով քովի, այնպէս մը որ իմս չըլլան ու չեն, արդէն մեր կեան­քին մէջ այն­քա՜ն շատ բան կայ չգրուած որ կը բաւէ ափ-ափ առնել, առանց լոժիքի, անոնց կարգը բնաւ կարեւոր չէ, ուզածիդ պէս փոխէ տեղերը, կանոնը ներքին կրա­կին մէջն է, հե­րոսս կ’անցնի պահերուն մէջէն ինչպէս լաբիւրինթոսի մը, հաշուէ՛ որ մէյ մը հոս է, սկիզբը, մէյ մը հոն՝ վերջը, նոյն ատեն ամենուրեք, ի՞նչ կարեւոր է ժա­մանակա­գրա­կան կարգը։ (504-505)

11Այս քանի մը տողերուն մէջ կ’անդրադառնանք անցողակի որ խօսքը Նշան Պէշիկ­թաշ­­լեա­նին մասին է, քրիստոնէական սկզբնական շրջաններէն քաղուած իր վէպե­րով, Շա­հան Շահնուրի մասին է, իր սերունդին պատկերազարդ պատմու­թիւնը գրե­լու ծրա­գի­րով, Յակոբ Օշականի մասին է, իր արեւմտահայ գրակա­նու­թեան համա­պատկերով, Շուշանեանի մասին է, իր գրոց-բրոցի մենագար արտա­դրութեամբ, եւ ուրիշ բաներու մասին որոնց յղումները անծանօթ են ինծի ըստ երեւոյթին, ամբողջը խօսակցական եւ քիչ մըն ալ անկապ լեզուով մը ներկայա­ցուած, կարծես հոս վիպա­գիրը ի՛նքը ուզեր է տալ պատկերազարդ հանդէս մը իր ժամանակակիցներուն, կամ երեսունական թուա­կաններու սերունդին, Փարի­զեան բեմին վրայ։ Բայց եւ այնպէս վիպական գրառումի գաղափար մըն է հրամ­ցուածը, որ Որբունիինը չէր անկասկած, ըսենք՝ իրական Որբու­նիինը, բայց որուն մէջ կը կարդանք ինքնակենսագրութեան նկատմամբ անհանգս­տու­թիւն մը, ինքնակենսագրութիւնը տեղաւորելու եւ միաժա­մանակ չէզոքացնելու ջանա­սիրութիւն մը, ի հարկէ՝ վիպական կերպարի մը վերա­գրուած։ Հերոսը կ’անցնի ինքնա­կենսագրական պահերու ընդմէջէն ինչպէս լաբիւ­րինթոսի մը, ու այդ պահերը քով քովի պիտի դրուին այնպէս մը որ «իմս չըլլան ու չեն», որ կը յիշեցնէ Պըլ­տեանի1999ի հար­ցազրոյցին բանաձեւումները։ Du bist mein Labyrinth, կ’ըսէր Սա­ռան ինքնակեն­սա­գրութեան փոխանորդ կերպարին, վէպին մէջ ի հարկէ, իրական կեանքի նից­չէ­ական փո­խա­բե­րութենէն փոխ առնուած ուղերձով մը, որ քանի մը ան­գամ կը վե­րա­դառ­նայ վէ­պին մէջ։ Այո, դուն իմ լաբիւ­րինթոսս ես, ու ես ալ կը քալեմ քու վի­պա­կան կեան­քիդ լաբիւրինթոսին մէջ, կերպարի մը վերած­ուած արդէն իսկ, իրական կեան­քին մէջ իսկ, կարծես իրական կեանքը ըլլար վէպին փոխաբերութիւնը, կամ հակա­ռա­կը։ Նորէն Ղեւոնդի բերնէն, նկարչութեան շուրջ զարգացումները յի­շե­ցնող բանաձեւումով մը. «Դրուագները նշաններ են, մտա­ծումի հետքեր, ատոնց ետեւը կը պահուըտիմ,... ոչինչը շրջափակել չորս կողմէն, սեղ­մել, նեղցնել միջոցը, որպէսզի փայլատակէ մէկէն...» : (507) Իրական կեանքը փոխա­բերութիւն մը չէ՞, այդ է որ կը հարցնէ վէպը ինքն իրեն, ու հարցումը կը կրկնէ զա­նա­զան ձեւերով։ Ուրեմն զայն կը փոխաբերականացնեմ, կը լաբիւրինթոսացնեմ, ես իմ վէպիս մէկ կերպարն եմ։ Ուրիշ ձեւով ըսուած՝ իմ կեանքիս իրա­դար­ձու­թիւն­ները, իմ կեան­քիս մէջ երեւցած անձերը, հռչակ վայելողները կամ շու­քին մէջ մնա­ցածները, ար­ուես­տագէտները կամ պարզ մահկանացուները, կը գործածեմ որպէս հում նիւթ, այն­պէս մը կ’ընեմ որ իմս չըլլան այլեւս, կը կտրեմ Արիատնայի դեր­ձա­նը, կը յանձ­նեմ իմ փոխաբերական փոխա­նոր­դիս։ Երբ վկայագրականացումը վեր­ջացած է, երբ պատու­մը փրկուած է, կը մնայ միայն այսպէս ինքնակենսագրութեան փո­խաբե­րա­­կանա­ցու­մ­ը։

12Այս հաշուով արդեօք այդ դրուագները, այդ կերպարները, իրական կեանքի այդ կո­տո­­րակները վէպին մէջ կողք կողքի՞ դրուած են, առանց լոժիքի՞։ Անշուշտ ո՛չ։ Բայց այդ մէկը ուրիշ հարց մըն է, պիտի գայ ետքը։ Մինչ այդ՝ Ղեւոնդը իր վիպա­կան հե­րո­սը պտտցուցած կ’ըլլայ աշխարհի երեսին, Ռաս-իւ-Այինէն Ռաքքա, Ռաք­քայէն Աթէնք, յետոյ վերադարձ Փարիզ, ուր կ’ըսուի թէ կարելի է ապրիլ ինք­զինք ըլլա­լու եւ ոչինչ ըլլալու սահմանին վրայ, խորքին մէջ՝ առանց որեւէ պատ­կանելիու­թեան, աշ­խատելով միայն վի­պականացման հաշուոյն, ու նորէն նայե­ցէ՛ք՝ ինք­նա­կենսա­գրու­թիւնն է խնդրոյ առարկան, Ղեւոնդին մտասեւեռումն է.

Բայց ինք ես չեմ, ինք ուրիշ մէկն է, եսով արտայայտուի իսկ՝ ինքնակենսա­գրութիւն պիտի չընէ, օրագիր պիտի չբռնէ, ատոնք դիւրին լու­ծում­ներ են վիպա­սանին համար, որ հին ժամանակագիրներուն պէս կը տարուի մատ­ներուն փաթթուող ժամանա­կով, մանաւանդ որ ընթերցողն ալ այդ եսը կը նոյ­նացնէ հեղինակին եւ կ’ունենայ խաբ­կանքը որ մտաւ անոր մորթին ու մտերմութեան մէջ։ (505)

  • 14 Այս մասին ընթերցողը կը յղեմ ֆրանսերէն լոյս տեսած «Le Candidat de Zareh Vorpouni: Le té­moignage, l (...)

13Այո, բայց երբ գիտենք թէ ինքնակենսագրութիւնը որքա՛ն մաս կը կազմէր ընդհա­նուր դաշտանկարին, երբ հարցը վկայութեան հետ դիմառդիմութիւնն էր, ու հետե­ւաբար՝ պատումին վկայագրական փրկութիւնն էր, կարելի է միշտ խորհիլ որ անձ­նա­կան կեան­քի պահերը փոխաբերելու, լաբիւրինթոսացնելու արարքը միակ ձեւն էր ինք­նա­կեն­սա­գրու­թեան հետ հաշուի նստելու։ Ու նոյն էջին վրայ, ինքնակենսագրու­թեան շուրջ մտորումներու շարքին մէջ, կամ անոնցմէ անմիջապէս ետքը, ինքնամա­հա­գրու­թիւն մըն է յանկարծ որ մուտք կը գործէ։ Ինքնակենսագրութեան գլխաւոր հարցն է, որ երեւան կու գայ այստեղ։ Ո՞ր հարցը։ Ինչպէ՞ս ժառանգել մահը։ Որ վէ­պին մէջ կը թարգմանուի «ինչպէ՞ս չփա­կել պատումը» հարցումով։ Վերը ըսի՝ Յոյ­ները կը հաւա­տային ճշմարտութեան, չէին հնարած կամ չէին երեւակայած պատու­մին եռամակա­րդակ վկայագրա­կա­նացումը, վաղակատարի գործածութեամբ։ Ինքը (բայց ո՞վ ինքը, Ղեւո՞նդը, պատ­մասա՞նը, հեղինա՞կը) ճշմարտութեան հա­ւատալը կը հաւասարցնէ «հաս­տատել»ուն։ Ու ինքը՝ վաղակատարային վիպագիրը, «ո՛չ աքս­րա­կան, ո՛չ գաղ­թա­կան, ո՛չ երազ, ո՛չ կարօտ, ո՛չ հորիզոն, ո՛չ վերադարձ, թերեւս ... միակ հետե­ւորդ(ն է) ժխտական սկզբունքին»: ( 505) Le seul disciple du principe de négati­vité։ Կրնայ նշանակել՝ միակ հետեւորդը հեգելեան ժխտակա­նու­թեան, որ ինչպէս գիտենք՝ ոգիի կեանքին աղբիւրն է, բայց խորքին մէջ՝ ըսուածը շատ աւելի ծանրակշիռ, շատ աւելի խորհրդաւոր բան մըն է։ Վէպի վերջաւորութեան, հոն ուր մա­հը կու գայ այցե­լու­թեան, յանձինս ամենամօտիկ բարեկամին, ինքը՝ ժխտա­կան սկզբունքին հետեւորդը, կը նկա­տէ ինքզինք (կամ իր մասին կ’ըսուի թէ կը նկատէ ինքզինք) որպէս վերապրող, «նկուն վերապրողն էր այլեւս քայ­քա­յումին որուն աղէ­տը պարտի ընդմիշտ ստանձ­նել» : (503) Եւ ուրեմն մահա­գրու­թեան վերաբերեալ հարցումն է, որ յանկարծ յառաջաբեմ կու գայ ինքնա­կեն­սա­գրու­թեան նուիրուած այս էջերուն մէջ։ Ամենէն տարօրինակը այն է, որ Ղեւոնդը եւ փոխա­նոր­դը, դէմ դի­մաց նստած, կամ հեռաձայնային խօսակ­ցութխամբ մը, կը մտորեն մե­ռեալի կեր­պա­րին շուրջ, մեռեալին որպէս ինքնակեն­սա­գրական որո­շիչ պահի մը բնակիչը եւ միա­ժա­մանակ որպէս վիպական կերպար։ Ո՞ւր դնել մե­ռեալը, ինչպէ՞ս վերջացնել վէպ մը։ «Հարց կու տայ թէ ո՞ւր պիտի հասցնէ կեր­պա­րը կամ ըսենք անոր անունը...», ուր այլեւս անկարելի է գիտնալը թէ որո՞ւն մա­սին է խօսքը, Ղեւոնդի՞ն, պատմասա­նի՞ն, հեղինակի՞ն, հոգիներու ոստիկա­նի՞ն թէ անոր քար­տուղարի՛ն։ Լա­բիւ­րին­թոսա­ցուած ինքնակենսագրութեան ոլորտին մէջ կը բերուի այսպէս պա­տու­մին եռամակարդակ գործողութիւնը, հե­տախուզու­թեան մասին անվերջ մենա­խօ­սու­թիւնը եւ այդ մենա­խօսութեան ենթարկուած եւ զայն արձանագրելու պար­տա­ւոր­ուած քար­տուղա­րին գործը։ Դէմ դի­մաց են, հեռաձայնային կապին ծայրամա­սերն են, մէկը կը խօ­սի, միւսը ստիպ­ուած է արձանագրելու, վաղակատարա­յին կառոյցն է որ կը վե­րա­դառ­նայ բայց հիմա կը մերժուի, որովհետեւ վկայագրակա­նա­ցումի գոր­ծո­ղու­թեան մէջ չենք, այլ՝ լաբիւրինթոսացուած ինքնակենսագրութեան. «մենա­խօ­սողի մը դիմաց արձա­նագրողի դեր պիտի չստանձնէր» : (508) Շփոթու­թիւնը հոս կա­տա­րեալ է, որով­հետեւ ի միջի այլոց Որբունիական բնանիւթ մըն է, Թեկ­նածուն վէ­պին մէջ ընդ­երկար զարգացուած,14 որ մուտք կը գործէ Շրջում կոչուած վէ­պին մէջ, տար­օրինակ միջգրութենականութեամբ մը, մահուան ժառանգութեան բնանիւթը, բայց ինք­նա­կեն­­սա­գրութեան ոլորտին մէջ։ Շփոթութիւնը կատարեալ է, որովհետեւ հոգիներու ոս­տի­կանը եւ իր քարտուղարը դիրք կը փոխեն, կը փոխանակեն, ինչպէս դիրք կը փո­խեն ու կը փոխա­նա­կեն «նկուն վերապրողն եմ» ըսող ինքնակենսա­գրու­թեան որո­գայ­թին մէջ բան­տարկուած փոխանորդը եւ իր դիմացը՝ մենախօսողը, որ կը խօսի որպէս մեռած, որ­պէս մեռեալ, «միակն եմ որ կրնայ ըսել թէ ինչպէ՞ս գացի միւս կողմ եւ ինչպէ՞ս վե­րադար­ձայ, ես կրնամ ըսել անասելի խօսք մը՝ ինչպէ՞ս մե­ռայ»: (509) Ու ահա­ւա­սիկ ուր­եմն շրջում մը եւս, ո՛չ թէ շրջադարձ այս անգամ, այլ՝ վերադարձ։ Ու անգամ մը եւս՝ քար­տուղար մը պէտք է, արձանագրելու համար մահէն շրջանցող բարեկամին խօս­քերը։ Ինքնակենսագրութեան մակարդակին (այս­ինքն, կը կրկնեմ, ո՛չ թէ վկայա­գրա­կանա­ցու­մի մակարդակին), արձա­նա­գրո­ղը այս­տեղ, այս­ինքն՝ արձա­նագրողի պաշտօնը մերժողը նաեւ, վկային քարտու­ղարն է, վկային վկան, եր­րորդ մակարդակի, ո՛չ թէ ոճիրի այլ՝ հետա­խուզութեան բե­մին վրայ գտնուող վկային վկան։ Խնդի­րը այն է, որ չկա՛յ այլեւս ոճիրի տեսարան։ Մեծ հար­ցումը, Շրջում վէպի՛ն մեծ հար­ցումը, այս է եղեր ուրեմն. ինչի՞ կը վե­րա­ծուին հե­տա­խուզութիւնը եւ հետախուզու­թեան բեմը, երբ ոճիր չկայ մէջ­տե­ղը, երբ բեմին վրայ են դէմ դիմաց՝ քննողը եւ քար­տուղարը միայն, որոնք երկուքն ալ փոխն ի փոխ՝ վերապ­րումի եւ վեր­ապրողի դերին մէջ կը մտնեն ստի­պողաբար։ Կամ ուրիշ ձեւով ըսուած. ինչի՞ կը վե­ր­ածուի ինքնա­կեն­սա­գրու­թիւնը երբ չկայ ոճիրին վկա­յութիւնը եւ վկայա­գրականա­ցու­մը, երբ պա­տումին փրկու­թիւնը վերջացած է, կա­տար­ուած է, ու ստիպ­ուած ենք միայն յետա­դարձ ակնարկով մը, գիշերային շրջա­դար­ձով մը, ան­դրադառնալու կատար­ուածին եւ սահմանելու մեր դերը, ատկէ առաջ եւ ատկէ վերջ։ Նոյն հար­ցումն է։ Ժխտական սկզբունքի հետեւորդին հարցումն է։ Հե­ղինակը զայն կը կրկնէ հազար ձեւե­րով։ Հեղի­նակը, այո, կամ իրմէ առաջ ինչո՞ւ չէ՝ իր փոխա­նոր­դը վէպին մէջ։

2

Վերադարձներ

14Կը հասնիմ ուրեմն բուն վէպին, կարծես թէ մինչեւ հիմա վէպի լուսանցքին վրայ մնացած ըլլայի։ Ըսի որ ինքնակենսագրական դրուագները, հեղինակին կամ իր փո­խա­նորդի կեանքին կոտորակները առանց լոժիքի չէին դրուած էջերու եր­կայն­քին։ Կը հպատակին ընդհակառակը ճշգրիտ օրինաւորութեան մը, որ մեր աչքին առջեւ ծա­ւա­լող վէպին առարկան իսկ է, ըսենք՝ բացայայտ առարկան։ Տարին՝ 1968, քիչ մը առաջ, քիչ մը ետքը։ Մայիսեան յեղափոխութենէն առաջ եւ վերջ։ Փարիզի պատե­րուն վրայ գրուած պատգամները տեղ տեղ կ’երեւին վէպին մէջ։ Յեղափոխութիւնը պիտի դառ­նայ յեղաշրջում։ Քիչ ետքը նորէն պիտի կար­դանք, իր համագիրին մէջ պիտի կարդանք յեղափոխութեան վերաբերեալ ամե­նէն յստակ ու յայտնի տողերը, երկ­րորդ գլուխին մէջ. «Յեղափոխութիւնը բացեր էր աչքերը, արթնցեր էր կարծես դա­րա­ւոր քունէ մը...» : (46) Մինչ այդ՝ փոխանորդ կերպարը, որուն մասին կը խօս­ուի միշտ երրորդ դէմ­քով (ու գիտենք որ երրորդ դէմքը կենթադրէ միշտ առաջին դէմք, կամ պիտի են­թադրէր եթէ տակաւին գտնուէինք վկայագրականացման գործո­ղութեան մէջ), Փարիզ եկեր է ապրելու, փիլիսոփայութեան ուսանող է, կը պառկի իր ուսուց­չուհիին հետ, որ համալսարանի փրոֆեսոր է, կը պառկի նաեւ երգչուհիի մը հետ, որուն անունն է՝ Տոմինիք, կ’են­թադրեմ ո՛չ միաժամանակ, ու ֆրանսահայ աղջկան մը՝ Մա­րիային հետ, ինչ որ առիթը կ’ընծայէ ներսէն նկարագրելու ֆրանսահայ քանի մը շրջանակներ, ի մի­ջի այլոց՝ ընտանեկան։ Վէպին կեդրոնը զետեղուած է վերա­դարձ մը, առաջին վե­րա­դարձ մը։ Փոխանորդ կերպարը կ’որոշէ Պէյրութ վերա­դառ­նալ։ Չի գիտեր՝ վերջնական հաս­տատուելո՞ւ համար, թէ՞ միայն ժամանակաւոր։ Բայց այդ առա­ջին վերադարձով, որ տակաւին շրջադարձ չէ ու գիշերադարձ չէ, բո­լորակի մը կէսը ընդգրկած է արդէն իսկ, կտրած անցած է, շրջած է։ Արդեօք ա՞յս է ուրեմն վէ­պին նիւթը, բոլոր նկարագրու­թիւն­ներուն, ինքնակենսագրական կամ ան­դրա­փոխ­ուած տեսարաններուն ընդմէջէն, վե­րադառնա՞լն է։ Կերպարը վերա­դար­ձողն է, ըստ էութեան։ Ոճրագործի մը պէս որ պիտի վերադառնար իր չարա­գոր­ծու­թեան բեմա­հար­թակին վրայ։ Առ այժմ՝ վերա­դար­ձած է դէպի բացակայ ծա­գում մը, որուն մա­սին ո՛չ մէկ գաղափար ունի, ո՛չ իբրեւ ծա­գում, ո՛չ ալ իբրեւ բա­ցակայ։ Չ’ապրիր առանց վերապրելու։ Վերադարձի վայրկեանէն սկսեալ՝ ամեն մէկ տեսա­րան որուն մէջ ինքը կը գտնուի իր աչքին կը յայտնուի որպէս ենթա­դրաբար ատկէ առաջ ապ­րուած ուրիշ տեսարանի մը, կամ նոյն տեսարանին, վե­րայառնումը։ Կ’երթայ դէպի պէյրութեան ծո՞վը։ Իրականութեան մէջ կը վեր­ապ­րի ու կը նկա­րա­գրէ այն ատենուան ծո­վը, ծագումին ծովը, եւ այն է որ մենք ու­նինք մեր աչքին առջեւը վէպին մէջ, իր բո­լոր մանրամասնութիւններով։ Կամ աւե­լի ճիշդ՝ ծովը չի տես­ներ առանց ծովի երե­ւա­կայութեան, յիշողութեան, պատ­կերին, մտմտուքին. «տե­սած ման­րամասնու­թիւնը տա­րիներու երկայնքին պճներ է երազներով եւ այլեւս ան­կա­րող է ծովանկարը զեր­ծելու մտմտուքի, ցնորքի յի­շո­ղութեան դանդաղ ու սեւե­ռուն դրուա­գումէն» : (215) Այդպէս է որ ինք կը տես­նէ ինքզինք։ Ու ահաւասիկ առա­ջին բար­դու­թիւնը։ Կը տեսնէ ինքզինք որպէս տարիներով երազուած ու մտմտուած ծովը տես­նողը։ Եւ որ­պէսզի այդպէս տես­նէ ինքզինք, պէտք է վերադարձած ըլլայ վերա­դարձէն, մեկնած ըլլայ այդ վայրէն, որ ծագում չէր տակաւին այնքան ատեն որ հոն էր։ Ահա­ւա­սիկ՝ «մեկներ, վե­րա­դարձեր, մեկներ է» (անդ)։ Մեկնիլը անշուշտ ժա­մա­նակին տէրը դառ­նալ է, ըսուած է բառացիօրէն, առանց Նիցչէական ենթիմաստի առ այժմ. «...պար­տա­դրեց ինքն իրեն այս տարագրութիւնը...։ Այն ատեն միայն կը յառ­նէր ժամանակը իբ­րեւ իրը, իբրեւ վերապրելի անցեալ մը, յա­նուն ըլլալու կիրքի մը...» : (56) Ու ժա­մա­­նակի տիրապետութիւնը ժամանակի կրկնաւորումով, ժամա­նակ­ներու մակա­դրու­­մով, լեզուի տիրապետութիւնն է նաեւ, ի հարկէ՝ նոյն կրկնա­ւո­րու­մով ու կրկնա­պատ­կումով, չեն զանազանուիր իրարմէ, «ամեն ինչ կը լսէ կրկնա­պատ­­կուած հնչե­ղու­թեամբ»: (63) Գրող դառնալու ճամբուն վրայ է։

15Ուրեմն՝ երկու մեկնում, երկու վերադարձ։ Մինչեւ հիմա նկատի առինք միայն առա­ջին վերադարձը, շրջադարձի գործողութեան առաջին կէսը։ Ասոր հիման վրայ է որ տե­սանք վերադարձի օրէնքին ինչպէ՛ս գործելը։ Այդ օրէնքը ամեն կողմ զգալի է վի­պա­կան շարքին մէջ։ Ու ինչպէս ըսի արդէն իսկ՝ լիո­վին փրուստեան է իր ներ­շն­չումով։ Կեր­պարին էու­թիւնն է դառնալը, վե­րադառնալը, ըսուած է օրինակ.

…յայտնուեր էր ցամաքամասի գիծը, մօտեցեր, հետզհետէ մօտեցեր եւ մէկէն բոլոր վերադարձները նոյնացեր էին, վերածուեր էր ինք անդադրում վերադարձողին, անոր որ ի զուր կը փնտռէր տեղ ու հանգիստ... ( 249)

16Վերադարձի օրէնքը անցեալին սքանչելի տեսարաններ յօրինելու առիթը տուած էր հե­ղի­­նակին։ Վերադարձի այդ փրուտեան տեսարաններուն ամենէն շքեղ օրի­նակ­նե­րէն մէկը կը գտնուի վի­պական շարքի երրորդ հատորին՝ Նշանին վերջաւորութեան, երբ փո­խանորդ կեր­պա­րը (որ հոն ի դէպ՝ կը խօսի առաջին դէմքով) կը վերադառնայ Պէյրութ եւ երեսուն տարի ետքը ուրեմն այցելութեան կ’երթայ Արեւիկին, անոր որ ատենօք իր առաջ­նոր­դը հան­դիսացած էր դէպի գիրքերու, նշաններու, ընթեր­ցումի, վիպակա­նու­թեան, ուր­եմն՝ գրա­կանութեան երկար ճամբուն սկիզբը, որ առաջին էական հան­գրուանը եղած էր իր ճա­նապարհորդութեան դէպի այն գրո­ղը որ դարձած է հիմա, ու հետեւաբար նաեւ՝ դէպի իր անխուսափելի դաւաճա­նութիւնը, Արեւիկին որ զինքը կը կոչէր «նշա­նածս», ու հիմա տարիքը առած է, երբեք չէ ամուսնացած, գիտէ որ իր դերը վերջացած է, որ իր «նշա­նած»ը գրող դարձած է, ու անոր կը նուիրէ իր միակ գանձը, իր վերջին հարստութիւնը՝ իր բառարանը։ Եւ կ’ըսէ՝ «մի՛ գրեր»։

Ապառնի անցեալ. պատում եւ փիլիսոփայութիւն

17Բայց այն ատեն՝ ո՞րն է երկրորդ մեկնումը, երկրորդ վերադարձը։ Առաջին կէսը վե­րա­դարձն էր դէպի բացակայ ծագումը։ Երկրորդը ուրիշ վերադարձ մըն է, այս ան­գամ՝ վե­րադարձ մը դէպի տարագրութիւն։ Փոխանորդ կերպարը կը վերադառնայ Փարիզ։ Կը վերադառնայ նոյնին, կամ նոյնը կը վերադառնայ։ Բայց անշուշտ նոյնը չէ մնա­ցած նոյն։ Սառա այլեւս իր հոմանուհին չէ։ Տոմինիքը Անգլիացիի մը հետ կը կենակցի ու սկսած է երգչուհիի ասպարէզին մէջ յաջող քայլեր նետել, ու վերջաւո­րութեան նա­եւ՝ ժան-Լիւքը, մեծ բա­րեկամը որ փոխանորդ կերպարին ճակատագիրը կ’որոշէր լայն գի­ծերով, կ’ան­հետանայ ընդ­միշտ։ Ու այս ամբողջը գրուած էր սկիզ­բէն, բացումի դեր կատարող առաջին գլու­խին մէջ (բացումը հասկնալով օփերայի բացման նուագին իմաս­տով, քանի որ նա­եւ այդպէս յօրինուած են Պըլտեանին վէ­պե­րը, օփե­րա­ներու շատ նման իրենց կա­ռոյցով), ահաւասիկ. «... յի­շո­ղութեան կե­դ­­րոնին, աւելի մտա­­բե­րումին քան յիշո­ղու­թեան, գոյութիւն ունի մահուան կտրուած­քը», (26) ու նախա­դա­սու­թիւնը այդ­տեղ չի վերջանար, քանի որ կ’ընդգրկէ շատ աւելի լայն բնանիւթ մը։ Ճիշդ ետքն է. «…եւ եր­բոր կը յիշէր խորքին մէջ ո՛չ թէ բան մը, ո՛չ թէ իրողութիւն մը, այլ զան­գուա­ծատիպ ամբողջ մը, լեռնակուտակ դիակներու կամ զգայութեանց շեղ­ջա­կոյտ մը, ուրիշ բան չէր ըներ եթէ ոչ դիմել պատկերին, վի­պա­սանութեան, դիւային ու­ժե­րուն, որոնք կը բնակէին մէջը...» (անդ)։ Լեռնակուտակ դիակները եւ զգայու­թիւն­ները ան­շուշտ նոյն բանը չեն, բայց այս նախադասութեան մէջ, յիշողութեան գոր­ծո­ղու­­թեամբ, կը միանան իրա­րու, կը միանան հոն՝ ուր գոյու­թիւն ունի մահուան կտրուած­քը։ Վկա­յագրա­կա­նացումը եւ ինքնակենսագրութիւնը չեն զանազանուիր իրարմէ։ Ա՛յդ է որ կ’ըսէ բացման եղանակը, ու պիտի չզար­մա­նանք երբ ունկն­դրենք այդ եղանակը ու հասկնանք անոր ըսածը։ Եւ ուրեմն ամեն պա­րագայի՝ տարագրու­թիւնը պիտի չբա­ցա­յայտէր իր նշանակութիւնը եթէ վերա­դարձ մը չկա­տար­ուէր դէպի իրեն, դէպի տա­րագրութիւն։ Պէտք է վերադառնալ դէպի տարագրութիւն, որպէսզի ըլլա՛յ տա­րա­գրու­թիւնը, եւ յիշողութիւնը սկսի գործել, իր կեդրոնին ունե­նա­լով մահ­ուան կտրուած­քը, մեռեալներու եւ զգայութիւններու շեղ­ջա­կոյտը։ Վերա­դար­ձի օրէն­քին այս երկրորդ կէսը ամբողջովին նոր է։ Չէր ըսուած եր­բեք այս յստակու­թեամբ հե­ղի­­նակի նախորդ վէպերուն մէջ։ Կարծեմ՝ բնաւ չէր ըսուած։ Կը ճանչնայինք միայն վե­րա­դարձի փրուս­տեան տարբերակը։ Այս մէկը, միւս կէսը, ուրի՛շ է։ Առաջին մեծ Գաղ­թին նման չէ բնաւ։ Մանրաշ­խարհին հան­դէպ, անոր անլեզուութեան հանդէպ սկզբնական եւ հիմ­նա­ւոր դաւաճանութիւնը չէ։ Եթէ Գաղթ մըն է, Գաղթ մըն է որպէս վե­րա­դարձ։ Ո՛չ թէ որ­պէս վերադարձ դէպի երկիր, դէպի մանկութիւն, դէպի ծագում։ Կը կրկնեմ, կը շեշտեմ, կ’ընդ­գծեմ. վերադարձն է դէպի տարագրութիւն։ Պըլտեան իր բա­նաստեղծական գոր­ծե­րուն մէջ խօսած էր թերեւս ասկէ առաջ այս երկրորդ վերա­դար­ձին մասին, բայց վի­պական գործերուն մէջ՝ երբեք։ Առաջին անգամն է, համոզ­ուած եմ։ Եւ ահա՛ ինչու այս վէպը կը հրաւիրէ նա­խորդներու վերընթերցումի մը, հոն ըս­ուած­ներուն ամբողջական վերամեկ­նա­բա­նու­թեան մը։ Յաւիտենական շրջա­դարձը չէ տա­կաւին, Նիցչէական իմաս­տով կամ ոչ։ Բայց հեռու չենք անկէ։ Ըլլալու համար, պէտք է վե­րադառնալ։ Դէպի տարա­գրու­թիւն։ Փիլիսոփայական բառապա­շա­րով ըսուած՝ էոյթը նոյնին վերա­դարձն է։ Երկու ուղղութեամբ եւ երկու իմաստով։ Նոյնը կը վերա­դառ­նայ, մենք կը վերադառնանք նոյնին։ Առաւել եւս, բնական է, ծա­գում ըսուած բան մը գոյութիւն պիտի չունենար եթէ լման շրջանակը ծայրէ ծայր չստանձ­նէինք։ Վերա­դարձը (դէպի տարագրութիւն) կը ստեղծէ կամ կը հնարէ ծա­գու­մը, այն­պէս կը կ’ընէ որ ծագումը ըլ­լա՛յ, ըլլայ ծա­գում։ Կ’ուզեմ ըսել. դէպի տա­րագրութիւն վերա­դարձն է, որ կը ստեղծէ ծագումը, այն իսկ ծագումը որմէ մեկ­նե­լով, դառնալով, գի­շե­րադարձով, կը մտնենք տա­րագրութեան մէջ որպէս տարագրու­թիւն։ Ուրեմն վե­րա­դար­ձը դէպի տարա­գրութիւն կը ստեղծէ, կը հնարէ նաեւ տարագրութիւնը, ա՛ն է որ կը բանայ տա­րագրու­թիւ­նը, կը դարձնէ զայն ինչ որ է՝ տարագրութիւն։ Եթէ չըլ­լար վերա­դարձը, դէպի տա­րա­­գրու­թիւն, պիտի չըլլար ո՛չ մէկ ծագում, ուրեմն նաեւ ո՛չ մէկ տարա­գրութիւն։ Գոն­չիթա Փիքերի սպանական եղանակները շրթներուն կամ ոչ, փոխա­նորդ կերպարը մտած է «վերադարձի ճամբուն մէջ» : (31) Եւ քիչ ետքը, վերադարձի լման օրէնքն է, որ կար­ձանագրուի իր երկու երեսներով, օփերայի մուտ­քին մէջն ենք միշտ, մեծ թեմա­նե­րը ծանուցուած են առանց յաւելեալ մանրամասնու­թեան, առանց մանրա­վէ­պի, ահա՛, կը մէջ­բերեմ հատուածը չնչին յապաւումով մը.

Հիմա կը մնար բան մը հանել այս կացութենէն, այս երթէն, բանադարձում մը՝ բա­ռե­րէն, դուրս գալ քնարական մտմտուքէն, ինքն իր վրայ դարձող այդ ամուլ պտուտ­­քէն, դիմել տուն, [...] իմ ծանրութեան տարագիր կեդրոնս կամ իր շրջագիծին մէկ տա­րաշարժ կէտը. սորվիլ հասկնալ, սեւեռել փորձառութիւնը, որ շրջա­դարձ մըն է, վե­­րադարձ մը դէպի նոյն դէպքը որ պատումին պատկանելէ առաջ կը պատկանի մտքին, չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, իրերու ի՞նչ դասաւորումով, տեւո­ղու­թեա՞մբ, թէ իմա­ցա­­­կանու­թեա՛ն կանոնով. եւ սակայն դժուարութիւնը այն է որ առանց այդ պա­տու­մին հնա­րաւոր չէ մտածումի դէպքը ըսել, մանաւանդ որ ետ­դարձով հարկ է վեր­բե­րել, միշտ իբրեւ ապառնի անցեալ մը որ երեւակայօրէն պի­տի դառնայ ապագայ, մինչ­դեռ ինծի այնպէս կը թուի որ ատիկա յարատեւ փոխա­դրութիւն մըն է, տուր­եւառ մը, անդադար տեղի ունեցող իրադարձութիւն մը։ (33)

18Այս քանի մը տողերը կը կարօտին պարզաբանումի, առնուազն քանի մը կէ­տերու շուրջ, քանի որ հոս արձանագրուած է լման ծրագիրը եւ այդ ծրագիրին փիլիսո­փա­յական բա­ռերով բանաձեւումը։ Պիտի տեսնենք որ «փիլիսոփայա­կան» բառը հոս աւե­լորդ չէր։

191) Նախ «ապառնի անցեալ»ի հարցը։ Քերականական ժա­մա­նակ մըն է, ֆրանսերէն կը կոչուի futur antérieur։ Ինքնակենսագրական իրա­դար­ձութիւնը, ինչպէս Աղէտը որպէս դէպք, եւ ուրեմն «մահուան կտրուածք»ը, լրիւ առումով, եթէ պատահին՝ կը պա­տահին միայն ապագային մէջ։ Կրնան նաեւ բնաւ չպատահիլ անշուշտ, եթէ ու­շա­դիր չըլլանք, եթէ չաշխատինք զանոնք պա­տահե­ցնելու մտածումով։ Անցեալ իրա­դար­­ձու­թիւններ են, անցեալ դէպքեր, բայց անոնց անցեալը ապագային է, որ պիտի պատահի որպէս «անցեալ»։ Մեզի համար անցեալ չեն ուրեմն։ Ան­ցեալ պիտի ըլլան վաղը։ Ճշգրիտ իմաս­տով՝ ապառնի անցեալ։ Անցեալ են, այո, բայց վաղը պատահած պի­տի ըլլան, մեզի համար, վաղը միայն, որպէս անցեալ։ Եւ քանի որ ինչպէս ըսի՝ Աղէտը կը հպա­տա­կի «անցեալ ապառ­նի»ի այս օրէն­քին, չի կրնար պատմագէտներուն առարկան ըլ­լալ ան։ Պատմա­գիտու­թեան համար՝ ան­ցեալը պատահած է, արդէն իսկ պա­տահած է, չի կրնար վաղը պատահիլ որ­պէս անցեալ։ Ըսի՝ պատմագիտութեան համար, որպէս կրթանք. հոս պատմա­գէտ­ները որպէս անձ խնդրոյ առարկայ չեն անշուշտ, խնդրոյ առարկան մարզն է, կրթանքն է։ Հարցը՝ անոր օրինաւորութեան դաշտը սահ­մա­նելն է, այսինքն՝ այն իմացական տարած­քը որուն սահ­մաններուն մէջ պատմագիտութեան գործելակերպը, մտածումը եւ ար­դիւնք­ները ի զօ­րու են, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Նեւ­տոնեան բնագիտութիւնը իր սկզբունք­ներով եւ իր ար­­դիւնքներով ի զօրու է իր սահ­մաններուն մէջ, բայց պէտք ունի ընդհանուր յարա­բե­րա­կանութեան սկզբունքնե­րուն, անդրադառնալու համար իր օրի­նաւորու­թեան դաշ­տի սահմաններուն։ Աղէտի մտածողութիւն մը պիտի չգո­յա­նայ այն­քան ատեն որ պատ­մագիտութեան նեւտո­նեան սահմաններուն մէջ մնանք, այն պատ­րան­քը սնուցանելով որ լրիւ ճշմարտու­թիւ­նը կ’ըսեն անոնք, այնքան ատեն որ այդ սահ­մաններուն գիտակ­ցութիւնը չու­նե­նանք, եւ ուրեմն քիչ մը եւս ընդ­հան­րա­ցնելով՝ այնքան ատեն որ կը հա­ւա­տանք ճշմար­­տութեան, որ անշուշտ միշտ ու միայն պատ­մա­գի­տական ճշմար­տու­թիւնն է։ Զանցելու համար այդ հա­ւատքը եւ անոր ենթա­դրեալ­նե­րը, յայտնօրէն պէտք ունինք առաջին հերթին «ժխտական սկզ­բունք»ի մը։ Չմոռցանք, չէ՞, որ «հաստատել կը նշա­նակէ հաւատալ որ ճշմար­տութիւն մը կայ» : (505) Ու ժխտական սկզբունքին առա­ջին, թերեւս միակ, հետեւորդը վիպասանն է։ Եւ ահա՛ ինչու հնարաւոր չէ «առանց պատումին մտածումի դէպքը ըսել»։ Վիպասանութիւնն է, վիպա­սանին պատումն է, որ պի­տի «պատահեցնէ» դէպ­քը, պատ­մա­գիտութեան կողմէ ենթա­դրուած ճշմարիտ իրո­ղու­թենէն առաջ եւ անկէ անկախ։ Բայց այն ատեն, պիտի հար­ցուի, ինչո՞ւ դէպքը «պա­տումին պատկանելէ առաջ կը պատկանի մտքին»։ Լեռ­նակու­տակ մեռեալներու շեղ­ջա­կոյտը կը պատկանի նախ մտքի՞ն։ Որեւէ դէպք, որեւէ ինք­նակենսագրական իրադար­ձութիւն, որեւէ մահուան կտրուածք կը պատկանի նախ մտքի՞ն։ Իսկ եթէ այդպէս է, ինչ որ հոս հե­ղի­նակը կը կոչէ «փորձառութիւն» («սոր­վիլ հասկնալ, սե­ւե­ռել, կարդալ փորձա­ռու­թիւնը, որ շրջադարձ մըն է») արդեօք կը կա­տար­ուի պա­տու­մէն անկա՞խ, պա­տումէն առա՞ջ, եւ պատումը կը գոհանայ միայն այդ փոր­ձա­ռութիւնը կարդալո՞վ։ Դժուարութիւնը ա՛յն ըլլալով, ինչպէս կ’ըսէ հե­ղի­նակը, որ «առանց այդ պատումին հնարաւոր չէ մտածումի դէպքը ըսել»։ Այլ բանաձեւումով՝ արդեօք տարբերութիւն մը կա՞յ դէպքը որպէս դէպք «պատա­հեցնել»ուն եւ դէպքը «ըսել»ուն միջեւ։

202) Այս կէտին հասած, ընթերցողը վարանում մը կ’ունենայ։ Երբ հեղինակը կամ վէ­պին մէջ իր փոխանորդը կը գրէ՝ «սորվիլ հասկնալ, սեւեռել... փորձառութիւ­նը», հար­ցը փի­լիսոփայակա՞ն է, թէ գոյութենակա՛ն։ Կրնա՞յ փիլիսոփայական ըլլալ առանց գո­­յու­թե­նական ըլլալու, եւ փոխադարձաբար։ Յայտնօրէն այս հատուածին մէջ վի­պա­­սա­նը կը պայքարի «փորձառութեան» եւ «էոյթ»ի փիլիսոփայական դրոյթ­ներուն հետ։ Փիլիսո­փայական դրոյթները երբեք նկատի չեն առած «մտածումի դէպք»ը պա­տումով ըսելու անհրաժեշտութիւնը, երբե՛ք, ըսենք մինչեւ վերջին սե­րունդը, մեր ժա­մա­նակա­կից ֆրան­սական փիլիսոփայութիւնը, Դերիդան, Սառա Քոֆ­­մանը, եւ իրենց համա­կիր­ները։ Երբեք նկատի չեն առած «ետդարձ»ի, «ապառնի անցեալ»ի հար­կա­ւո­րութիւնը, «պա­տա­հեցնել»ը կամ լաւ եւս՝ «պատահմունք»ը, «պա­տահար»ը մտածելու համար։ Ուզած են որ պատահմունքն ու պատահարը պատկանին մտքին, տեւո­ղու­թեամբ կամ իմացակա­նու­թեամբ։ Ինչ որ կը մնար անառարկելի այնքան ատեն որ մտա­ծումի դէպքը կը մնար զերծ պատումէն, ետդարձէն, ապառնի ան­ցեալին ենթար­կուելու ստիպողու­թե­նէն, մէկ բառով հաւանաբար հնարաւոր ըլլար ըսել՝ վե­րա­դարձի կամ շրջադարձի օրէն­քէն։ Ուր­եմն զուտ փիլիսոփայական հա՞րց մըն է, եւ եթէ այդպէս է՝ ի՞նչ է իր տեղը վիպա­կան գործի մը մէջ։ Այս վերջին հարցումը երեւան կը բերէ «պատում»ի եւ «պատահմունք»ի մտածողութեան խոր յարակարծիք­ներէն մէ­կը։ Պատումին մասին (որպէս գոր­ծողու­թիւն, որպէս արարք, որպէս եղե­լու­թիւն, որ­պէս «անդադար տեղի ունեցող» իրա­դար­ձու­­թեան բնավայրը) կարելի չէ փի­լի­սո­փա­յել, օրէնքներ հռչակել, անդրանցական պայ­մաններ որոնել, առանց պա­տումէն անց­նելու, պատումին ենթարկուելու։ Պատահ­մուն­քին ապակառուցումը կը պատահի միայն պատումով։ Այդ է որ Դերիդա կը կոչէր la dé­construction en récit։ Փիլիսո­փա­յական ձեւով մտածուած փորձառութիւնը պա­տու­մի փոր­ձաքարով միայն կը քննար­կուի, ինչ որ նաեւ ցոյց կու տայ որ «ժխտական սկզ­բունք»ը (որուն միակ հետե­ւորդն է վիպա­սանը) չէ ուղղուած միայն պատմագի­տու­թեան ետին գտնուող ճշմար­տու­թեան եւ նոյն այդ ճշմարտութեան գացող հաւատքին դէմ։ Ուղ­ղուած է նաեւ փոր­ձառու­թեան փիլիսոփայական մօտեցումին դէմ ընդհանուր առմամբ, այն մէ­կուն՝ որ նկատի չէ առած երբեք վերադարձի օրէնքը։ Վերադարձն է, որ կ’արարէ էու­թիւնը, կամ էոյթը։

  • 15 Տե՛ս Sarah Kofman, Nietzsche et la métaphore, Seuil, 1972, վերատպուած չնչին փոփո­խու­թիւններով 198 (...)

213) Խորհրդաւոր է այս ամբողջը, պէտք է խոստովանիլ։ Ընթերցողին հաւատալը չի գար, որ վիպասանական պատում մը ինքն իր մէջ ընդգրկէ ո՛չ միայն պատումի եւ պատահ­մուն­քի մտածողութիւն մը, այլ անկէ անդին մինչեւ իսկ՝ արդի կամ նուազ արդի փի­լի­սո­փայութեան մէջ՝ փորձառութեան յղացքի քննարկումը, հետեւաբար «էոյթ»ի խնդրա­կանացումը։ Բայց եթէ անհրաժեշտ է տակաւին փարատել ընթեր­ցո­ղին կասկածները ըսուածին փիլիսոփայական բովանդակութեան եւ այդ բովանդա­կու­թիւնը վիպական փորձաքարին ենթարկելու անհրաժեշտութեան մասին, պէտք է նշմարել որ մէջբերուած հատուածէն քանի մը տող առաջ փոխանորդ պատմասանը երկխօսութեան մը կը ձեռ­նար­կէ «յարգելի աբբայ»ին հետ, կ’ուզէ ըսել անշուշտ Բըր­քլի Աբբային, Ժորժ Բըր­քլի­ին (1685-1753), այն մէկուն որ 1710ին լոյս տեսած իր հռչա­կաւոր Treatise Con­cern­ing the Principles of Human Knowledge (Յաղագս մարդ­կային ճանաչումի սկզբունք­նե­րուն) գիրքով փորձնական իտէապաշտութեան մեծա­գոյն ջատագովը կը դառնար, ու կը գրէր թէ esse est esse percepi aut percipere, զոր Գրի­գոր Պըլտեան երեւութապէս կը մէջբերէ non մը աւելցնելով ու հակաճառելով. «Էու­թիւնը թերեւս այն է որ կը նշմա­րեմ, բայց այն ատեն, յարգելի՛ աբբայ, էութիւն չկայ, esse non esse percipere...» (32)։ Բացարձակապէս տեղը չէ հոս վիճարկում մը սկսելու էոյթի փի­լիսոփայական դրոյթներուն շուրջ, մանաւանդ այս մէկուն, որ էոյ­թը կը հաւա­սա­րերցնէ «նշմարել»ուն եւ «նշմար­ուել»ուն (կը պահեմ հեղինակին թարգմանութիւնը ըսե­լու համար Բըրքլիի esse per­cepiն եւ percipereն)։ Կարեւորը ներկայ համագիրին մէջ այն է, թէ անցեալը ապագա­յացնող գործողութիւնը եւ այն կա­նոնը որուն համաձայն անցեալը գալիք է կը համա­պատասխանեն վէպին մէջ հրամցուած նկարագրու­թիւն­ներուն։ Էոյթը էոյթ է, կամ էու­թիւնը էութիւն է, միայն վերադարձով եւ շրջա­դարձով։ Պէտք է վե­րա­դարձէն վերա­դառնալ ուրեմն բանալու համար ե՛ւ ծագումին, ե՛ւ տարա­գրու­թեան զոյգ եւ փոխա­դարձ հնարաւորութիւննե­րը։ Այդ շարժումը «յարա­տեւ փոխա­դրու­թիւն» մըն է, այսինքն ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ փո­խա­բե­րութիւն մը։ Պատումը ուրեմն այն է, որ անդադար մէկ ժա­մա­նակէն միւսը կը փո­խա­դրէ, կը փոխաբերէ։ Եւ ինչ որ է է՛ միայն փոխա­բե­րու­թեամբ։ Ահաւասիկ ուրիշ ձեւ մը ըսելու վերադարձին օրէնքը։ Եւ եթէ փոխա­բե­րու­թիւնը ան­հրա­ժեշտ է, ուրեմն յղացական տրամասու­թիւ­նը բաւարար չէ ըսելու համար վերա­դար­ձի օրէնքը, ըսելու համար թէ էութիւնը կամ էոյ­թը կ’ըլլայ միայն վերա­դար­ձով, որ էոյ­թը վերադարձին մէջն է։ Փիլիսո­փայու­թիւ­նը բաւարար չէ, պէտք է գրակա­նու­թիւնը միջամտէ։ Ահա­ւասիկ մօտաւորպէս Սառա Քոֆ­մանին պաշտպանած դրոյթը իր 1972ի Nietzsche et la métaphore (Նիցչէ եւ փո­խա­բե­րու­թիւնը) հատորին մէջ։ Մէկ տարբե­րու­թեամբ. այդ գիրքին մէջ Սառա Քոֆ­ման գրե­թէ չի խօսիր Նիցչէի յաւիտե­նական շրջա­դար­ձին մասին, քիչ ետք պիտի փորձենք հաս­կնալ թէ ինչո՛ւ։15

Նիցչէի վերադարձը

22Արագ յառաջացանք։ Բազմաթիւ խնդիրներ ետին ձգեցինք։ Որոնցմէ գլխաւորը հե­տե­ւեալն է. եթէ ճիշդ է թէ պատումը այն է, ինչ որ կը փոխադրէ մէկ ժամանակէն միւ­սը, կամ առնուազն ինչ որ կ’ըսէ այդ փոխադրութիւնը, ինչ որ իր գործողու­թեամբ՝ կը հա­ւասարի դէպքը վերբերող «ետդարձ»ի շարժումին, մնաց որ փոխա­բերական դաշ­տին հետ չի նոյնանար ան։ Փոխաբերութիւնը փոխադրութիւն մըն է, այո, բայց չէինք գիտեր որ ան նաեւ ժամանակայնութիւնը կ’ընդգրկէ։ Ու եթէ Նիցչէի մօտ կայ փո­խա­բերու­թեան տրուած առաջնահերթութիւն մը, եթէ կայ կոտորակային գրառում ըսուած բան մը, եթէ կայ մա­նա­ւանդ Զրադաշտը որ այո՝ պատումի բոլոր գործա­ռոյթ­­ները կը գոր­ծա­ծէ յաւիտե­նա­կան վերադարձը գաղտնաբար ըսելու համար, այս­ուհանդերձ Նիցչէն ինքնակեն­սա­գրու­թիւնը փոխաբերող պա­տումներ չէ արտադրած։ Քանի մը տարրեր կը պակսին հե­տեւաբար մեզի հասկնալու համար կատարուածը եւ «շրջում»ին կա­պակ­ցու­թիւնը Նից­չէի վերադարձին հետ, եթէ կայ ի հարկէ որեւէ կա­պակցութիւն։ Եւ ուրեմն ահաւասիկ ուրիշ հատուած մը, այս անգամ երկրորդ գլու­խին մէջ, որ նոյն­պէս նե­րա­ծական դեր կը կատարէ վէպին մէջ, հատուած մը ուր այս ան­գամ փոխա­նորդ կերպարը ինքզինք կը յոր­դորէ, կը հրաւիրէ համբերելու, ան­միջապէս չյանձ­նուե­լու պատումին, քայլը դան­դա­ղեցնելու, չնետուելու ինքնա­կեն­սագրութեան մէջ, ուրիշներու կեանքին մէջ, քիչ մը եւս ներածական ոճով շա­րու­նա­կելու, կէս քնարա­կան, կէս փիլիսոփայական, քիչ մը եւս յառաջագունէ անդրա­դառ­նալու սկսող նախա­ձեռնութեան նախա­տուեալ­նե­րուն, ու առ այդ՝ նորէն գրելու գիշերադարձի օրէնքը, իր երկու երեսակներով, երկու մեկ­նում­նե­րով, շեշտը դնելով ինչ­պէս միշտ՝ դէպի տարագրութիւն գացող վերա­դար­ձին վրայ։ Անշուշտ Սառան՝ փիլի­սոփայ հոմանուհին միշտ ներկայ է, Սառան որուն շնորհիւ «ծներ է իրեն համար ան­յայտ աշխարհի մը մէջ», (49) որմէ անդին՝ գործը, վիպական գործը, այդ ծնուն­դին խուզարկումն է, այդ ծնունդի պայմաններուն կրկնուող վերադարձը, թուա­կանն է՝ 1968, յեղափո­խու­թիւնն է որ աչքերը բացած է, այս­ինքն՝ ո՛չ թէ միայն Սառան, բայց Սառան ինքնին յեղափո­խութիւն մը չէ՞ր։ Ահա­ւա­սիկ ուրեմն հատ­ուածը.

Յեղափոխութիւնը բացեր էր աչքերը, արթնցեր էր կարծես դարաւոր քունէ մը, կը պա­տահի ատիկա, միայն ժողովուրդներուն, հիմա պէտք էր երթալ աւելի ան­դին, կեանքը փոխաբերութիւն չէ. կեանքը... մեծ բառ. փնտռտուքը գործը պիտի ըլլայ, եթէ անսամ, կ’ըսէ, եթէ հպատակիմ ցածէն, շատ ցածէն բառեր յուշող ձայ­նե­րուն։ Եւ ատոր համար սկսելու է սկիզբէն, երբ չէ հասած լեզուին, երբ կը թոթովէ կամ համր է։ (46)

23Լման գիշերադարձին ծրագիրն է ուրեմն, որ կ’ըսուի հոս մէկ նախադասութեամբ, «սկսելու է սկիզբէն, երբ չէ հասած լեզուին»։ Առաջին մեկնումին արդիւնքն է ահա՛ ծրա­գիրին կազմաւորումը։ Բայց անմիջապէս ետքը՝ փոխանորդը ինքզինքին հարց կու տայ թէ արդեօք «որեւէ իմաստ ունի՞ ծնունդի մը, ան ալ այլեւս մտածումի վեր­ած­­ուած ծնունդի մը պայմանները խնդրոյ առարկայ դարձնել։ / Խօսողը համրու­թեան ժամա­նա­­կը կը սկսի» (անդ)։ Անշուշտ խօսողն է որ կը սկսի համրութեան ժա­մանակը։ Համ­րու­­թիւնը ինքն իրմով ժամանակ չունի, ճակատագրականօրէն։ Նոյն «ճակատագրականութեան» կ’անդրա­դառ­նար Մորիս Բլանշոյ «Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրա­ւունքը» վերնագրով 1948ին տպուած իր փորձագրութեան մէջ, համրութեան ժամա­նա­կը կոչելով «նախա-ցերեկուան գոյութիւն»։

  • 16 Տե՛ս Maurice Blanchot, Faux Pas, Gallimard, 1948, էջ 318։ «Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը» (...)

օր-ցերեկը ա՛յն է որմէ խուսափում չկայ. անոր մէջ մենք ազատ ենք, բայց ան ճա­կա­տագրականութիւն է, եւ օր-ցերեկը որպէս ճա­կա­տա­գրա­կանութիւն օր-ցե­րե­­կէն առաջ եղածին էոյթն է, գոյութիւնը որմէ պէտք է հեռա­նալ խօ­սելու եւ հասկնալու հա­մար։16

24Եւ ուրեմն ծնունդի մը մասին է խօսքը, որուն պայմաններուն մօտենալու պարտա­ւո­րու­թիւնն ունի պատումը, ըստ էութեան, նոյնիսկ եթէ խնդրական է այդ մօտեցումը, որ բնա­կան է՝ իր կարգին վերադարձ մըն է։ Կրկնակի ծնունդ խորքին մէջ եւ հետեւա­բար՝ կրկնակի վերադարձ, նախ՝ սկզբնական համրութեան, մեծ Գաղթէն առաջուան ժամա­նա­­կին, Հայկաշէնի մանրաշխարհին։ Բայց միեւնոյն ժամանակ եւ նոյնքան հաւանա­կա­ն­օրէն՝ հո՛ս կատարուող ծնունդն է, ըսենք՝ Ֆրանսայի մէջ, առաջին մեկ­նու­մին որ­պէս արդիւնք, Սառայի թեւերուն մէջ եւ ուղեղին հպումով, կամ Ժան-Լիւքի բարե­կամու­թեամբ։ Եւ ահա ինչո՛ւ վերամեկնաբանութիւն մըն է Շրջում վէպը, որ կ’օգտա­գոր­ծէ ինքնակենսագրութեան բոլոր տուեալները եւ բոլոր հնարա­ւո­րու­թիւն­­ները։ Կարճ ըս­ուած՝ հին Գաղթը (դէպի ուսում, դէպի կազմաւորուած եւ մշակ­ուած լեզու, դէպի այ­լութիւն, սկզբնական համրութենէն դուրս) կը մեկնաբանուի հիմա Մեկնումի մի­ջոց­­ներով, կը գլխագրեմ բառը, ինչպէս սովորութիւն ըրի գլխա­գրելու առանձնակի «Գաղ­թ»ը, այն մէկը որ ետին կը ձգէր մանրաաշխարհը ու կը դաւաճա­նէր որպէսզի կա­րելի ըլ­լար վերջաւորութեան ծնունդ տալ համրութեան ժա­մանա­կին։ Ճիշդ է, որ այդ ծնունդն է հետապնդուածը, անդադար, վէպէ վէպ, բայց հիմա զետեղուած է վերա­դարձի եւ շրջադարձի ընդհանուր պատկերին մէջ, Մեկնու­մին վրայ եզակի բեւե­ռու­մով։ Շփոթութիւնը երկուքին միջեւ, Գաղթին եւ Մեկնու­մին միջեւ, հոս զգալի է, քանի որ չենք գիտեր թէ ո՛ր մէկ ծնունդի մասին է խօսքը։ Եւ կեանքը փոխաբերութիւն չէ, ան­կասկած, եթէ «կեանք» բառին պէտք է տալ հոս նոյն արժէքը որ Բլանշոյ կու տար «գո­յութիւն» բառին, քիչ առաջ յիշուած փորձա­գրու­թեան մէջ, այն գոյութեան՝ «որմէ պէտք է հեռանալ խօսելու եւ հասկնալու համար»։

Անէութենէ դէպի էութիւն

25Հոս փակագիծ մը պիտի բանանք։ «Յեղափոխութիւնը բացեր էր աչքերը, արթնցեր էր կարծես դարաւոր քունէ մը, կը պատահի ատիկա, միայն ժողովուրդներուն, հիմա պէտք էր երթալ աւելի անդին...»։ Այս է որ կարդացինք քիչ մը առաջ։ Գրչի սայթա­քո՞ւմ մըն էր արդեօք։ Եթէ կը պատահի միայն ժողովուրդներուն, ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ լման նա­խա­դասութիւնը, փոխանորդին արթննալը, աչքերը բանալը, յեղա­փո­խութեան առի­թով եւ դրդումով։ Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ ծնունդը, որուն պայ­մանները խնդրոյ առար­կայ դարձնելն է վիպական իմաստալից կամ անիմաստ ծրա­գիրը։ Փոխանորդը ար­դեօք կը խօսի ժողովուրդի՞ անունով։ Ո՞ր ժողովուրդին։ Փա­րիզի երիտասար­դու­թեա՞ն, Մայիս 1968ի յեղափոխութեան ծննդական տուայտանք­երուն մէջ բռնուած։ Կամ արդեօք պէտք է հասկնալ որ այդպիսի զարթնում մը, միայն ժողո­վուրդ­ներուն պատահող տեսակէն, այն ալ՝ քանի մը դարը անգամ մը, պատահեր է փոխանորդ կեր­պարի՞ն, եզա­կի պա­տահար։ Արդեօք փոխանորդը հոս աղօտ վեր­յի­շո՞ւմ մը չէ ունեցած, արդեօք ուղեղը հին Կոստան Զարեանական ընթերցումներէ չէ՞ այ­ցել­ուած։ «Ժո­ղո­վուրդ­ների կեանքում, ինչպէս նաեւ մարդկանց կեանքում...», կ’ըսէր Կոստան Զարեան, իր կենսա­գրական ճանապարհը նմանցնելով ժողովուրդի ճակա­տագրին։ Ահաւասիկ այդ տո­ղե­րը, քիչ մը երկար մէջբերումով.

  • 17 Կոստան Զարեան, Բանկօօպը եւ Մամութի ոսկորները, Անթիլիաս, 1987, էջ 303։ Տե՛ս այս մա­սին իմ Le Deuil (...)

Ժողովուրդներու կեանքում, ինչպէս նաեւ մարդկանց կեանքում, կան շրջաններ, երբ անհրաժեշտ է ամէն ինչին ո՛չ ասել յանուն կեանքին։ Փոխել, շրջել մեր վրայ տիրող գերեզմանների տիրապետութիւնը։ Մեր ներքին էութեան մի մասը մա­տա­ղի նման բաժանել՝ փրկելու համար էն միւս մասը, ուր դեռ ապրում է միթոսը։ Եր­բեմն պատ­մութիւնը պարտադրում է ժողովուրդներին գաղթել երկ­րագունդի մի մասից միւս մասը, վազել արեւի ետեւից, կրկնել նրա ժեստը, շրջել։ Ինձ թւում է որ կան նաեւ վայր­կեաններ, երբ կեանքի գերագոյն պահանջը թելա­դրում է այդ մեծ գաղթը իրա­գործել մեր իսկ մէջ, մեր ներքին արեւին հետե­ւե­լով, մեր կեանքի գաղտնի շրջանը բոլորելու համար։ Որոշ ժո­ղո­վուրդ­նե­րի հա­մար այդ վայրկեանը եկել է եւ նրանք սպասում են իսկական յե­ղա­փո­խա­կաննե­րին, նրանց՝ որոնք կարե­լիութիւնն եւ պատ­րաստութիւնը ունեն անցնելու վախի շրջանը, ոչ-էութիւնից էու­թիւն...17

26Ըն­թեր­ցողը նշմարած կ’ըլլայ որ Զարեան երեք ան­գամ կը գոր­ծածէ հոս «շրջան», «շրջել» բառերը, տարբեր իմաստներով. արտա­յայտելու հա­մար «շրջում»ը կամ «շրջա­դարձ»ը, նշելու համար «նիհիլական» ժամանա­կաշրջանը որմէ անհրա­ժեշտ է անց­նիլ պատմական եւ անձ­նա­կան տուեալներու բերումով, եւ վերջապէս արե­ւային շրջումը։ Բանաստեղծը «էու­թե­նէն» տարագրեալ մըն է, որ ստիպուած է մինչեւ ծայ­րը եր­թալու «անէութեան»։ Իր դերը վկայել է էութեան մասին, հոն ուր կը տիրէ էու­թեան մոռա­ցու­մը, մշակոյթի մթն­շաղային վերածումը քաղաքակրթութեան, աստ­ուածներու բացա­կա­յութիւնը, առաս­­պե­լական կրօնքի շիջումը։ Իսկ վկայելու հա­մար էութեան մասին՝ են­թարկուիլ պէտք է ոչ-էութեան։ Նիհիլականութեան օրէնքն է։ Այս պատ­ճա­ռով է, որ «ի ծննդեանէ» «ան­ցորդներ ենք, սահմանները անցնողներ, հորի­զոնները ճեղքողներ»։ Հոս արուեստա­գէտի կոչու­մին վերաբե­րեալ համոզումը եւ պատմական շրջանի բո­լո­րու­մին անհրա­ժեշ­­տու­թիւնը կը խառնուին իրարու։ Պէտք է հասնիլ մինչեւ ծայրը ոչին­չին որպէսզի ծնի-ծագի «նոր մարդ»ը, յեղափոխական շրջադարձով մը։ Բա­նաս­տեղ­ծին կոչումն է այդ շրջադարձին ընկերանալը, զայն ինքն իր մէջ կատարելը, զայն աշ­խարհին աւետելը։ Այսպէս է որ նիհիլականութեան շուրջ պատմական անդրա­դարձը կը յանգի բանաս­տեղ­ծութեան եւ ընդհանրապէս ար­­ուես­տի էութեան շուրջ մտորումի մը, որպէս տա­րա­գիր իրականութիւններ։ Բա­նաս­տեղծը տարագիր մըն է նիհի­լա­կա­նու­թեան պատ­մական շարժըն­թացին հետե­ւանքով։ Ահա­ւասիկ անձնական տարագրու­թիւն մը, զոր ան­հրա­ժեշտ է հասկնալ որ­պէս տիե­զերական երեւոյթ, որպէս վտանգաւոր անցք մը ոչին­չի տա­րածքէն։ Այդ «անցք»ը ինք­նին անհրաժեշտ է սակայն, քանի որ ա՛ն միայն կ’ա­պա­հովէ ոչինչին հակադրուող նոր էութեան մը, ուրեմն նաեւ՝ նոր առաս­պելի մը, արե­ւային ծագումը։ 1932ին գրի առնուած այս մտորումները կէտ առ կէտ կը զար­գա­ցնեն ինչ որ կը կար­դանք նոյն շրջանին կամ քիչ մը աւելի ուշ Գերմանիոյ մէջ պահպա­նողական յե­ղա­փո­խու­թեան ներկայա­ցուցիչ­նե­րուն մօտ։ Ներշնչուած են Զարեանի շպենգլերեան ընթեր­ցում­նե­րէն եւ աւելի հեռաւոր կերպով՝ կայ անշուշտ Նիցչէի ան­ուղղակի ազ­դեցու­թիւ­նը։ Մշակոյթի փիլիսոփայ՝ «նիհիլականութեան» Նիցչէն է հոս ետին կանգ­նածը, ոչ թէ «յաւիտեանական վերադարձ»ի Նիցչէն։ Ու արեւային շար­ժու­մին հետե­ւող, ուրեմն դէպի Արեւմուտք ուղ­ղուող ժո­ղո­վուրդի մը գաղթին մասին երբ կը խօսին, յայտ­նօրէն (բայց թաքնա­բար) ինքնակեն­սագրական հնչե­ղութիւն մըն ալ ու­նին իրենք իրենց մէջ, քանի այդ օրե­րուն է որ Զա­րեան կը պա­տ­րաստուէր Եւրոպան ձգելու, գաղթելու համար Միա­ցեալ Նա­­­հանգները, եւ ուրեմն իր բանաստեղծական ան­ձը նուիրելու նիհիլականու­թեան շարժ­­ընթացին։ Կը գոցեմ փակագիծը։

Փոխաբերութիւնը

27Եւ կը հասնիմ վերջին բաժնին, այս անգամ իրապէս «յաւիտենական շրջադարձ»ին մօ­տենալով։ Կեանքը փոխաբերութիւն մը չէ, ըսուեցաւ վերը։ Բայց մենք դատա­պար­տ­ուած ենք փոխաբերութեան ճակատագրականութեան։ Ինքնակենսագրութիւնը դիւ­րու­թեամբ պիտի չհպատակի վերադարձի ու շրջադարձի օրէնքը ապացուցելու պար­տաւո­րու­թեան։ Եւ սակայն ստիպուած ենք հիմա կրկնակի վերադարձի պատումը արձա­նա­գրելու, որուն համաձայն՝ է՛ ինչ որ կը վերադառնայ, ստիպուած ենք ուրեմն վերա­դար­ձի օրէնքով՝ նաեւ արձանագրելու պատումին օրէնքը, քանի որ պատումով է որ կը կա­տարուի վերադարձը։ Ու ահաւասիկ նոյն բաները ըսելու տարբեր ձեւ մը, զոր կը պարտինք «Սառա»յին, պատումին մէջ տեղ գրաւող Սառային, բայց ինչո՞ւ չէ նաեւ Սառա Քոֆմանին, Նիցչէի շուրջ գիրքեր գրած փիլիսոփային.

Սառա կ’որոճար նոյնին վերադարձի առասպելը, հապա ի՞նչ, առասպել է, տեսակ մը դարձող, շրջագայող երկինքներու շրջափո­խու­թիւն, ընդունէ՛ անմտածելի, ան­ե­րե­ւա­կայելի, խնդրեմ, խնդրեմ, միթոս է որ­պէսզի մտածուի ուրիշ բան մը, եթէ վերադարձ չըլլայ ժամանակ չկայ, գիտցիր, միթոսը մտածելու ձեւ մըն է, պա­տումն ալ մտածելու ձեւ մըն է, անոր ըլլալու կերպը, ոչ կաղապարը, բանակերպը։ Կը քայ­քայէ միթոսը։ Իսկ ինչ որ կը վերադառնայ այնքան տարբեր է մտածուա­ծէն, այնքան սարսռազդեցիկ ու ցնորեցուցիչ որ կ’ընկլուզէ քեզ։ (46)

  • 18 Ժորժ Բատայլի մօտ յաւիտենական վերադարձի անդրադարձը տեղի կ’ունենայ 1943ին խօսուած դասա­խօ­սու­թեան մ (...)
  • 19 Տե՛ս Երկուք, Ապրիլ հրատ., 2006, էջ 284. «... Ուրկէ՞ ալ գտեր էր բառը, որ պիտի գտնես Նիցչէի մասին իր (...)

28Խօսքը հոս Նիցչէի յաւիտենական վերադարձի կամ շրջադարձի մասին է։ Կ’ըսուի՝ առասպել մըն է։ Ժորժ Բատայլն ալ նոյն բանը կ’ըսէր:18 Առասպելը մտածելու ձեւ մըն է։ Առանց վերադարձի ու շրջադարձի՝ պիտի չըլլար ինչ որ կը կոչենք ժա­մա­նակը, պի­տի չըլլային ծագումը եւ տարագրութիւնը։ Պատումն ալ մտածելու ձեւ մըն է։ Դժուա­րու­թիւնը այդտեղ կը սկսի։ Կ’ըսէ՝ «կը քայքայէ միթոսը»։ Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս։ Պատումին ընդմէջէն արձանագրուած վերադարձի օրէնքը չի համապա­տաս­խաներ Նիցչէական վե­րադարձին, եթէ վերջինս առասպել մըն է, եթէ առաս­պե­լով մտած­ուածին ժամանակն է։ Ինչ որ կը վերադառնայ շրջադարձի ծայրակէտին, ծագումի եւ տարագրութեան յայտ­նաբերումէն ետք, սարսռազդեցիկ է, ցնորեցուցիչ է, կ’ընկլուզէ մեզ։ Ինչո՞ւ։ Միակ բա­ցատրութիւնը որ կրնանք երեւակայել, միակ պատասխանը այդ ինչո՞ւներուն, այն է որ «վերադարձող»ը մահն իսկ է, մահուան կտրուածքը, մեռեալներու շեղջակոյտը, աղէտը, մահ ու աղէտ որոնց համար որեւէ սուգ անկա­րելի են։ Հետեւաբար՝ սուգի անկարելիութիւնը։ Գիտենք որ Սառա Քոֆման, կեանքի վերջաւորութեան, ամբող­ջո­վին ինքնակեն­սա­գրական պատում մը արտա­դրած է, որ­մէ ետք անձնասպան եղած է։ Պա­տումին Սա­ռան ալ անձնասպան եղած է։ Չէ ըսուած հոս՝ Շրջում վէպին մէջ, ըսուած է նախորդին՝ Երկուքին մէջ։19 Հոս այլեւս ինքնա­կեն­սա­գրու­թեան խաղերը չեն։ Մահագրու­թեան այս սահմաններուն վրայ վերջ­նա­կա­­նա­պէս՝ կեանքը փոխաբերութիւն մը չէ։ Վերադարձի օրէնքին առաջին տարբե­րակը (մակադրու­մը, շրջանակներու շփո­թու­թիւ­նը, փշրուած ծովանկարը), բաւական անմեղ կը թուի հի­մա, «փշրուած ծովա­նկարը կրնայ վերա­դառնալ իր զանազան տար­­բե­րակներով, անուն­ները խառն ի խուռն կը փոխուին ինչ­պէս ամիսները», (220) կորսուած է, չի գիտեր ո՛ր մէկ նայոաւծքով պէտք է նայի իրերուն, ո՛ր մէկ անցեալին մէջ պէտք է տեղաւորէ զանոնք։ «Թերեւս ասոր համար չի յաջողիր ո՛չ թէ հետքեր գտնել, այլ զատորոշել նորը հինէն, կորսն­ցու­ցած կողմնորոշուելու կա­րո­ղու­թիւնը, զանազանելու պատկեր­ներու աւելի կամ նուազ ճշգրիտ շրջանակ­նե­րը...» : (223) Վերջնական տարբերակը, վե­րա­դարձը դէպի տարա­գրու­թիւն, ծագումի բա­ցայայ­տու­մը (ո՛չ այս կամ այն ծագումին, այլ ծագումի էութեան, ծագումին որ­պէս էութիւն) շնորհիւ տարագրու­թեան բացայայ­տումին եւ ստանձնումին. ասոնք սար­սափելի են իրենց հետեւանքներով ու են­թա­դրեալներով։ Ո՛չ մէկ փիլի­սո­փա­յա­կան վերա­ցականութիւն կայ այդտեղ այլեւս, հեռու է Բըրքլի Աբ­բայի դրոյթ­ներուն եւ իր հակա-նիւթապաշտ էաբանութեան հերքումը։ Երե­ւան կու գայ ան­երե­ւա­կայելի մեղ­սակ­­ցու­թիւնը էոյթին եւ մահուան միջեւ։ Առաս­պելը քայ­քայ­ուած է։ Ու վերջապէս կը հնչէ Սառային ամենէն ցնցիչ խօսքը. նոյնին վերա­դարձը փոխաբե­րութիւն չէ։

Երբեք, երբե՛ք այնքան ճիշդ չէ հնչած որքան հիմա Սառայի վարկածը. նոյնին վե­րա­դարձը փոխաբերութիւն չէ, այլ յայտնութիւն կ’ըսեմ, հանճարեղ, sublime, բա­ցա­­յայտ, շօշափելի։ Մամլող մեքենայի հարուած։ (269)

29«Le retour du même n’est pas une métaphore» ըսած պիտի ըլլար Սառան ֆրան­սերէ­նով։ Չեմ գիտեր՝ Սառա Քոֆման երբեք այդ­պիսի նախադասութիւն մը գրա՞ծ է։ Թէ՞ ար­դեօք ընդմիշտ «անվաւեր» մնալու դա­տա­պար­տուած խօսք մըն է, կ’ուզեմ ըսել՝ apo­cryphe խօսք մը։ Ըսի վերը որ այդ շրջանին գրուող Նիցչէ եւ փո­խա­բե­րու­թիւնը հա­տորին մէջ, Քոֆ­ման քանի մը կարճ ակ­նարկ­ներ ունի յաւի­տե­նա­կան վե­րա­դարձի մա­սին, բայց չկայ հոն յաւի­տե­նա­կան վերա­դարձի փոխաբերական օրի­նա­վի­ճակի մա­սին որեւէ ակ­նարկ։ Ու վիպումը ամեն խօսք անվաւեր կը դարձնէ, իր պաշ­տօնն է, իր իմաստն է, իր արդիւնքն է։ Իսկ պատու­մին մէջ արձանագրուած՝ Սառային անվաւեր խօսքը կ’ըսէ պատումին ճշմար­տութիւնը։ Կ’ըսէ թէ ինչո՛ւ պա­տումը կը քայքայէ մի­թո­սը։ Ուրեմն կրնա՞յ ըլլալ որ Նիցչէ նորէն ալ (այսինքն՝ ի հեճուկս ամեն ինչի) փո­խա­բե­րութեան վերածած ըլլայ նոյ­նին վե­րա­­դարձը, ու որպէս փոխա­բե­րութիւն ար­ձա­նագրած ըլլայ զայն իր Զրա­դաշտին մէջ։ Ու եթէ այդպէս է, պա­տումը կը վերա­դարձնէ վերադարձը «կեան­ք»ի ասպարէզին մէջ, հոն ուր կը տիրէ «գո­յութեան» սկզբ­նական համրութիւնը, կը վերա­դարձնէ վերադարձը աղէտի հորի­զո­նին մէջ։

  • 20 Ինչ կը վերաբերի Զրադաշտին, կը յիշեցնեմ Հայդեգերին ըսածը. «“Այսպէս խօսեցաւ Զրա­դաշտը”, իր ամ­բողջու (...)

30Բա­ցայայտ ու կոնկրետ՝ շօշափելի բան մըն էր նոյնին վերադարձը, Նից­չէին կեանքը տակ­նուվրայ ընող յայտնութիւն մը, որուն հրա­պա­րա­կային բացայայտումը գիտենք որ Նից­չէ­ին կողմէ կատար­ուած է շատ զգուշաւոր կերպով, անխոս­տովանելի գաղտ­նիք մը պար­­զե­լու պէս (նախ՝ քանի մը կոտորակներ Զուարթ գի­տութիւնը գիր­քին մէջ, եւ յե­տոյ՝ Զրա­դաշտը, փո­խաբերութիւններու թագաւորու­թիւ­նը20)։ Բայց նաեւ ու մի­եւնոյն ժամանակ՝ մի­թոս մըն էր, կ’ըսէ Սառա, այսինքն՝ ո՛չ թէ լուրջի չառնուելիք բան մը, այլ առաս­պել մը, «որ­պէս­զի մտածուի ուրիշ բան»։ Մէկը միւսին կը հա­կա­սէ՞։ Չեմ գի­տեր։ Կա­րե­լի է անշուշտ խորհիլ որ վէպի մը մէջ ենք, եւ վէպի մը կեր­պարնե­րը կրնան գաղափարներ նե­տել-բռնել առանց պատաս­խա­նատուութիւն ստանձ­­նելու իրենց արտասանած խօսքերուն համար։ Չ’արգիլեր որ լուրջի առնենք վերադար­ձին մասին ըսուածները, վէ­պի մը մէջ որուն նիւթն է «շրջում»ը, վի­պական շարքի մը մէջ որուն վերնագիրն է այսօր «Գիշե­րա­դարձ», եւ որուն դրոյթը այն է, թէ պատումը կը քայքայէ միթոսը, կը հասնի նոյնի վերադարձին առանց փո­խաբերու­թեան։ Այս­ի՞նքն։ Այսինքն կոտո­րակ­ուած ինքնա­կեն­սա­գրու­թեամբ, սկզբ­նական մնջութենէն դուրս տաժանելի եւ երա­նելի գաղթին լման պատ­մու­թեամբ, բայց մա­նա­­ւանդ երկրորդ մեկնումին ետին միշտ պահ­ուը­տած, ծուարած՝ մահա­գրու­­թեամբ։ Ու գիտենք. ինչ որ կը վե­րա­դառնայ առանց փո­խա­բերութեան, ինչ որ կը վերա­դառ­նայ յեղափոխութեան պատճառած զարթնումէն ետք, կատարելապէս սար­սռա­զ­դե­ցիկ է, ցնորե­ցու­ցիչ։

31Կը շրջիմ, կը տեսնեմ, ետեւս է, աղէտը։ Բայց ժա­մա­նա­կը անցեր է, վկայագրակա­նա­ցումի շրջանը՝ վերջացեր։ Հի­մա կը մնայ միայն զարթ­նումը, ի՛մս, այն մէկը որ կը պատահի միայն ժողո­վուրդ­ներուն, կը մնայ միայն շրջիլս, անվերջ։ Անվերջ կը դառ­նամ գի­շեր­ուան մէջ։ Ու անվերջ փոխանորդական ինքնակենսագրութեամբ՝ կը պատ­մեմ դառնալս, շրջումս, շիջումս։

Notes

1 Տե՛ս Մարկ Նշանեան, Փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը, Ակտուալ արուեստ, Երեւան, 2015։ Այս հատորը կը պարունակէ Մորիս Բլանշոյի եւ Ժորժ Բատայլի մասին երեք ուսում­նա­սիրութիւններ, եւ բնականա­բար՝ թարգ­մանութիւններ։

2 Տե՛ս «Մայրիներու շուքին տակ» (Գրական զրոյց Յակոբ Օշականի հետ), գրի առաւ՝ Բենիամին Թաշեան, Հա­րիւրամեակի հրատարակութիւն, թիւ 2, Պէյրութ, 1983, էջ 16։

3 Տե՛ս Empédocle հանդէսը, թիւ 2, 1949։ Հանդէսի կողքին վրայ վերնագիրն էր՝ «Un récit»? հարցկամ նշանով։ Ներքին էջերուն մէջ, հարցման նշանը անհետացած է, մնացած է միայն «Un récit»։ Տե՛ս նաեւ Դերիդային աշ­խա­տասիրութիւնը, որուն մասին պիտի խօսուի քիչ ետքը, Jacques Derrida, «La loi du genre», Parages վերնագրուած հատորին մէջ, Galilée, 1986, եւ հոն մասնաւորաբար՝ էջ 275-276։

4 Տե՛ս իմ թարգմանութեամբ՝ Մորիս Բլանշոյ, Վիպումներ, Ինքնագիր, Երեւան, 2013, էջ 124։

5 Տե՛ս Gérard Genette, «Genres, "types," modes», Poétique, 1977, թիւ 32։ Տե՛ս նաեւ նոյն հե­ղինակէն՝ Intro­duc­tion à l’architexte, Seuil, 1979, վերատպուած 2004ին։

6 Այս աշխատասիրութեան ֆրանսերէն բնագիրը լոյս տեսած է նախ Glyph հանդէսին մէջ (թիւ 7, 1980), անգլերէն թարգմանութեան հետ միասին։ Անգլերէն թարգմանութիւնը, Աւիտալ Ռոնէլի ձեռքով կատարուած, լոյս տեսած է առանձին Critical Inquiry հանդէսին մէջ (աշուն 1980), ու ետքը՝ բարեփոխուած (կամ չարափոխուած) թարգ­մա­նութեամբ Acts of Literature հատորին մէջ, Jacques Der­rida, Acts of Literature, ed. Derek Attridge, Routledge, 1992, էջ 222-252։ Բայց հատորով այս վերջին հրատարակութեամբ, գրութիւնը յապաւուած է ու չկայ Ժընէթի շուրջ լման վիճարկումը։ «Récit» բառին անգլերէն թարգմանութեան եւ Բլանշոյի «Ո՛չ մէկ պատում այլեւս» նախադասութեան շուրջ մտորումի մը համար, տե՛ս «Le sens de l’histoire» վերնագրուած գլուխը Le Sujet de l’histoire գիրքիս մէջ (Lignes, 2015), եւ նոյնպէս «Պատմութեան զգացողութիւնը» խորագիրը կրող բաժինը «Պատկեր, պատում, պատմութիւն» շարքին առաջին հատորին մէջ (Փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը, էջ 165-232)։

7 Jacques Derrida, Parages, Gallileé, 1986, էջ 261։

8 «Texte destiné... à faire comparaître ces classes en instruisant leur procès, en procédant au procès de la loi du genre»։ Օրէնքն է, սեռին կամ ժանրին օրէնքն է, որ պիտի կոչուի «դատ»ի, պիտի քննարկուի։

9 Acts of literature, էջ 226։

10 «Յետոյ, կարծեմ գիտէք թէ Կիպրոսը Ս. Ղազար մը չէ։ Ստիպուած եմ բաւարարուիլ իմ մի­ջոց­ներովս։ Ասկէ՝ վէպի հարկադրանքը»։ Տե՛ս Մայրիներու շուքին տակ, էջ 16։

11 Զարթնումի այս զոյգ տեսարանին մասին Յակոբ Օշականի մօտ, տե՛ս իմ «Աղբիւրի ակին` վրէպը վէպին մէջ», Օշականի նուիրուած գիտաժողովի զեկոյցները հաւաքող հատորին մէջ, Համա­զգային հայ կրթական եւ մշա­կու­թային միութիւն, Երեւան, 2011, էջ 84-126։

12 Տե՛ս Marc Nichanian, Le Sujet de l’histoire, Lignes, 2015։ Տե՛ս նաեւ «Պատկեր, պատում, պատմութիւն» շարքին երկրորդ հատորին մէջ («Հանդիպակաց ափէն») Հարուածը վէպին վերաբերող գլուխը։

13 Տե՛ս Րաֆֆի Աճէմեանին հետ հարցազրոյցը, «Հարցազրոյց Գրիգոր Պըլտեանի հետ», «Հորիզոն» թերթի Գրա­կան Յաւելուածին մէջ լոյս տեսած Դեկտ. 1999ին։

14 Այս մասին ընթերցողը կը յղեմ ֆրանսերէն լոյս տեսած «Le Candidat de Zareh Vorpouni: Le té­moignage, le sacrifice et le pardon» աշխաասիրութեանս (Le génocide arménien: Un siècle de re­cherches, Armand Colin, 2015), ու նոյնի հայերէնով յեղումին, «Պատկեր, պա­տում, պատութիւն» : արքի երկրորդ հատորին մէջ։

15 Տե՛ս Sarah Kofman, Nietzsche et la métaphore, Seuil, 1972, վերատպուած չնչին փոփո­խու­թիւններով 1986ին, Galilée հրատարակչատան մօտ։ Կայ անգլերէն թարգմանութիւն մը, Nietzsche and Metaphor, թարգմանիչ՝ Dun­can Large, The Athlone Press, Լոնտոն 1993։ «Յաւիտենական վե­րա­դարձ»ին գացող ակնարկները անգլերէն հրա­տարակութեան մէջ կը գտնուին էջ 118, 159 եւ 186։

16 Տե՛ս Maurice Blanchot, Faux Pas, Gallimard, 1948, էջ 318։ «Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը» հայերէն թարգմանութեամբ հրամցուած է Ինքնագիր համացանցային հանդէսին Սեպտ. 2015ի համարով։ Տե՛ս նաեւ այդ էջերուն նուիրուած իմ պարզաբանական աշխատասի­րու­թիւնս, «Հան­գանակ մը» վերնա­գրով, Ինքնագիր, Հոկտ. 2015։ «Գոյութեան» եւ «էոյթ»ի բառապաշարը (exis­tence et être) Բլանշոյի կողմէ փոխ առնուած է Էմմանուէլ Լեւինասի De l’existence à l’existant գիրքէն (Գո­յութենէն դէպի գոյակը, լոյս տեսած 1947ին)։ Բլանշոյի մօտ «մեկնում»ի անհրաժեշտու­թիւնը ըսուած է, ծնելու համար եւ ծնունդ տալու համար համրութեան ժամանակին, ինչ որ կ’են­թադրէ առա­ջին վե­րա­դարձ մը։ Ընդհանուր շրջադարձի օրէնքը («մեկնում, վերադարձ, մեկնում») եւ ուրեմն երկ­րորդ մեկ­նումը դէպի տարագրութիւն նոյնքան բացայայտ կերպով չեն արձանագրուած անոր կողմէ, բայց ան­շուշտ ենթադրուած են։

17 Կոստան Զարեան, Բանկօօպը եւ Մամութի ոսկորները, Անթիլիաս, 1987, էջ 303։ Տե՛ս այս մա­սին իմ Le Deuil de la philologie (MétisPresse, 2007) գիրքին մէջ Կոստան Զարեան նուիրուած Յաւելուածը, էջ 334, եւ հայերէն լեզուով ի միջի այլոց՝ «Համագրայնացումի Բարոյականութիւնը» յօդուածս, Հայկազեան Հայագիտական Հան­դէս, Պէյրութ, 2012, էջ 575-576, որմէ կը քաղեմ նաեւ յաջորդ պարբերութեան պարզաբանական զար­գա­ցումը։

18 Ժորժ Բատայլի մօտ յաւիտենական վերադարձի անդրադարձը տեղի կ’ունենայ 1943ին խօսուած դասա­խօ­սու­թեան մը մէջ, «Le rire de Nietzsche» («Նիցչէի քրքիջը»), տե՛ս Georges Bataille, Oeuvres Complètes, VI (Gallimard, էջ 312). «Որպէս ճշմարտութիւն որուն վրայ կարելի ըլլար մտա­ծումը կռթնցնել, յաւիտենական վերադարձը հէքիաթ մըն է, բայց որպէս անդո՞ւնդ, չի գոցուիր այլ­եւս...»։ Բատայլի մօտ յաւիտենական վերադարձի նկատմամբ ընդհանուր կասկածանքը կ’արձա­նա­գրուի «մխիթարութեան» եւ «փրկութեան» (consolation, salut) քրիստոնաէական գաղափարներուն դէմ խիստ քննա­դա­տութեան մը ծիրին մէջ։ Այս մասին՝ ուրիշ առիթով։ Մինչ այդ տե՛ս իմ աշ­խա­տա­­սիրութիւնս՝ «Le saut et le salut. Une athéologie de la Catastrophe», Contre-Attaques, Al Dante / Collectif, 2010, էջ 103-126։

19 Տե՛ս Երկուք, Ապրիլ հրատ., 2006, էջ 284. «... Ուրկէ՞ ալ գտեր էր բառը, որ պիտի գտնես Նիցչէի մասին իր գրքին մէջ, սեւով ճերմակի վրայ, կարծես թէ ատով ամբողջ գիրքը կ’ուղղէր քեզի կամ նոյն պահուն կարծես թէ գրէր այդ գիրքը, իր վերջինը, այո, իր վերջինը նախքան ճա­կա­տա­գրա­կան դէպքը, եթէ կարելի է այսպէս խօսիլ այդ աղիտալի արարքին մասին»։ «Բառը» որուն կ’ակ­նար­կուի՝ կ’ենթարեմ որ «վերացական շուլլում»ն է, վստահ չեմ։ 1972ի գիրքէն ետք՝ Սառա Քոֆման երկու գիրք եւս գրած է Նիցէի մասին. Explosion I: De l’"Ecce Homo" de Nietzsche (1992) եւ Explosion II: Les enfants de Nietzsche (1993), ու յաջորդ տարին՝ Le mépris des Juifs: Nietzsche, les Juifs, l’an­ti­sé­mitisme (1994), երկուքն ալ՝ Galilée հրատարակչատունէն։ Իր վերջին գիրքը (Rue Ordener, rue Labat, 1994ին, նոյնպէս Galiléeի մօտ) ինքնակենսագրական է, հայրը Աուշվից ղրկուելուն եւ իր՝ պզտիկ աղջկան անգիտութեան եւ անմեղութեան տաժանելի յիշատակնե­րուն շուրջ հիւս­ուած։ Երկուքի մէջ կայ ուրիշ շատ գե­ղե­ցիկ եւ շատ յուզիչ էջ մը (էջ 265) Սառայի մասին. «Սառա պիտի հետզհետէ հե­ռանար, առանձնանար, մարմին առանց հոգիի կամ հոգի առանց բառի... պիտի մթնէր, ընկղմէր ինքն իր մէջ, հեղձուցիչ այլամերժութեան կամ մե­նամոլութեան...»։

20 Ինչ կը վերաբերի Զրադաշտին, կը յիշեցնեմ Հայդեգերին ըսածը. «“Այսպէս խօսեցաւ Զրա­դաշտը”, իր ամ­բողջութեան մէջ նկատի առնուած, երկրորդ դրսեւորումն է յաւիտենական վե­րա­դարձի վարդապետութեան... Ողբերգութիւնը տեսանելի դարձնելու համար, Նիցչէ պէտք է հերոս մը հնարէր, որուն շուրջ ողբերգութիւնը կը զարգանայ։ Այդ հերոսի կերպարին հիմքը յաւի­տենական վերա­դարձի մտածումն է» (տե՛ս Martin Heidegger, Nietzsche, հատոր I, Neske, 1961, էջ 283)։ Իսկ առաջին դրսեւորումը անշուշտ կը գտնուի Զուարթ գիտութիւնը գիրքին թիւ 341 պարբերութեան մէջ, տե՛ս Friedrich Nietzsche, Kritische Studienausgabe, de Gruyter, հատոր 3, էջ 570։ Յակոբ Մով­սէսի թարգ­մա­նութեամբ տե՛ս Զուարթ գիտությունը, Վան Արեան, Երեւան, 2005, էջ 236-237։

© Presses de l’Inalco, 2021

Licence OpenEdition Books

Rechercher dans OpenEdition Search

Vous allez être redirigé vers OpenEdition Search