URL originale : https://books.openedition.org/pressesinalco/41302
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ՏԵՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
LA POÉSIE COMME TOPOGRAPHIE
Poetry as topography
p. 175-188
Résumés
Rien n’établit aussi clairement la « destruction » comme un mal continu que le poème de Krikor Beledian «Տեղագրութիւն Քանդուող Քաղաքի Մը Համար» (Topographie d’une ville en déstruction), inspiré par la dévastation de Beyrouth en 1975, et qui pose des parallèles avec la catastrophe de 1915.
Il semble que les destructions survenues à différentes époques et dans différents lieux géographiques n’aient jamais servi d’exemple pour mettre un terme définitif à ce mal.
De ce fait, différentes catégories d’atrocités, de violences, de meurtres, de crimes et de méfaits sont incorporées dans le texte de Beledian comme un phénomène récurrent et incurable.
On peut considérer «Տեղագրութիւն Քանդուող Քաղաքի Մը Համար» comme une épopée contemporaine qui construit un monument à la destruction afin de dire que la « violence » elle-même n’est « rien ». Par ailleurs, délier une langue rendue muette par la catastrophe signifie s’ouvrir à l’événement, à la catastrophe.
Nothing establishes “destruction” as a continual evil as much as Krikor Beledian’s poem “Տեղագրութիւն Քանդուող Քաղաքի Մը Համար” (Topography of a Destroyed City), which was inspired by the devastation in Beirut in 1975 and draw parallels to the catastrophe in 1915.
It seems as if the destruction occurring in different periods and in different geographical locations has never served as an example to put an end to evil once and for all.
Consequently, the categories of atrocity, violence, killing, crime, and evil have been incorporated into the work as an ongoing and recurring phenomenon without a cure.
It is possible to say that “Տեղագրութիւն Քանդուող Քաղաքի Մը Համար” is a contemporary epic that builds a monument to destruction in order to say that “violence” itself is “nothing.” On the other hand, starting to once again speak the language muted by catastrophe exposes the event, the catastrophe.
Texte intégral
1Դժուարութիւն մը զիս կը կաշկանդէր սկսելու համար այս խօսքը Գրիգոր Պըլտեանի մասին։ Պարզ է, կ’ուզես խօսիլ անոր գործերու ամբողջութենէն, բայց չես գոհանար։ Անդիմադրելի մղումով մը միաժամանակ կը տրամադրուիս կանգ առնելու գործերէն ամեն մէկուն վրայ, կ’ուզես առանձնաբար խօսիլ իւրաքանչիւրի մասին, քանի որ կը տեսնես թէ արդէն շատ ըսելիք ունիս ամեն մէկ հատորի մասին առանձին։
Մուտք
2Գրիգոր Պըլտեան հայ գրականութեան անդաստան մտաւ ո՛չ Եղիշէ Չարենցի Ամբոխները խելագարուածի շեշտով, ուր բանաստեղծը կարմիր դրօշակներու անտառի առաջին գծի վրայ դրօշ պարզած, ռազմաշունչ երթով կը դիմէր դէպի գաղափարախօսական յեղափոխութիւն. ո՛չ Անդրանիկ Ծառուկեանի Թուղթ առ Երեւանի ժողովրդական համբաւով, ո՛չ ալ Պարոյր Սեւակի Անլռելի զանգակատունի ղօղանջներով։ Անիկա հայ բանաստեղծութեան աշխարհ մտաւ, ռումբերու աղմուկի տակ, առանց շեփորի եւ առանց ամբոխավարութեան, Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար խորագրուած պոէմի պոռթկացող էջերով, ուր բարձրաղաղակ պիտի ձայնէ պարտութիւնը իրաւունքի, յաղթանակը անբարոյութեան, պայթումը ճշմարտութեան. «արեւը աչքին մէջ պայթող աւետող էջին վրայ...մօտիկ‐մօտիկ / ի՞նչ աւեր / այն որ / հրացանի փող…» (էջ 7, Բ հրատարակութիւն, 1997թ.)։
3Նախքան ընթերցումի անցնիլը յիշեցնեմ անհրաժեշտ մատենագիտական տուեալներ։ Տեղագրութիւնը գրուած է Փարիզ, Պէյրութի կռիւներու օրերուն, 1975‐76 թուին, դէպքերու սկիզբէն անմիջապէս ետք։ Հրատարակուած է երկու անգամ։ Առաջինը՝ 1976‐ին կողքի գծանկարով մը՝ Ասատուրէն, գրամեքենայի տառերով շարուած եւ տպուած Փասատենայի մէջ, եւ երկրորդը՝ 1997‐ին, Լոս Անճելես համակարգչային շարուածքով, կողքի տարբեր նկարով մը դարձեալ Ասատուրէն։ Երկրորդ հրատարակութիւնը ձօնուած է Ռաֆֆիին եւ վերջաւորութեան աւելցուած է Յետ‐գրութիւն մը։
Երկու քաղաքներ
4Պոէմը սկսող տողերը նշեցի արդէն, որուն ներշնչումը յայտնութենական կամ յեղափոխաշունչ միսթիք տեսիլքէ մը չի գար, այլ դէպքերու առարկայական, տեսանելի պատկերներէ՝ սփռուած հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ, կամ լուրերէ՝ ձայնասփիւռի կայաններէն հաղորդուած, ընթերցումներէ՝ քաղուած լրագրի էջերէն, եւ թերեւս ալ արհաւիրքէն ճողոպրած պէյրութցիներու վկայութիւններէն։ Տեսողական այս ներշնչումը ըստ ինքեան կ’արժեւորուի, որովհետեւ Տեղագրութիւնը գրուած պահուն գործը այնպիսի զօրեղ, ուժգին արտայայտչականութիւն մը կը ստանայ, որ ընթերցողը կը հրապուրուի, չըսելու համար կը շանթահարուի անոր բանաստեղծական հնարքէն եւ որակէն, ինչպէս նաեւ տաղաչափական նորովի երաժշտականութենէն։
5Դուրսի, աշխարհագրականօրէն կործանուող, քանդուող քաղաքին վրայ ձեւաւորուած, գրութիւնը ներսի խորերէն, քանդուող քաղաքը կը կառուցէ, յօրինելով բանաստեղծական քաղաք մը։ Երկրորդ քաղաք մը։ Կոտորածի, աւերակումի, սարսափի տեսարանները նոյնն են երկու քաղաքներուն մէջ. բանաստեղծականը կը ցոլացնէ դէպքերուն հարազատ պատկերը հակառակ իր տարբերութեան։ Պատկերներու հարազատութեան շնորհիւ ընթերցողը զարմանալիօրէն եւ խորապէս կը տպաւորուի գրողին արուեստագէտի կարողութենէն, որովհետեւ պահ մը այն խաբկանքը կ’ունենայ թէ գրողը հո՛ն է, տեղատարափ ռումբերու տակ, նկուղի մը մէջ նստած եւ կը գրէ, մինչդեռ հազարաւոր քիլոմէթրեր զինք կը բաժնեն պատերազմի վայրէն։ Բանաստեղծական քաղաքը կը տարբերի աշխարհագրականէն անով որ, դուրսի կործանարար դէպքերուն զուգահեռ կը խառնուի բանաստեղծի ներքին, ինքնավար աշխարհէն ժայթքող կեանքի խօսքը, փոխանակ երկրաւոր, քարեղէն քանդուող քաղաքի սեւ ճիչին։
6Բանաստեղծական քաղաք կոչեցի Տեղագրութիւնը։ Թոյլ տուէք երկու խօսք ըսել այս երկար վերնագիրին շուրջ, որ իր ընդլայնուած ձեւով նման է հեղինակի յաջորդ գործի վերնագիրին. Հատուածներ «սենեակի» մասինին։ Արդարեւ առանձին նախադասութիւն մըն է անիկա, որ մաս կը կազմէ գրութեան ամբողջութեան։ Վերնագիրը ուրեմն՝ գործը կը զետեղէ «մասին»ի կամ «համար»ի կալուածին մէջ նախ. այսինքն գրութիւն մը՝ բանի մը համար, բանի մը մասին։ Այս «մասին»ն է սակայն որ երկու քաղաքները կը միացնէ, վասնզի գրութիւնը նաեւ ինքն իր մասին է։ Տեղագրութիւն մը սովորաբար տեղի մը կրաֆիք ներկայացումն է կամ անոր նկարագրութիւնը։ Այս պարագային՝ քաղաքի սիսթեմաթիք նկարագրութիւն չկայ, կան միայն ակնարկութիւններ, հատուածային կերպով տրուած պատկերի բեկորներ։ Կայ սակայն քանդումը, այսինքն՝ հաւաքական տեղի մը ոչնչացումին պատկերը էջին իսկ վրայ, որ մեզի կը տրուի դասուած դաս առ դաս, իրարու մէջ մտած, խառնուած, բազմաթիւ ելեւէջներով օժտուած տողերու որպէս լաբիւրինթոս մը։ Տողեր որ մարդ կրնայ կարդալ բազմաթիւ ուղղութիւններով: Օրինակ՝ հորիզոնական սովորական ձևով՝ տողը լման, երկրորդ՝ ուղղահայեաց կրճատ տողերով, երրորդ՝ շեղակի կամ զիգ զակ, կարելի է կարդալ նաև վարէն ելլելով դէպի վեր: Ինչ որ հետաքրքրական է ընթերցումի այս տարբեր ուղղութիւնները ընդհանուր իմաստին վրայ կ’աւելցնեն նոր իմաստներ (տե՛ս յաւելուած Ա էջ 11): Տեղը այս պարագային քանդումին տեղն է, իսկ գրութիւնը անշուշտ անոր բանաստեղծական կերպով ստեղծումին, ինչ որ վերը կոչեցի բանաստեղծական քաղաք։ Պէտք չէ մտածէք որ բանաստեղծական քաղաք կոչածս գեղեցիկ, երանաւէտ բաներ կ’ոգեկոչէ մտքիս ինչպէս շատ մը ընթերցողներու։ Բանաստեղծականը պատերազմի մը գեղագիտական ներկայացումը չէ։ Հոն ջանք մը չենք տեսներ քանդումը գեղեցկացնելու կամ հերոսական, վսեմական բանի մը վերածելու։ Ռազմաշունչ քերթողները շատ անգամ կը տարուին չարաղէտ դէպքերը զարդարելու գործով, կը սիրեն պաճուճել։ Բանաստեղծը նման բան մեզի չ’առաջարկեր։ Կարծես թէ մեծ զգուշութեամբ կը խուսափի այդ աւանդութենէն, գեղեցիկ խօսքի աւանդութենէն, որուն արդիւնքը այն կ’ըլլայ որ ամենէն անհանդուրժելին հանդուրժելի կը դառնայ, որովհետեւ կը գեղեցկանայ։ Բանաստեղծական քաղաքը՝ բանաստեղծական խօսքի ստեղծումին հետ կ’առընչուի։ Այդ խօսքի խնդրին կ’ակնարկէ գրողը երբ հարց կու տայ ինքն իրեն. «Բայց ինչպէ՞ս կրնամ յանկարծ խօսիլ»։ Այնպէս կ’երեւի որ սկիզբը կաշկանդուած է, անկարող եղած է խօսելու, համրացած է, ինչպէս կը պատահի մարդոց որոնք սահմռկեցուցիչ դէպքի մը առջեւ բառ չեն գտներ ըսելու։ Ասիկա պարագան չէ՞ աղէտէ մը վերապրողներուն որոնք կը կենան կարկամած եւ չեն կրնար խօսիլ։ Ուստի զարմանքի արտայայտութիւն մըն է որ հարցումին հետ կու գայ։ Ասով մեզի կը թելադրուի որ մեր կարդացածը դժուարութենէ մը վերջ եկած գրութիւն մըն է, խօսելու դժուարութենէ։ Բայց քանի որ ի վերջոյ խօսքը, բանը գրուած է, կը նշանակէ որ դժուարութիւնը խորտակուած է։
Առասպելի քանդումը
7Առաջին էջին առաջին տողերը ընթերցողը կը յղեն Վահագնի ծնունդին, հայ անանուն առաջին բանաստեղծութեան.‐ « … ընդ եղեգան/ փող / բո՛ց…/ «էպոս » /»։Այս սկիզբը պատահական չի կրնար ըլլալ։ Աչք մը նետենք հեղինակի մէկ ուրիշ գրութեան վրայ, ուր կը խօսի Խորենացիի պատմութեամբ մեզի հասած Վահագնի ծնունդին մասին։ Ահաւասիկ լուսաբանիչ յայտարարութիւն մը. «Այս Վահագնի ծնունդը…կը կրէ իր մէջ ոչ միայն առասպելի ներյայտ ըմբռնում մը, այլ կը տեղաւորէ բանաստեղծութիւնը կէտի մը վրայ, որ պիտի կոչեմ առասպելին հիմնական եզրը՝ պատումը… Բանաստեղծութեան որոշադրումն է առասպելաբանութեամբ որ կ’արտադրէ պատումը :1 Այս տողերը գրուած են Տեղագրութիւնէն աւելի ուշ։ Անոնք դրուած են յօդուածի մը մէջ որուն նիւթը մեր բանաստեղծութեան պատմութիւնն է։ Հոն գործածուած «բանատեղով» բառը՝ կ’ուզէ ըսել այդ առասպելով։ Այս յայտարարութիւնը մեզի թոյլ կու տայ հասկնալ Վահագնի առասպելին ոգեկոչումը գրքին սկիզբը։ Քաղաքի քանդումի մասին կը սպասուի էպոս մը, առասպելաբանական պատում մը, ինչպէս Հոմերոս կատարած է այս գործը իր Իլիականին մէջ, որ ի՞նչ է եթէ ոչ պատում մը Տրովադայի քանդումին մասին։ Այդ քանդումը առիթ կու տայ հերոսութեան պանծացումին. Աքիլլէսի, Հեկտորի անձնաւորութիւններուն ընդմէջէն։ Տեղագրութիւնը ո՛չ հերոս ունի, ոչ ալ պատում է. բանաստեղծութեան երկայնքին մենք չենք տեսներ դրուագներ, նոյնիսկ միջադէպեր։ Ասիկա շատ հաւանաբար բան մը կը նշանակէ։ Կը նշանակէ որ առասպելը չի զօրեր, պատումը չի զօրեր։ Ասոնք անկարելի են։
8Առասպելին դիմաց կամ անոր տեղը կը հակադրուի քաղաքի վիճակը։ Լռելեայն կերպով կը հասկնանք որ դիւցազներգութեան դիմաց կը զետեղուի տեղագրութիւնը, քանդումին տեղը։ Վերը նշած տողերս կը շարունակուին յղուելով այս անգամ ներկայ ոճիրներուն։ «… հրազէ՛ն կրակո՛ց / ճակատիդ / ընդ պողպատեան երկփող / հրացող պողոտան…»։ Ընթերցողը կը նշմարէ որ Վահագնի ծնունդի տողերէն, դիւցազներգութենէն, բանաստեղծութեան մէջ մնաց պատկերի կտոր մը. «Ընդ եղեգան փող»ը վերածուեցաւ «ընդ պողպատեան երկփող հրացան»ի։ Մարդ այն տպաւորութիւնը կ’ունենայ որ առասպելը քայքայուեցաւ, առաջին փողը դարձաւ երկու, զէնքի տեսակները փոխուեցան, կատարելագործուեցան, ուրիշ դարաշրջան ոտք կոխեցինք. ներկան, որուն դիմաց, ինչպէս ըսի արդէն, պատումը չի զօրեր։ Կը մնան միայն խօսքի կտորներ, հատուածներ, պատկերներ։ Ամեն բան ջարդուած է այլեւս։
Վայրիվերում վայրերու
9Պըլտեան կազմակերպած է իր աշխատանքը երկու մակարդակներու վրայ, որոնք ընդելուզուած են իրարու։ Նախ քանդուող քաղաքին՝ Պէյրութին, իր ընդհանուր բնակչութեան կազմածով, ապա այդ բնակչութեան մաս կազմող հայ հաւաքականութեան, որ կ’ապրի առանձնացեալ թաղամասերու մէջ։ Մէկէն միւսին վերաբերեալ անցումները միահիւսուած են, կը զատորոշուին տողերուն թելադրութեամբ։ Թոյլ տուէք ըսեմ՝ այս տեղագրական պոէմը մասնաւոր լուսարձակի տակ կ’առնէ քանդուող քաղաքին հայ հաւաքականութեան ճակատագիրը, հայոց՝ որոնք մօտիկ անցեալին, պապենական իրենց հողերէն բռնի տեղահանուած, հազիւ կայք հաստատած հիւրընկալ օտար հողերու վրայ, որոնց համար վայրերը այլեւս էին «վայրիվերում վայրերու», ահա դարձեալ անոնց կը սպառնայ, մահուան վտանգ, կորուստի կսկիծ, դժբախտ տարասփռում։ Գիրքը կ’ըսէ. ‐ «սեւ ճիչ սկիզբէն մեռնողին վերադարձող արգանդէն / եւ ճիւղերու ետին այլեւս ոչինչ խաղաղութիւն / երբ կը պոռան ցանկերը նախկին չարչարանաց / գլխատո՛ւմ / բազկահատո՛ւմ / կրտո՛ւմ /»։ Կը շարունակուի տողը այլօրէն.‐ «տափակցած մարմինը մեր / պատին վրայ արեան բացուող ճիւղաւորուող ճեղք / եւ գլուխը պայթող տարասփիւռ ու մածուցիկ աշխարհագրութիւն/»։ Այս խօսքերը հայ ընթերցողին մտքին կը բերեն ծանօթ պատմական դէպք մը։ Իսկ ասիկա ըսուած է հեղինակէն, որ Վեհանոյշ Թէքեանի հետ իր զրոյցին մէջ, 1978ին կ’ըսէ. «Ինչ որ պատահեցաւ Պէյրութի մէջ նման էր անոր որ տեղի ունեցաւ 1915ին։ Հետեւաբար հարց էր թէ ինչպէ՞ս կարելի էր նման դէպք խօսիլ։ Ինչպէ՞ս կրնամ այս դէպքին մասին խօսիլ ու գրել, գոնէ այս անգամ ընել ատիկա քանի որ նախորդը, 1915ը չկրցանք խօսիլ»։ Աւելի անդին, նոյն տեղը, կ’աւելցնէ. «Դէպքերէն անդին կայ Դէպքը… Դէպքը որ կու գայ իբրեւ բրտութիւն»։2 Կը խորհիմ որ յստակ է կացութիւնը. ներկայի դէպքերը կը յիշեցնեն կամ կը յուշեն նախկին Դէպքը, ինչպէս կ’ըսէ բանաստեղծը։ Ըստ երեւոյթին այն բոլորը, որոնց ականջալուր կ’ըլլանք, կը թուին կրկնութիւնը արդէն անգամ մը պատահածին։ 1975ը ուրեմն 1915ի ժամանակակից դարձած պատկերն է։
10Տեղագրութիւնը հետեւաբար «աւերը» կը հաստատէ իբրեւ շարունակուող չարագործութիւն։ Տարբեր ժամանակներու եւ աշխարհագրական տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցած աւերները կարծէք բնաւ օրինակ չեն ծառայած վերջակէտելու չարիքը։ Ուստի՝ վայրագութիւն, բրտութիւն, սպաննութիւն, ոճիր, արիւնահեղութիւն, անբարոյութիւն, անմարդկայնութիւն, չարիքի ստորոգելիները, առնուած են գործին ներսը իբրեւ անդարմանելի շարունակուող ու կրկնուող երեւոյթ։
Դէպքը դէպքէն անդին
11Ենթախորագիրս մէջբերում է, պիտի տեսնէք։
12Ընթերցողը եթէ պէյրութցի է գիտէ թէ երկրին կամ քաղաքին բնակչութիւնը բաղկացած է այլազան կրօնական յարանուանութիւններէ, որոնք ներդաշնակ խաղաղ համակեցութեամբ իրարու հետ ապրած էին, եւ կ’ապրէին երկար տարիներէ ի վեր։ Իսկ պետութիւնն ալ հիմնուած՝ համայնքային դրութեան մը վրայ։ Ընթերցողը ասոնց պէտքը չունի։ Տեղագրութիւնը լիբանանեան իրականութեան ընկերային տուեալներով չի զբաղիր, տեղեկութիւններու տեղեկագրութիւնը չ’ընե՛ր։ Գործին նպատակը բնաւ այդ չէ։ Որոշ ծանօթութիւն կարեւոր կը նկատեմ, որովհետեւ այդ տուեալները չեն արհամարհուած։ Եթէ ոչ գիրքը պիտի գրուած ըլլար որեւէ քանդուող քաղաքի մասին, ինչ որ հաւանաբար գրողին նպատակը եղած է, եթէ նկատի առնենք ըսուածը. «դէպքերէն անդին Դէպքը»։ Ասոր համար է որ նոյնիսկ` ի՞նչ պատճառէ ծագում կ’առնեն կռիւները, ո՞ր կրօնական յարանուանութիւնը կամ ասոր մէկ մարտական խմբակը կ’ըլլայ նախայարձակը, ինչո՞ւ կը սաստկանան կռիւները, ընկերաքաղաքական հարցեր ընդհանրապէս վերլուծումի ենթարկուած չեն։ Ընթերցողը ինքզինք անմիջապէս կը գտնէ քաղաքի մը ընդհարումին, բախումին մէջ։ Կը հաստատէ թէ չկան մարդիկ, իմաստուններ կամ քաղաքագէտներ, որոնք շահագրգռուած՝ համայնական բարիքներէ, երկխօսութեան նստած ըլլան, կռիւները դադրեցնելու, քաղաքի բնակչութեան խաղաղութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ։ Փոխարէնը՝ կը գտնէ… Զէնքի լեզուն։ Երկխօսութիւնը սպաննող։ Անմիջապէս ըսենք թէ ընթերցողը պէտք չէ սպասէ նաեւ որ այս գործէն բարոյախօսական սովորական դասեր կրնայ քաղել, ինչպէս ասիկա կայ մեր հին գրականութեան պատմական ողբերուն մէջ։ Կայ անշուշտ բարոյականի խնդիր գործին մէջ, բայց տեղագրութեան ռազմաբեմին վրայ ընդհարումը բարիի եւ չարի առճակատումը չէ։ Առճակատում կայ միայն անդէմ ուժերու միջեւ. չարը չարին դէմ։ Քաղաքին կործանումը կրօնաբարոյական նկարագիր ալ չունի։ Գործը չի նշեր երբեք որ քաղաքացիները կ’ենթարկուին աստուածային պատիժի, որովհետեւ մեղքեր գործած են, ինչպէս նման դէպքերու կը հանդիպինք սուրբ գրային դրուագներու մէջ. յիշենք անոնցմէ մէկ երկու հատ. Երուսաղէմի անկումը Եզեկիէլ մարգարէի ժամանակ, կամ Սոդոմ‐Գոմորի կործանումը Ղովտի օրերուն։ Յամենայն դէպս այստեղ բանաստեղծը գալիքի չարիքին պատգամը յայտարարողը կամ փոխանցողը չէ, մարգարէ կամ գուշակ մը չէ, ան լեզուն կը բանայ դէպքը սկսելէ ետք։ Ուստի հեռու բարիի եւ չարի աստուածաբանական հարց տեսնելէ Պըլտեանի բանաստեղծական քաղաքին մէջ։ Բայց բարոյագիտական հիմք ունի գործը։ Առաջին էջին առաջին տողին մէջ, ճշմարտութեան խնդիրը նախաբանի պէս դրուած է.‐ «արեւը աչքին մէջ պայթող»։ Տեղագրութիւնի մասին իր հարցազրոյցին մէջ հեղինակը կ’ըսէ թէ «արեւը» ճշմարտութիւնը կը խորհրդանշէ. «Արեւմուտքի մէջ միտքը, գաղափարը լուսաւոր է։ Նայեցէք Պղատոնի արեւուն որ կը լուսաւորէ գաղափարներու աշխարհը, ճանաչումը կ’երթայ շուքերէն մինչեւ արեւու պայծառութիւնը, ճշմարտութիւնը»:3Ուրեմն պոէմը կը սկսի ճշմարտութեան պայթումով։ Իսկ ի՞նչ է ճշմարտութեան գաղափարը պոէմի սեմին։ Պիտի ըսէի ապրելու իրաւունքը։ Կարճ խօսքով՝ կեանքը։ Հեղինակը առաջին իսկ էջէն կը յայտնէ իր զայրոյթը, որովհետեւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի կողոպուտով, յափշտակութեամբ, զինու զօրութեամբ, բրտութեամբ, վախի ազդեցութեամբ զրկելու դիմացինը կեանքէն, ապրելու իրաւունքէն՝ ճշմարտութեան համոզումէն։ Գիրքը կը շրջանցէ դէպքերու յարաբերականացումը, կը զգուշանայ բաղդատութիւններէ, եւ ինչպէս որ կը շրջանցէ յարաբերականութիւնները, այնպէս ալ կը շրջանցէ բարոյականութեան եւ բարոյագիտութեան տարբերութիւնները։ Հեղինակը անծանօթ չէ իմաստասիրական նրբութիւններուն այս վերջիններուն միջեւ։ Բարոյականութիւնը կ’առաջնորդէ նախընտրութիւններ կատարելու. ընդունելով դէպքերէն ոմանք եւ մերժելով ուրիշներ։ Այս նախասիրութիւնը ինքնաբերաբար արժեւորման հարց կը ծագեցնէ, ինչպէս ատենին կ’արժեւորուէին դիւցազնը կամ թագաւորը, երբ վեհ գաղափարի սիրոյն ճակատամարտ կը մղէին հայրենիքի ազատագրութեան եւ իրենց ժողովուրդի խաղաղ կեանքի ապահովութեան համար, թէկուզ սուրով եւ զէնքով կիրարկուած մեթոտին։
13Բնաւ զարմանալի չէ որ Գրիգոր Պըլտեանի նման գրողը Պէյրութի քանդումին դիմաց անտարբեր չմնաց, չդիտեց բախումները անգործունեայ հանդիսատեսի մը պէս։ Կրնա՞ր միթէ անտարբեր մնալ, մանկութեան, պատանութեան, եւ երիտասարդութեան ամբողջ տարիներուն, երբ իր ներաշխարհը ընդգրկեր էր դարասկիզբի ջարդի, տեղահանութեան բարբարոսութիւնները, զազրելի ոճիրի բիրտ արարքները, կարդացեր էր Զապէլ Եսայեանի Աւերակներու մէջը, Երուանդ Օտեանի Անիծեալ տարիները, Պալաքեան Սրբազանի Հայ Գողգոթան, Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի եւ իր ընկերներուն, եւ դեռ շատ շատերուն եղեռնապատում գործերը։ Եւ դեռ պատանի, նայուածքը գորովով մը յառեր էր թաղի աքսորեալներու հոգեվիճակին, խօսեցուցեր էր եւ լսեր ուշադրութեամբ էրզրումցիին, մշեցիին կամ սասունցիին մանրապատումները, վերջապէս աքսորեալի ժառանգորդ Գրիգոր Պըլտեան գիտակից է որ այս ողբերգութեան կրողն է։ Տեղագրութիւնի հրատարակութենէն քսանամեակ մը ետք հրատարակուող «պատումներ»ը, Գիշերադարձի անունին տակ զետեղուած, համայնապատկերը կու տան այս ամբողջին, բայց այս անգամ պատումի ձեւին տակ։ Ասիկա կը կազմէ գրքին ետեւը գտնուած աշխարհը, յետնաշխարհը։ Դժուար է պատկերացնել որ այս զգայնութեամբ, անդադար արթուն իրեն պէս բանաստեղծը, կարենար լուռ անցնիլ խաչի հանուած իր ժողովուրդի բեկորներու նոր խաչելութեան վրայէն։ Առաւել հանդիսատեսն է անհետացող աւանդութեան մը, նոյնիսկ կարելի է ըսել քաղաքակրթութեան մը, որ իր հայրերունն է։ Այս բոլորը անհանդուրժելի ըլլալով իրեն պէս ստեղծագործ բանաստեղծին համար, արդարեւ պիտի ձգտէր յօրինելու նորը, եւ իրմով պիտի ծնի նոր ուղղութեամբ աքսորի գրականութիւն մը։ Հակառակ անձնական բնոյթ կրող այս բոլորին՝ Տեղագրութիւնի հեղինակը իր հոգեվիճակներու նկարագրութիւնը չի տար, քնարական բանաստեղծութիւն չ’ըներ եւ ընդհանրապէս Ես-ը բացակայ է այստեղ։
14Պէյրութ քաղաքը այսքան սեւ օրեր տեսա՞ծ էր երբեւիցէ, ինչ որ կը տեսնէր 20‐րդ. դարու վերջերը։ Բզկտում, հրդեհ, թալան, առեւանգում, քաղաքէն փախչողներ, դժբախտութիւնը վերջ չունէր։ Պետութիւն բառը կործանած չէր, բայց իշխանութեան տիրապետողները զինեալ քաղաքացիներու խմբակներն էին։ Յայտնի չէր եթէ երկիրը բանակ ունէր։ Վտանգը կը սպառնար ամեն կողմէ։ Յաղթող կողմ կա՞ր… Ո՞ր նպատակին համար… Թերեւս կային յաղթողներ, հաւանաբար գերպետութեանց շահերը, չկռուող բացակաները… «պատնէշի ետին / Made in U.S.A. կամ Made in USSR հրացանի ետին / ուս եւ լորձնոտ մօրուքի ետին / հաղորդուող / ոչինչ (ոչինչը ոչ կ’ըսուի ոչ կ’ուտուի ) է / կան / հիմա կը կանգնինք սարսափէն անդին /… դէպքերը որոնք երէկ վերսկսան տարածուեցան / եկան…/»:4
15Ո՛չ մէկ տիրական դէմք կ’իշխէ այս քաոսին վրայ։ Ո՛չ հերոս՝ ըսի արդէն, ո՛չ պատգամ, ո՛չ ալ տիրապետող գաղափարախօսութիւն։ Ասոնք ալ քանդուած են կամ քանդուելու վրայ են։ Աստուծոյ վրայ յոյս դրած կրօնապետերու կամ աշխարհիկ ազնուականներու պատգամները ձայն բարբառոյ յանապատի։ Խռովարարներուն համար ծաղրանք մըն է պատգամ բառը։ Մարդասպաններու կուռքը դարձեր է զէնքը, իսկ ոճիրը՝ ծէս։ Կը տիրէ ընդհանուր անօրինութիւն մը որուն կը կապուի կարծէք ձրի կերպով կիրարկուած բրտութիւնը, որ չի ճանչնար ո՛չ դիրք, ո՛չ նուիրապետական կարգ, ո՛չ ալ որեւէ արժէք։ Կռուողներու խմբակներու համար միակ պատգամը կրնայ ըլլալ «համազարկ / եւ հրդեհ ճիչերու /: 5 Գիրքին մէջ բառին ծաղրը կը հնչէ իբրեւ` «պատ // գամ // պատ // գամ // … »։ Իսկ երրորդ անգամ մըն ալ կրկնելու փոխարէն, կը գրէ «պտգմ.», կրճատուած ձեւը պատգամին։ Բառին ձայնաւոր երկու այբերը հանուած են դիտումնաւոր կերպով. կ’արտայատէ այն միտքը թէ այլեւս պատգամը ձայն չունի, կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը։
Ինչո՞ւ աղէտը
16Քաոսային այս շփոթ կացութեան մէջ, ի՞նչ է ի վերջոյ Տեղագրութիւնը գրուելուն տրամաբանութիւնը։ Ինչո՞ւ կը գրուի ան։ Ի՞նչ լոյսի համար։ Ի՞նչ իմաստ ունի այսպիսի ոճրային աղէտ։ Շնորհալիի Ողբ Եդեսիոյ գործը հայրապետի մը աշխատանքն է, մեր պատմական պոէմներուն առաջինը, ան ալ գրուած ժամանակակից դէպքի մը, Եդեսիա-Ուրֆայ քաղաքի անկումին առթիւ։ Շնորհալին ալ ներկայ չէր եղած դէպքին։ Բայց անիկա չէր դադրեր իր կրօնապետի խիղճը եւ աստուածաբանի միտքը խռովելէ։ Ի վերջոյ ինչո՞ւ այս բոլորը։ Ինչո՞ւ Աստուած թոյլ կու տար որ հազարաւոր մարդիկ ողջակիզուէին։ Նման հարցեր կը դնէին արդէն իր առջեւ հաւատացեալներ։ Ի՞նչ կը պատասխանէ։ Հանդերձեալ կեանքի խոստումով կը փորձէ մխիթարել սգաւոր ժողովուրդը, ուր յաղթական չարը ահեղ դատաստանին օրը անպայման պիտի կրէր իր պատիժը երկնային արդարութեամբ։ Իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեայ հայոց Հայրապետին առաքելութիւնն էր Աստուծոյ մխիթարական խօսքը իր հաւատացեալներուն փոխանցել։ Աստուածաբանութիւնը պատգամ մը ունէր, որքան ալ դժուար ընդունելի ըլլար ատիկա շատերուն։ Չարիքը, աղէտը փուլ մըն էր, որմէ վերջ կու գար հատուցումի ժամանակը։
17Հոս բանաստեղծը նմանօրինակ առաքելութիւն չունի։ Դէպքերուն ետին չի տեսներ նշանակութեան մը նշոյլը։ Խաբկանքը չունի որ Տեղագրութիւնը քաղաքական դաշինքի մը դերը կրնայ խաղալ զինադադար յայտարարելու, խորհրդանշական իմաստով։ Գրիգոր Պըլտեան Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համարով անհատական փորձառութիւն կ’ընէ բրտութիւն‐ոչնչութեան եւ լինելութեան կենսական խնդրին։ Կը ջանայ բրտութիւնը ըսել, անոր տեղ տալ բանաստեղծութեան մէջ, կատարել անոր տեղադրումը մեր մտքին ու սրտին մէջ։ Կասկած չկայ որ բանաստեղծը կը մտածէ բանաստեղծի պէս. պատգամախօս չէ, ապսիւրտի փիլիսոփայութիւն ալ չի տարածեր։ Գիտէ որ հաւաքականութիւնը կրթելու համար օրէնքի բարոյագիտական արգիլումները, Պղատոնի օրերէն մինչեւ Նիցչէ եւ մինչեւ հիմա, օգուտ չեն տուած։ Գիտէ որ կռուող խմբակները, հաւաքականութեան ամբողջութիւնը կոտորակող այս մարդիկը կը բանին զուտ շահադիտական մղումներով, չենք գիտեր վասն ինչ քաղաքական նպատակներու։ Ամեն խմբակ ունի ձգտում մը ինքնավարութեան եւ հակամէտ է ցանկալու այն, ինչ որ կը պատկանի ուրիշին։ Ապօրինութիւնը դարձած է միակ օրէնք, առանց ղեկավարող կեդրոնաձիգ ուժի, առանց որեւէ արեւի։ Այս պատկերը բացայայտ է գործին մէջ, եւ կը գրաւէ գործին կարեւոր մէկ մասը։ Կը կարդանք էջերը ուր մարդիկ ինչպէ՞ս հակամէտ են յափշտակելու ուրիշին հարստութիւնը. աչք տնկած են դիմացինի ունեցուածքին, դիրքին, պաշտօնին, տենդագին ճիգ թափելով ձեռք առնելու իշխանութիւնը։ Բաղձանքներ, որոնք կը ստեղծեն մրցումի հակամարտութիւն, մանաւանդ երբ չկայ հակակշռելու ոյժը այդ հակամարտութեան։ Այս բաները ի վերջոյ կը սպառնան քաղաքի խաղաղ ներդաշնակութեան, վտանգելով նոյնիսկ համայնական կեանքի մը ամբողջ գոյութիւնը։
18Մրցակցական կիրքերը այն աստիճան սարսափելի են որ ուրիշ հոգ չունին քան մէկը միւսէն աւելի հզօրանալու։ Բրտութեան մագլցումի սկզբունքն է որ կը կառավարէ այս տիպի հակամարտութիւնը։ Մարդիկ այս ապաբարոյական երեւոյթին անգիտակից կը ձեւանան երբ ամբողջովին գիտեն ըստ պատշաճի կատարուած ապօրինութիւնները եւ իրենց անտարբերութիւնը կ’ենթադրէ ստորնացուցիչ հեռացում մը գիտակցութենէն։
Կոյուղին եւ հովածաղիկը
19Գործին առաջին էջին դրուած էր Վահագնի ծնունդէն դիցաբանական պատառիկ մը, տեսանք։ Վերջին էջին մէջ նոյնպէս կը մէջբերուին դիցաբանական պատկերներ, յիշատակումներ Ափրոտիթէի եւ Ադոնիսի անուններուն։ Հայ եւ փիւնիկեան չաստուածներուն ներկայութիւնը կը նշէ առասպելաբանութիւնը եւ հաւանաբար կը խորհրդանշէ քանդուող քաղաքին կապը բանաստեղծութեան հետ։ Կարծէք թէ փիւնիկեան աշխարհին մէջ ծաղկող հայ ստեղծագործ միտքը, մշակոյթը, Ադոնիսի պէս վարազէ մը մահացու կերպով վիրաւորուած է եւ յոյս չկայ որ գարմերփեան անիմոն ծաղիկի պէս, «հովածաղիկ» կը կոչէ բանաստեղծը, ապրի, ինչպէս կ’ապրէր Ադոնիս Ափրոտիթէի մօտ, որովհետեւ «կը պայթի ապակիի ետին պահուած գլուխը Ադոնիսի / եւ արիւնէն կ’ելլէ ո՛չ մէկ փոխակերպեալ հովածաղիկ»։ Առաւել յուսահատիչ է երբ վերջին տողը կ’ըսէ. ‐ «ո՛չ մէկ արեւ ժայթքող բաց կոյուղիէն»։ Այսինքն ծագող ո՛չ մէկ ճշմարտութիւն։ Կոյուղին, որ շատ նման է իբրեւ բառ «գոյ»ուղիին, քանդուող քաղաքին վայրն է։ Անկէ դուրս չի գար որեւէ ծաղիկ։ Կոյուղին չի փոխակերպուիր իմաստի։ Կը մնայ ինչ որ է։ Գոյութիւնը միշտ նոյն կոյուղին է. այս է թելադրուածը մեզի։ Բանաստեղծական խօսքը այս է որ կը հետապնդէ։ Որքա՜ն հեռու ենք գեղեցկութեան լոյսէն։ Յաւերժ դեռատի եւ գեղեցկագոյն աստուածուհի Ափրոտիթէն, որուն կ’ուղեկցին գեղեցկութեան եւ նազանքի չաստուածները, այն որ կ’իշխէ մարդկանց սրտերուն եւ անոնց սէր կը պարգեւէ, դարձեր է դէմք մը՝ ղաննասահար, պայթող դէմք մը «հրախաղին մէջ արիւնող».‐ «…/ Պէյրութ / զիս սպառող ու զիս մսխող / բախտագուշական բոցերու / որուն կրակին ես կը հակիմ բռնուած / իբրեւ դէմքին ղաննասահար Ափրոտիթէի /»:6
20Ի՞նչ ենթադրել այս բոլորէն ետք… Բրտութիւնը կը խորտակէ նաեւ սէ՞րը, գեղեցկութի՞ւնը, ստեղծագործակա՞նը, բանաստեղծակա՞նը, մշակութայի՞նը։ Թերեւս։ Գիրքը կը խօսի ոչինչի մասին, «ոչինչ (ոչինչը ոչ կ’ըսուի ոչ կ’ուտուի) է», այս մասին կ’արժէ կարդալ բանաստեղծին Յետ‐գրութիւնը որ ինքնին մեկնաբանութիւնն է յիշեալ տողին, որով կարելի է ըմբռնել բրտութիւն‐ոչնչութեան եւ լինելութեան իր փորձառութիւնը։ Ահաւասիկ քանի մը տող. «Խօսիլ դէպքը անչափելի արարք մըն է, անօրէն, որ զիս դէմ յանդիման կը դնէ անանուն եւ անսահման օտարին։ Բանալ լեզուն բրտութեան առջեւ, իր հաւանական ռիսքերով, ահա անհրաժեշտութիւնը, եւ ասով խնդրական կը դառնան բանաստեղծութեան ընձեռած ապահովութիւնն ու հանգիստը։ Կարելի չէ նոյնանալ դէպքին, զայն ունենալ, տիրապետել, բնակիլ անոր մէջ։ Դէպքին մէջ՝ իբրեւ անկէ արտաքսում մը։ Դէպքը է։ Ինչ որ կու գայ եւ ինչ որ չէ։ Ոչ/ինչ։ »։
21Դիւրին է նշմարել որ հարցը Դէպք մը գրելու, ատիկա մտածելու խնդիր է։ Դիւրին չէ մանաւանդ, խօսքը չի վերաբերիր աստուածային բացարձակ կենդանածին Խօսքին, ուր չարին յաղթանակը վերջապէս կը պարտուի Աստուծոյ կենդանարար զօրութեամբ՝ Քրիստոսի յարութեամբ։ Իսկ գրքի վերջաւորութեան կը նշուի Զեւսի միջոցաւ մեռելներու աշխարհէն ետ բերուած Ադոնիսը, որ կ’անձնաւորէր վերակենդանացող բնութիւնը։ Արդեօք նշուածը հերքո՞ւմն է նաեւ ընդհանրապէս վերակենդանութեան։ Արդեօք քանդուող քաղաքը տեղագրութի՞ւնն է նաեւ այս տեսակի քանդումի մըն ալ։ Չկա՞յ վերակենդանութիւն…
22Իսկ ի՞նչ մնաց… Լեզուն։ Առաջին տողէն անիկա կար արդէն։ Անոր է որ բանաստեղծը կը վերագրէ կառուցողական հանգամանք։ Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար բանաստեղծական գրաբանութիւնը կը կառուցէ քանդումը, այսինքն քանդակումը քանդումին։ Ոչինչը բրտութիւնն է։ Ահա Գրիգոր Պըլտեանի Բանաստեղծական Քաղաքի կախարդանքը։ Նորօրեայ դիւցազներգութիւն մը կրնանք սեպել այս գիրքը, ներեցէք համարձակութեանս, պայմանաւ որ ի մտի ունենանք որ հոս դիւցազն, պատում, դրուագներ, տրամաբանական կապեր, հոգեշահ եզրակացութիւններ բացակայ են, կարծէք թէ պատմութիւնը որեւէ իմաստ չունի։ Դիւցազներգութիւն մը ըսի, որ կը կազմակերպուի միակ կէտի մը շուրջը։ Լեզուին բացուիլը Դէպքին։
Notes de bas de page
1 Գրիգոր Պըլտեան, Զրոյցներ բանաստեղծութեան մասին, Երեւան, 1999, էջ 142 :
2 Նոյն, էջ 20:
3 Նոյն, էջ 21։
4 Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար, Լոս Անճելես, 1997, էջ 19 :
5 Նոյն, էջ 9:
6 Նոյն, էջ 27:
Le texte seul est utilisable sous licence Licence OpenEdition Books. Les autres éléments (illustrations, fichiers annexes importés) sont « Tous droits réservés », sauf mention contraire.
Krikor Beledian et la littérature arménienne contemporaine
Ce livre est diffusé en accès ouvert freemium. L’accès à la lecture en ligne est disponible. L’accès aux versions PDF et ePub est réservé aux bibliothèques l’ayant acquis. Vous pouvez vous connecter à votre bibliothèque à l’adresse suivante : https://freemium.openedition.org/oebooks
Si vous avez des questions, vous pouvez nous écrire à access[at]openedition.org
Référence numérique du chapitre
Format
Référence numérique du livre
Format
1 / 3