Version classiqueVersion mobile

Krikor Beledian et la littérature arménienne contemporaine

 | 
Anaïd Donabedian
, 
Siranush Dvoyan
, 
Victoria Khurshudyan

ԼՈՒՍԱՆՑՔԻ ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ

Գրիգոր Պըլտեան

Texte intégral

1Երէկ... նորէն կը խորհէի այն ծրագրին մասին որ ըրած եմ շատոնց, արդէն տասը տարի կայ (ականջի գործողութենէս ի վեր, նոյեմբեր 1975ին). գրել 1945-65ի Պէյրութը, կէս-վէպ, կէս-յուշ: Գրել ինչ որ միշտ սիրած եմ եւ ինչ որ անկարող եղած եմ ատելու: Բայց ատիկա իրականացնելու համար պէտք ունիմ երկար, ազատ ժամանակի: Արձակը քերթուած գրել չէ: Տեւական աշխատանքի խնդիր է: Եւ իմ առօրեայ գործս` տունէն գրասենեակ կ’արգիլէ որ որեւէ բան գրել:

2Կը կարծուի որ բաւականաչափ զօրաւոր կամք ունիմ` գլուխ հանելու համար դժուար իրագործելի երկեր: Չեն գիտեր որ հսկայ պայքար կը մղեմ վեր գալու համար անկամութենէս ու յոգնութենէս, որ տեւական, շարունակական վիճակ մըն է: Այս պայքարը կը կատարուի որոշ չափով աշխարհին ու իմ դէմ: Թերեւս կիրք մըն է, ինչպէս ֆրանսացիները կ’ըսեն Քրիստոսին առթիւ la passion du Christ, որ հայերէնի մէջ կը դառնայ «Քրիստոսի չարչարանքները» (3 Յունուար 1985):

 

3Մէկն եմ որ կեանքին մէջ ունի իբրեւ հեռանկար ծրագիր մը – միայն գրելը: Բայց որքան կը յառաջանայ, այնքան կ’անդրադառնայ որ այդ հեռանկարը աւելի կը ծառայէ ապրելու համար, զինք ապրեցնելու քան որեւէ բանի նուաճումին: Ե՛ս է որ զայն, կը թուի, ըրած եմ, այն օրերուն, երբ ուրիշներուն նմանելու ձգտումով, սկսեր եմ գրել սորվիլ եւ երկրորդականի աւարտին տարտամօրէն ես զիս արձակեր` դէպի հոն ուր եմ: Այդ տարիներուն պատմութի՜ւնը: Երբ Ճեմարան 6-երորդ դասարան էի, ամառը, սկսեր էի ֆրանսերէն ոտանաւորներ գրել, կարծես թէ այդ իմ չգիտցած լեզուով աւելի դիւրին էր գրել: Միայն ութերորդին այդ ոտանաւորները վերածուեցան հայերէնի: Օտար, անհասկնալի լեզուով գրելու պէտքը, որ յայտնուեցաւ երբ անկարելի եղաւ նկարչութիւն ընելը, գծելը: Թերեւս գրելը փորձ մըն է բառնալու այս առաջին նկարչութեան անկարելիութիւնը (5 Յունուար 1985):

 

4Նկարչութեան հմայքը միշտ: Խօսքի բացակայութիւն: Վաղնջական անձկութիւնը չկարենալ խօսելու: Յետոյ, շաբաթներով լռութեան մէջ բնակելու ցանկութիւնը... (8 Յունուար 1985):

 

5Մսագործ Արթինին խանութն էր ուր առաջին անգամ տեսած եմ նկարիչ մը եւ անոր գծած «հրաշալիքը», կարմիր այտով բողկ մը, որուն վրայ հակած մարդիկը կը հիանային գծողի «մերիֆէթին», տաղանդին վրայ: Խմող մարդ մըն էր որ նաեւ կարծեմ ցուցափեղկերու վրայ ծանուցումներու տառերը կը գծէր անվարան: Կատարողութեան առաջին ծանօթացումս: Իրականին մանրամասնութեան սէրը: Ճշգրիտը (2 Փետրուար 1985):

 

6Մտածեցի գիրք մը գրել Լուսանկարներ խորագրով, օգտագործելով այս տրցակը եւ իրականացնել վերջապէս «ինքնակենսագրական» արձակը:

7André Breton կը գրէ. «La trouvaille d’objet remplit ici rigoureusement le même office que le rêve, en ce sens qu’elle libère l’individu de scrupules affectifs paralysants, le réconforte et lui fait comprendre que l’obstacle qu’il pouvait croire insurmontable est franchi» LAmour fou. (20 Յուլիս 1985):

 

8Սկիզբը չ’ուզեր խօսիլ, անդրադարձած է որ իր լեզուն անբաւական դարձած է, կիսատ, աշխարհը կը խուսափի իրմէ, կարծես չկայ: Եւ կ’ապաստանի համրութեան, ինչպէս պատանի Ճեմարան չէր հասկնար թէ ինչու չէր ուզեր խօսիլ, կ’ուզէր միայն լռել, երբ կը խօսէին իրեն` չէր պատասխաներ: Յետոյ կը հասկնայ այս լռութիւնը, ո՛չ թէ հակադիրը լեզուին այլ անոր համակիրն է. կ’ընդունի լեզուն, կիսատ, անամբողջ, պակասաւոր որ ոչինչ կ’ըսէ (3 Դեկտեմբեր 1995):

 

9«Էլմոն»էն ետք որ գրեցի Յունաստան` Սուվալա, ամառը, ահա անոր քոյրը` «Վերժին»ը: Երկուքին միջեւ «Ամերիկա»ն եւ «Այդ երկուքը» (4 Դեկտեմբեր 1995):

 

10Այս բոլորին մասին գրելու համար պէտք էր ոչ թէ միայն ստանձնէի զանոնք, այլ քանդէի այն թելերը, թնճուկները, յարաբերութիւնները որ կային երազի ու իրականի միջեւ, լսուածի եւ ապրուածի, բոլոր այն ապաստանները մտաւորական ուր կը նետէի ես զիս որպէսզի չլսէի ինչ որ կը խօսէր մէջս: Բան մը էական, փոխուած է մէջս: Ասիկա իմ ձայնս է, այսինքն` կեդրոնազրկում մը, աւելի ճիշդ կեդրոնազերծում մըն է, այնքան ուժգին որ կը թուի թէ կը բնակիմ ես իմ մէջս (5 Դեկտեմբեր 1995):

 

11Քանի որ աւարտը ծանօթ է սկիզբէն, պէտք է պատմողը հեռանայ միուղի պատումի մը սխեմայէն, որ սկսած է բռնանալ մտքիս: Պզտիկ, բացիկային պատումներ պէտք է գրեմ, բազմաթիւ պատումներ, որոնք սկիզբը կարծես չեն ագուցուիր իրարու: Միակ բան մը ըլլալու է, հասարակաց,– տե՞ղը, Արեւիկենց տունը («Արեւիկ»ին համար [Նշան], 5 Յունուար):

 

12Վերջին տարբերակ, էջադրում, սրբագրութիւններ, վերընթերցում, զզուանք ու տառապանք ու հաճոյք: Այն փուլը երբ կարծես գրութեան մէջ կրնամ ներարկել առաւելագոյն կեանքը, առաւելագոյն ճշգրտութիւնը, որ կարծես չկար:

13Գրելու կերպ մը. կրկնագրութիւնը, ինչպէս հին ձեռագրի մը տակ կը պառկի, թէեւ մասամբ ջնջուած, քերթուած, ուրիշ գրութիւն մը, որ բանասէրները կը ճգնին վերծանել, ինչպէս աղուաներէնը վրացական ձեռագրի մէջ: Բայց կրկնագրութեան ուրիշ, այլազան ձեւերը կան գրութեան մը մէջ. Արեւիկին, Անթիքային, մայրիկին խօսքերը, միշտ բերանացի Նշանի պատմողին համար, որ զանոնք կը գործածէ, անոնց վրայով կը գրէ: Բերանացին կը սնուցանէ գրուածքը սակայն չկայ առանց անոր (Նշանի ձեւաւորումները, 1 Մայիս 2000):

 

14Այնքան ատեն որ չես յաջողիր մտնել լեզուին մէջ, հոն ուր կը ծնի խօսքը, տակաւին գրագէտ չես, թերեւս պարզ գրող մըն ես (3 Մայիս 2000):

 

15Նշանը ինձմէ խլեց աւելի ժամանակ քան կը խորհէի: Առաջին, սկզբնական տարբերակը գրած էի գլուխներուն տալով առանձին խորագիրներ, ինչ որ դիւրացուց գործը, մասամբ: Բայց այս ձեւով գրութիւնը վերածուեցաւ իրերայաջորդ պատկերներու շարքի մը, որուն կը պակսէր ծաւալը, ներքին միջոցը, ուժականութիւնը որուն շնորհիւ մարդիկը կ’ապրին: Կարեւորը սակայն այդ հարցադրութիւնն է որ ջանացի տեղաւորել եւ որ դէպի լեզուն ու ասոր նուաճումը գացող պատմողին կը վերաբերի: Ընթերցումին կազմաւորիչ դերը, մանաւանդ լեզուին տրուիլը, յետոյ անոր անդրադարձը: Գիրքը անշուշտ ուրիշ գիրք մը կը կանչէ... (8 Մայիս 2000):

 

16Երբեմն էջ մը ինձմէ կը խլէ օրեր ու ժամեր: Լեզուի հարց մը չէ, գեղագիտական, գրելու հարց մը, այլ մտածելու: Երբեմն ալ ամեն ինչ կը թուի դիւրին, կը յանձնուիմ ռիթմի մը, որ ջիղերու ահարկու պրկում մը կը ստեղծէ, ինչպէս քանի մը օր առաջ, երբ ստիպուած եղայ մէկէն ընդհատելու գործը, հեռանալու կամ փախչելու սեղանէն, որ կարծես տեղն էր անչափելի զոհաբերումի մը: Կարելի չէ ապրիլ նման տեղեր, նման պահեր, այդ բարձրութիւնը ոչ թէ գլխապտոյտ կու տայ, այլ կ’արձակէ մարդս վիհին մէջ:

17Աղէտը մեզ կը դնէ դէմ յանդիման Ուրիշի մը որ անուն չունի (27 Օգոստոս 2000):

 

18Եթէ կը հետաքրքրուիմ նկարչութեամբ, քանդակով, երաժշտութեամբ, մանաւանդ երաժշտութեամբ, արդեօք ատիկա մէջս կ’երթայ կարօտի՞ մը, հին առաջին ցանկութե՞ան մը նկարիչ, քանդակագործ, երաժիշտ դառնալու: Արդեօք թերեւս բոլոր արուեստները նոյն արուեստն են, կը յղուին նոյնի՞ մը, բայց այն ատեն ի՞նչ է այդ նոյնը: Ստեղծո՞ւմը, թեքնի՞քը, կերտելու, ճարտարապետելու ցանկութի՞ւն մը (9 Սեպտեմբեր 2000):

 

19Խառնել ձայները տիկին Թրուանտային, մայրիկին եւ պատմողին: Ինչ որ կը խրտչեցնէ զիս կարծեմ «լուսանկարին» վերադարձն է, կրկնութեան վախը, թէեւ ոչ ոք կը գայթակղի երբ նկարիչ մը նոյն թեման բազմաթիւ անգամներ գրէ, վերգրէ: Ո՞վ չի գիտեր Սեզանի պարագան: Ամենէն ծանօթն է: Ժամանակին նոյնիսկ նկարիչները, իրենց մէկ երկը բազմապատկելու համար, նոյն նկարը կը գծէին քանի մը անգամ, պզտիկ տարբերակումներով: Ինչ որ արտօնուած է նկարիչին անշուշտ արտօնուած չէ գրողին («Սեդօ»ին համար [Պատկերը], 8 Յուլիս 2001):

 

20Տեղերը նկարագրելը ի՞նչ է. գրաւե՞լ զանոնք, իւրացնե՞լ, թէ՞ փորձել մեր եւ անոնց միջեւ բացուող, գիրով բացուող անջրպետը, փոսը կամ անդունդը բառնալ: Ըսի փորձել: Գուցէ նաեւ ի գործ արկանել այդ անդունդը իբրեւ բացուածք մը: Ներաշխարհը արտաշխարհին հաղորդող կապ մը: Քանի որ այդ կապը կայ բացուածքին մէջ:

21Օրագրութիւնը կը հետեւի արտաքին ժամանակին եւ քիչ անգամ ներքինին, մինչդեռ պատում կոչածս ենթակայ կը մնայ իր իսկ օրէնքին, իր տրամաբանութեան, որ իմացական-զգացական, երեւակայական կառուցում մը կը թելադրէ: Ապրի՞լ թէ՞ գրել օրագրութեան տիլեման է, քանի որ կարելի չէ օրագրել ամբողջ օրը, բոլոր պահերն ու տեղերը եւ ապրիլ նոյն ատեն: Օրագրելը կ’ենթադրէ ժամանակ մը որ իրմէ առաջ է, ուր բաները կ’ապրուին իբր թէ որպէսզի գրուին: Ի հարկէ կան ներկայով օրագրութիւններ, ուր օրագրելը կը միանայ, կը փորձէ նոյնանալ մտածել-ապրելուն, խորհելուն: Այդ ներկայի օրագրութիւնը տեղ չի ձգեր ապրումին, ինք ապրումն ըլլալով, այսինքն` ապրումի տեսակ մը: Օրագրելը կը մնայ բաց, աւարտ չունի, պատումը կը դիմէ իր փակումին: Անաւարտ պատում մը ի հարկե հնարաւոր է, բայց ինծի կը թուի որ կը զրկուի ներքին պրկումէն. գուցէ կը սխալիմ: Այլ հարց` որ պատումներ կան որոնց աւարտը պայմանական է: Կամ այդ աւարտը կը բացուի այլազան ուղղութիւններու վրայ:

22Իրերուն մէջ կայ բան մը որ միայն արուեստը կրնայ ի յայտ բերել: Ինչ որ կարելի է կոչել անկշռելին:

23Բայց պիտի կարենա՞մ գրել, սկսիլ եւ աւարտին բերել ատիկա: Չեմ գիտեր նոյնիսկ թէ ի՞նչ ձեւ պիտի ունենայ: Եւ ա°ս է ամենէն կարեւորը (նախագիծ «Վարդուհիին» համար [Երկուք]):

24«Ասկէ անդին` այս բոլորը չեմ կրնար պատմել անցեալով, իբրեւ անցեալ, քանի որ ատոնք անցեալ չեն, չեն եղած, ժամանակ չեն ունեցած անցեալ դառնալու, այսինքն` խորքին մէջ ժամանակ չեն եղած, այլ մնացած են, չեմ գիտեր, անեղծ, անփոփոխ ինչ որ հաւանական չէ, ոչ, բնա՛ւ հաւանական չէ...»

25«Հարց կու տամ թէ արդեօք ինծի չէ՞ վերապահուած Վարդուհին մեկնելու գործը, այսինքն` Վարդուհիէն մեկնելու, անկէ բաժնուելու, եւ արդեօք Վարդուհին ան չէ՞ որ կը գտնեմ վերստին, եթէ պատում մը պէտք է քերթուածին համար, եթէ պատում մը կ’ուզեմ վերադառնալու համար...» (14 Յունիս 2002):

 

26Պատումն է որ վայրերուն կ’ընծայէ ժամանակ, կը դարձնէ զանոնք յիշատակներ:

27Հոն ուր կը դադրիմ երեւակայելէ, այնտեղ կը դառնամ երեւակայական (3 Ապրիլ 2005):

 

28Մտածումի դէպքը / պատումի դէպքը:

29Ինչպէս ընել որ պատումի մէջ դէպք ըլլայ մտածումը, ոչ թէ դէպք որուն մասին մտածես, որ քրքրես, պեղես, ջանաս հասկնալ նախընթացն ու հետեւանքները, պատճառներն ու արդիւնքները, ընդհանուր ընթացքի մը մէջ որ ժամանակն է. ուրեմն ոչ թէ դէպքի մասին մտածում այլ մտածումը իբրեւ դէպք:

  • Գրել կ’որոշե՞նք: Թէ բան մը կ’որոշէ մեր մէջ:
  • Գրելու դէպքը իբրեւ մտածումի դէպք (17 Օգոստոս 2005):

 

30Այս եօթերորդ հատորին համար խորագիր չեմ գտած տակաւին. Կամուրջը, Շրջակապ, Շրջադարձ... Սկիզբը վերստին գրելու ստիպուած եմ, քանի որ առաջին անգամուն մասնաւոր ճիգ մը չէի կատարած գործը կաղապարելու համար: Հիմա ամեն ինչ աւելի յստակ կը թուի մտքիս մէջ, անշուշտ որովհետեւ վերջը գրած եմ: Սկիզբին համար Երկուքի վերջին տողերը առի, ոչ թէ գիրքերը իրարու կապելու համար, ինչ որ արուեստական ըլլալէ հեռու պիտի չըլլար, այլ այդ տողերուն ծրագրային բնոյթէն օգտուելու որով գրքին սկիզբը վեցերորդ հատորի վերջէն կու գայ, իսկ աւարտը Սեմերու մուտքէն: Կառուցուածքային այս շրջադարձը նկատի ունիմ վերի խորագիրներէն մէկուն համար: Սակայն ստոյգ է որ հարցերը կրնան փոփոխուիլ (19 Օգոստոս 2005):

 

31Պատումով հարկ էր մտածէր շրջադարձը, պատումով որ մտածելու ձեւ մըն էր, անոր ըլլալու կերպը, ոչ կաղապարը, ոչ բանաձեւը, այլ բանակերպը, բանադարձումը:

32Որեւէ իմաստ ունէ՞ր պատմել մտածումի մը ծնունդին հանգամանքները:

33Փնտռտուքը ինք գործն էր: Ոչ թէ որոնումը գործը կը փնտռէր իբր թէ ան կար փնտռտուքէն անկախ: Ո՛չ: Պատմավէպի խնդիրը` Մաշտոցի առթիւ:

34Պատմավէպը կը սկսի Մաշտոցէն երբ Երանելին կը թելադրէ Կորիւնին` գրել (ասիկա պատմական ոչ մէկ հիմունք ունի անշուշտ, anachronisme է):

35Դարձի գալ. լրագրութեան կռնակ դարձնել, դառնալ դէպի գրականութիւնը:

36Դարձ դէպի միւսները, համայնքը: Ուստի այս գործը կրնար ըլլալ միայն իրենց լեզուով:

37«Հայերէնը ընտրեց գրել ոչ թէ որովհետեւ մայրենի լեզուն էր, քանի որ մայրենին չէր, այլ որովհետեւ օր մը հասկցեր էր որ ինչ ալ ըլլար լեզուն, պէտք էր ուրիշ լեզու մը յօրինէր, ինք իրեն համար, իր լեզուն ստեղծէր: Ինչ որ պիտի գրէր արդէն ուրիշներուն համար չէր, ոչ իսկ կարդացուելու համար էր... այլ իրեն համար էր, իր իսկ կրթութեան համար»:

38Նման հատուածներ կային գրութեան սկիզբը որ ստիպուած եղայ հանել: Շատ պարագայական նկարագիր մը կու տան գրութեան:

39Մտածում մը որ կը դառնար պատմութիւն կամ պատմութիւն մը որ կը դառնայ մտածումի մը պատումը (21 Օգոստոս 2005):

 

40«Որքան ժամանակ պէտք էր որպէսզի հասկնար որ Մաշտոց գիրի մարդն էր եւ ձայն չէր կրնար ունենալ, ան որ գրաւեր ու նուաճեր էր բանաւորի կալուածը: Դաւաճաներ էր բանաւորին, խորքին մէջ կամ ինքզինք արտաքսեր էր անկէ»: Միայն նման դաւաճանութեամբ մարդ կը հասնի ճանաչումի:

41«Մաշտոց միշտ երկլեզութեան մէջ էր, ոչ միայն ընդմէջ յունարէնի եւ հայերէնի, այլեւ աստուածայինի ու մարդկայինի: Մաշտոց երկլեզու» (28 Օգոստոս 2005):

 

42Կշռոյթը դէպքն է կրկնութեան մէջ (20 Օգոստոս 2005):

 

43Շարքին սկիզբը` կառուցում, թաղը, տուն-տեղ, կեդրոնացում: Աւարտին` քայքայում, ցրւում, տարտղնում: Երկը կը կազմաւորուի, ապա կը քայքայուի տեսակ մը «բնական» ընթացքով-շիջումով: «Աս ամենը շինեցինք, հիմա պարպուեցաւ» (30 Ապրիլ 2006):

 

44Զգայաթիւնը ո՛չ մտածում է in concreto, ոչ ալ մտածում է in potentia: Մարմին է:

45Գրութեան խճանկարային կազմուածքը ուղղակի ակնարկութիւն մըն է հատուածի գրելակերպին: Միայն թէ խճանկարը երբեք կարելի չէ վերակազմել իբրեւ մէկ պատկեր (9 Փետրուար 2010):

 

46Շրջում. երկխօսութիւններուն մէջ խուսափիլ տրամաբանական ընթացքէն: Կարճել:

  • Գործածել ինքնակենսագրական կոչուած ոճը առանց իսկապէս ինքնակենսագրութիւն գրելու: Յետագային Յովակիմի առթիւ պիտի դրուի այս ինքնակենսագրութեան հարցը իբրեւ բովանդակային խնդիր եւ ոչ ոճային: Մինչ այդ հարցին յատակը պէտք է նախապատրաստուած ըլլայ:
  • Որքան ալ երբեմն հակագեղարուեստական թուի` կը սիրեմ թեմաները սկսիլ գրքի մը մէջ եւ յետոյ զանոնք զարգացնել ուրիշ գրքի մը մէջ: Բայց ընթերցողը ամբողջը կարդալու պէտք չունի: Կրնայ կրկնութեան մասին մտածել, ի հարկէ ազատ է խնդրին այդպէս մօտենալու: Միայն թէ քիչ ընթերցողներ կը հետաքրքրուին կառուցողական մակարդակին, քանի որ յաճախ ընթերցումին նպատակը ատիկա չէ իրենց համար: Եւ իմ շարքիս մէջ հակումը կայ պատմուածով տարուելու եւ մոռնալու գրելակերպը, կառոյցը, ոճը, այսինքն` ամեն ինչ որ կապ ունի ըսուելուն եւ ոչ ըսուածին (1 Յուլիս 2010):

 

47Գրել միայն էականը: Տարիքէ մը ետք ասիկա կը դառնայ ոչ թէ գեղարուեստական սկզբունք այլ գեղագիտական պարտադրանք: Պէտք էր ըսել նոյնիսկ` առողջապահական թելադրանք: Ասիկա սակայն դիւրաւ իրագործելի չէ երբ մարդ չի գիտեր ի՞նչ է էականը: Ամբողջ կեանք մը պէտք եղաւ հասնելու համար տեսակ մը գեղագիտական բարոյականի...

48Ամեն ինչ ըսել (Ռուսօ) չի նշանակեր ցոյց տալ հոգիին բոլոր ծալքերը, այլ ասելիին ու չասելիին սահմանները խախտել (12 Յուլիս 2010):

 

49Գրող մը գաղափարով կամ յղացքով չի գրեր, այլ մտածումով որուն մէջ կը մտնեն զգայութիւն, պատկեր, երազ ու ցնորք, քիչ մը գիտելիք, գրողական պատրաստութիւն: Յղացքները կը ծառայեն պարզապէս ճշգրտելու, գաղափարները ամփոփելու: Ասոնք կը վերաբերին ըսուածին: Վասնզի իսկական խնդիրը ձեւաւորումն է, որ մտածումը կը պահէ իր մէջ առանց զայն ցուցադրելու, ցոյց տալու (15 Յուլիս 2010):

 

50Ընթացքն ու հայեցողութիւնը` գրելու արարքին մէջ իրարու կը հակադրուին ինչպէս շարժումն ու դադարը, արագութիւնն ու դանդաղութիւնը, գործութիւնն ու յայտնութիւնը. մտածել-գրել զանոնք իբրեւ լծորդ իրարու:

51Պատումին մէջ գտնել հաւասարակշռութիւն մը պատմողականին եւ հայեցողականին միջեւ:

52Հայեցողական կոչածս դադար մըն է ընթացքին մէջ որ այդ ընթացքը կը մղէ իրմէ անդին (26 Յունիս 2010):

 

53Ինչպէ՞ս հասկնալ. երբեմն ամենէն կարեւոր կէտերը գրութեան մը մարդ կը գտնէ ամենէն ետքը, կարծես մինչ այդ գրածը հասկցած չըլլար, բայց շարունակած ըլլար մնալ անոր մէջ: Ասո՞ր համար հետեւողականութիւնը կարեւոր է արուեստագէտի մը համար:

54Prothèseի քերթողական մը. պատումը, երբ անհրաժեշտ կը դառնայ մտածումին, այն ատեն կը վերածուի փոխդիրի մը կամ փոխնակի մը` այսինքն` օրկանական մաս մը, անդամ մը կը փոխարինէ արուեստականով: Իսկ փոխնակը կը խախտէ բնական/արուեստական հակադրութիւնը (5 Օգոստոս 2010):

 

55Պատումը կշռոյթն է անկշռոյթին ընդմէջէն: Իսկ մտածումը կ’ըլլայ կշռոյթով, ըսուած է (Մանտրա ԺԲ): Թերեւս կարելի ըլլայ նաեւ շրջել հաստատումը. կշռոյթն է որ կ’ընծայէ պատում:

56Պատում մը` պատումի բոլոր կարելի «aporie»ներով:

57Քովնտի գրութիւններու մէջ Օշական Մնացորդացի առթիւ կը խօսի վէպի խնդիրներէն երբ հարցը կը վերաբերի աղէտին (վերկայացման դժուարութիւն անսահման ու միօրինակ դէպքի մը դիմաց, վերապրող վկաներու բազմաթիւութիւն) սակայն չի յաջողիր այդ խնդիրներով իսկ պատում յօրինել: Ատոնցմով պատում ստեղծել պէտք էր, ասոր անկարելիութիւնը դարձնել բախտ մը: Հակապատում մը` ինչո՞ւ ոչ: Կարծես կը խորհի որ պատումը հնարաւոր է առանց իր «ափորիներուն», եւ կը խրի անելի մէջ (6 Օգոստոս 2010):

 

58Երբեք լեզուն չի կրնար թափանցել ձայնի խորհուրդին: Ասոր համար կը հետապնդէ ձայնը, կը հետեւի անոր որպէսզի ձայնը աճի եւ ծաւալի, այսինքն` եղանակաւորուի:

59Լեզուն հակասական յարաբերութիւն ունի ձայնին հետ, քանի որ ինքն ալ ձայն է կամ ձայնային եզր մը ունի: Սակայն անոր կը բառնայ իմաստի մակարդակը: Լեզուին համար իմաստը կարող է միայն դառնալ լսուող ձայն:

60Վերապրում, գերմաներէն uberleben, survivre ֆրանսերէն­ – վերստին ապրիլ, նորէն, ինչ որ կը նշանակէ որ վերապրողը մեռած է անգամ մը, բայց նաեւ ապրելէն ետք, անկէ վեր, գերիվերէն ապրում: Գերապրում, գերազանց ապրիլ մը: Առընչութիւն մը գերազանցին հետ. մահուան:

61Մեռած լեզուն վերապրումի լեզուն պիտի ըլլար եթէ չըլլար գլխաւորաբար եւ միայն, ծայրէ ծայր կեանքիս լեզուն (4 Դեկտեմբեր 2010):

 

62Մեռած լեզուն այն չէ որ ոչ ոք չի խօսիր այլեւս, որովհետեւ այլեւս կենդանի լեզու չէ եւ որոշ չափով անկարելի է որ դառնայ մայրենի լեզու: Անիկա այն չէ որ անգամ մը եղած է ժամանակին մէջ, պահ մը, օր մը, ներկայութիւն մը, ապա դադրած է ներկայ ըլլալէ եւ դարձած բացակայ: Անիկա մահեալը չէ որ յաջորդէր կենդանիին, ինչպէս մահը կեանքին: Այլ այն է որ երբեք չէ խօսուած իբրեւ լեզու, չ’ուղղուիր մէկու մը, յատուկ չէ ինծի կամ քեզի: Կու գայ լեզուին մէջ իսկ հատումէ մը, ինչպէս ձայնը իմաստին համեմատ: Անիկա չկար նախքան երկը, որով երկին լեզուն է: Երկը կը խօսի անով, կը լեզուըուի: Մեռած լեզուն երկ դարձած լեզուն է: Խաբկանք մը չէ՞ մտածել որ գրականութեան մէջ լեզուն կենդանի լեզուին պատկերն է, թէ կը բաւէ մեկնիլ անկէ, զայն փոխադրել թուղթին վրայ (7 Դեկտեմբեր 2010):

 

63Ամբողջ ժամանակը չի բաւեր ըսելու համար մտածումի կայծակնային դէպք մը: Կամ թերեւս ամբողջ ժամանակը այդ մտածումի կայծակնային յայտնութենէն կը սկսի եւ կը շարունակէ զայն, ակամայ (7 Դեկտեմբեր 2010):

 

64Հարուածըին մէջ օրէնքի խնդիր մը կայ: Պատմասանը կը գրէ երբ կ’անդրադառնայ որ ոճիրը` օրէնքին խախտումը, իրն ալ է, այսինքն կը վերաբերի գրելուն: Գրողը հայրասպան մըն է, որ Արտաշիսեան առասպելին կը յղուի իբրեւ խօսքի մը որ գրելուն մոտէլն է, բայց այլեւս չի զօրեր (7 Դեկտեմբեր 2010):

 

65Ըսէ՛, ըսէ՛ մտածումին դէպքը փորձընկալումի մը մէջ, որ այդ դէպքը չէ այլ անոր ընթացքը:

66Մտածումին դէպքը – դէպքին մտածումը. երկուքը միասին:

67Մտածումը ոստումին մէջ է: Այսինքն` դադար, կասում, յառաջխաղացք: Ուստի` էապէս կշռոյթ (10 Դեկտմբեր 2010):

 

68Գեղարուեստական երկի մը մէջ մտածումը կը պատկանի երեւակայութեան զօրութեան, իբրեւ անոր մէկ բխումը. որով անիկա երեւակայութեան մտածումն է, որ երբեմն կը կոչեմ գեղարուեստական մտածում, այն` որ որեւէ կապ չունի փիլիսոփայութեան յղացքներուն կամ գաղափարներուն հետ:

69Պլանշոյի գրչէն. «Les cultures mourantes sont très aptes à produire des œuvres révolutionnaires et des talents d’avenir», որ մօտաւորապէս հետեւեալն է. «Մեռնող մշակոյթները շատ ատակ են արտադրելու յեղափոխական երկեր եւ ապագայի տաղանդներ»:

70Ազգագրութիւնը ներկայի խնդիրն է:

71Աղէտը. երբեմն բեղուն հաւաքականութենէ մը նոյնիսկ մէկ հատիկ վերապրող չի մնար, վկայելու համար միւսներէն: Ինչ որ կը պատահի ամեն օր, ամեն տարի Ամազոնիայի անտառներուն մէջ, ընդարձակ երեւոյթ մըն է, որ համաշխարհայնացումը այլեւս դարձուց տիրական, ըսենք այս թեքնոլոժիք աշխարհին մէկ ուղղակի արդիւնքը (8 Օգոստոս 2012):

 

72Ամեն առտու, աշխատանքս սկսելէ առաջ, մտային ու մարմնական մարզանքի մը պէս մտիկ կ’ընեմ Պախ կամ Սկարլաթի: Յստակութեան հրաւէր ու դաս: Զգայարանական հաճոյքը (ձայնը) եւ իմացական հաճոյքը (կառուցուածքը) միասին:

73Կրկնագիր մարդը ան է որ ինքզինք չէ, տրուած է ուրիշին, անկարող է հասնելու գործի մը աւարտին կամ կատարին եւ սակայն կը փնտռէ նշանակութիւն մը որ պիտի միայն խուսափի իրմէ, քանի որ ինքն իր տէրը չէ:

74Կրկնագիր մարդուն մէջ անցեալն ու ներկան կը գոյակցին, այնպէս որ երբ մէկը կայ, միւսը կը յայտնուի անմիջապէս: Մէկը միւսին կողքին չէ, այլ անոր ներքեւ (20 Օգոստոս 2012):

 

75Գործել առանց գործի, արդեօք միստիք կացութիւն մը պիտի չըլլա՞ր, երբ մարդ ներքնապէս բոլոր պայմանականութիւններէն վեր, գործէն անդին, զայն զանցած, կը հասնի կատարեալ plasticitéի մը: Եսը ո՛չ անհետացած է, ոչ ալ չքացած, պարզապէս ինքզինք է, այսինքն` իր յատկութիւնները կորսնցուցած մէկը, ոչինչ:

76Հասկնալ, ըմբռնել չեն բաւեր, ատոնք միայն գաղափար կը ստեղծեն կամ գաղափարով կը տիրեն, կը ջանան տիրել մթագինին:

77Ինքնամոռաց, անձնուրաց. երթալ դուն քեզմէ անդին:

78Զանցել ու գերազանցել նոյն բաները չեն: Ինքզինք գերազանցելը surpasser է, այսինքն` ոչ թէ երթալ ինքզինք իրմէ անդին, այլ ըլլալ գերազանցապէս ինքզինք (30 Օգոստոս 2012):

 

79Հիմա կարող եմ գրել ասիկա. քնարականութիւնը սեռ մը չէ, վիճակ է, կացութեան մը անունը, նուազ գեղագիտական քան գոյութեան ըմբռնում: Իմս այդ էր, երկար ատեն: Շարքին ծնունդը անցք մըն է քնարականութենէն դէպի պատումի արձակ, քնարական հերոսի դանդաղ ու վերջնական քայքայումով (4 Սեպտեմբեր 2012):

 

80Բաւական փնտռեցի կերպը կրկնագրի տպաւորութիւնը ձգելու գրութեան երկայնքին եւ ինչ որ սկիզբը չէի հասկնար դարձաւ պարզ ու մեկին: Հին շրջաններուն եղած ակնարկութիւնները ցանց մը կը կազմեն, որ կը թելադրէ ուրիշ գրութիւն մը, տեսակ մը ջնջուած, նոյն ատեն ներկայ: Գրութեան մէջ` ուրիշ մը: Կարեւորը այն է որ մէկ ցանցէն միւսը անցումները ըլլան երբեմն շատ նուրբ կերպով, երբեմն ալ ակնյայտօրէն կոպիտ, տեսակ մը կարկտանային ոճով, այնքան որ ընթերցողը ասիկա նկատէ, ի հարկին նոյնիսկ զայն նկատէ բացասական երեւոյթ մը (3 Դեկտեմբեր 2012):

 

81Փրուստի ծրագիրը գրողի կոչումին նուաճումն է, իր ընդհանուր գիծերուն մէջ: Որով պատմութիւնը ամբողջութեամբ ատոր առընչուած է, անոր կը վերաբերի: Իսկ այդ գրողը ի վերջոյ քաղքենի ընտանիքի մը զաւակն է, որ աշխատելու, բանելու պարտաւորութիւնը չէ ունեցած երբեք: Ընդհանրապէս «ամեն ինչ ունի»: Ընդարձակ վէպը կը դիմէ այս կէտին, «ժամանակի վերագիւտին», որ վէպին մէջ կու գայ իբրեւ ապառնի անցեալ մը:

82Գիշերադարձին նպատակը չեմ դարձուցած գրող դառնալու ճակատագիրը եւ փրուստեան կաղապարը կը նկատեմ «պերճանք» մը: Պատմասանը արդէն գրող է Սեմերէն սկսեալ: Ամեն հատոր ատիկա կ’ենթադրէ եւ որոշ չափով ատոր կը յղուի: Ամեն հատոր առանձին միաւոր մըն է եւ ինքնաբաւ: Արդ` պատմասանը ոչ միայն քաղքենի դասէ մը չի գար, այլ կու գայ այն տեղերէն ուր գրող դառնալը գոյութիւն իսկ չունի, վասնզի ամենէն կարեւորը ապրիլն է, վերապրիլը, ճողոպրիլ վերապրելու աղէտէն: Հասկնալի է որ երբ պատմասանը կը հեռանայ տունէն ու ընտանիքէն, կը դառնայ «կարդացող», փոխանակ բժիշկ կամ փաստաբան ըլլալու, կը ջանայ լռել իր ծագումը: Աղքատ դասը երբեք չ’ըսեր որ ինք աղքատ է, չունի, կը նախընտրէ ոստում մը կատարել վերապրումի չունեւորութենէն դուրս: Մայրիկը աս է որ սորվեցուցած է պատմասանին: Երբեք չըսել թէ ուրկէ՛ կու գայ: Երբ անիկա կը մտնէ գիրի աշխարհին մէջ, ոչ թէ կը հեռանայ թշուառութենէն այլ կը մօտենայ անոր, անկէ կախուած կը մնայ, թէեւ ինք կը կարծէ որ կը հեռանայ, վասնզի իրենց աշխարհին մէջ գրելը աներեւակայելի պերճանք մըն է, տեսակ մը բնախօսական վատնում: Իսկ այդ աղքատութիւնը, ծագումին պատկերը ըսենք` հարկատու է աղէտին, անիկա աղէտին յետագնաց ժամանակն է: Հասկնալի է որ պատմասանը ջանայ հեռանալ ատկէ: Ըլլալու համար հարկին տակն է իր ծագումը ծածկելու, համրանալու: Ուստի` երբ լեզու կը գտնէ կը շարունակէ մնալ լռութեան մէջ, իր լեզուն լռութիւնն է: Լեզուին նուաճումը օտա՛ր բանի մը նուաճումն է, որուն հիմունքին կը գտնուի աղէտը: Այդ լեզուն կը թուի հեռացնել պատմասանը, մինչդեռ նոյն ատեն կը բերէ իրեն աղիտալին: Լեզուն աղիտալի հանգամանք մը ունի: Գրող դառնալը երկդիմի է պատմասանին համար: Թէ՛ կ’ուզէ, թէ ալ չ’ուզեր: Միայն թէ ուրիշ ելք չունի (10 Դեկտեմբեր 2012):

 

83Զիս հետաքրքրողը գրող դառնալու հոլովոյթը չէ, բնաւ, այլ ինչպէս հասայ հոն ուր գրելը դարձաւ անշրջանցնելի: Ուստի` գրողի մը ծնունդը նկատի չունիմ, հապա՞: Նկատի ունիմ ընթացքը որ զիս բերաւ ընկալելու Գիշերադարձի մարդիկը եւ անոնց շունչ տալու ծրագիրը:

84Մտքի մը շրջափոխումը: Ասիկա միակ թեման է որ զիս գործի կը մղէ առհասարակ:

85Բանաստեղծ մը պատմութիւնը կը ստանձնէ պատումով: Որոշ չափով կ’աքսորուի իր կալուածէն, որ յայտնութեան կամ երեւումի կաալուածն է եւ կը մտնէ ժամանակի լաբիւրինթոսին մէջ, որ շատ անգամ միջնորդումներու շարք մըն է (14 Դեկտեմբեր 2012):

 

86Կորիւն թերեւս հասկցած է սկիզբէն որ ձայնը, Մաշտոցի ձայնը, կարելի չէ արձանագրել: Ատիկա ամենէն շուտախոյս բանն է, հով իսկ չէ. շունչ, հոգի, կենս: Մտածած է որ մատենագիր մը հրաժարելու է ձայն հետապնդելէ եւ ուշադիր մնալու է աւելի կոնկրէտ բաներու, օրինակ մատներուն, այսինքն` ձեռքի գործին, ձեռարուեստին: Չեմ գիտեր թէ որեւէ ձեւով փորձ կատարա՞ծ է: Ես ալ իմ կարգիս ձեռք առի Սողոմոնի Առաքկք գիրքը եւ կարդացի անոր առաջին տողերը.

Ճանաչել/ զիմաստութիւն/ եւ զխրատ, իմանալ /զբան հանճարոյ:

87Թերեւս այս թարգմանութեան մէջ, բառերու տեղաւորումին, բաշխումին, նախադասութեան կշռոյթին մէջ բան մը կայ Մաշտոցէն: Բան մը որ վերապրա՞ծ է դարերուն: Իսկ ինչ որ կայ թարգմանութիւնն է, աւելի ճիշդ` առընչումը ուրիշ լեզուի մը: Թերեւս Մաշտոց հոն է ուր հայերէնը կը հպի ոչ-հայերէնին եւ կը շրջապատուի անկէ:

88«Այր երկխօս» (Առակք, ԺԱ 13): Կ’ենթադրեմ որ Մաշտոց զգայուն պէտք է եղած ըլլար այս դարձուածքին, որ իր տեղը կը բնորոշէր: Մարդ մը որ կը տեղափոխուի միշտ երկու լեզուներու միջեւ, ուստի` միշտ կը գտնուի անդրադարձումի, ըսել կ’ուզեմ` երկրորդ աստիճանի խորհրդածումի, ըսենք թարգմանութեան մակարդակին (15 Դեկտեմբեր 2012):

 

89Նարեկացիի մօտ եթէ խօսքը այնքան շատ կը մերձենայ երաժշտութեան, նուագին, ողբերգութեան, պատճառը այն է որ երաժշտութիւնը ոչ մէկ արտաքին երեւոյթի կը յղուի: Ինք իր աշխարհը կը յօրինէ իր օրէնքներով: Երաժշտութեան մէջ ինքնայղումը զարգացած է առաւելագոյն չափով, նոյնիսկ այն գործերուն մէջ որոնք կը թուին նկարագրական: Եւ արդէն ինչ որ մեզ կը նեղէ այդ գործերուն մէջ երաժշտականէ տարբեր տարրի մը ակնարկութիւնն է: Նոյնիսկ երբ Մոցարտի մօտ «զգացումներ» կը թուին յայտնուիլ, անոնք երաժշտական բնոյթ ունին, զգացումի երաժշտական փորձառութիւն մը կը մատնեն եւ ուրեմն շատ անգամ երաժշտական հարցեր կը դնեն ու կը լուծեն:

90Քերթուածի փարատոքս. Քերթուած մը միշտ փորձ մըն է ձերբազատելու իմաստի ճնշումէն: Արուեստը այս անջատումը կը ճգնի կատարել: Միշտ չէ որ կը յաջողի: Քերթուած մը, որ մեզի ճշմարտութիւններ կ’ուզէ թելադրել, կը նեղէ: Անկարելի չէ: Անցեալի մէջ արդէն վերկայացման մեքենան ատիկա կ’արտադրէր անխափան ընթացքով մը: Հարկ է միայն զանոնք մեզի խոստանայ: Որովհետեւ քերթուած մը երբ ձայնային կը մնայ եւ ոչինչ կը խոստանայ` մեզ կը յուսախաբէ (22 Դեկտեմբեր 2012):

 

91Լեզուն գտնողը կ’առընչուի վերջապէս իր իսկ ամենէն խորունկ ու մտերիմ աղէտին:

92Գրականութեան մէջ, ըսել կ’ուզեմ արձակին, գաղափարները կը կազմեն տեսակ մը պատրաստի գետին, այն չափով որ կը թուին փորձառութենէն ու ապրումէն անկախ: Բայց արձակը այդ գաղափարները կը «խաղցնէ», զանոնք կը բեմադրէ, զանոնք կը դնէ շրջագայութեան մէջ, կը վերածէ «զգայութիւններու»: Զանոնք կը մտածէ, երբ կը սփռէ: Ասոր համար երկխօսութեան մը ընթացքին յայտնուած գաղափարները գրողինը չեն կրնար նկատուիլ:

93Ծակերը, բացերը, պարապները անհրաժեշտ են արձակի մէջ, ինչպէս կշռոյթ ու չափ քերթուածի մը մէջ: Անոնք կը կէտադրեն խօսքը, սովորական կէտադրութեան մակարդակէն վեր կամ վար: Տեւական խօսք մը, առանց ընդհատումի, ծերպի կամ հատումի, անհանդուրժելի մենագարութիւն մըն է, որմէ խուսափելու է ամեն գնով:

94Ինչ որ Լէօնարտօ կը կոչէ sfumato, այսինքն` ամպոտ, ծխոտ, մխամած ու կը հակադրէ յստակ շրջագիծին, արձակի մէջ կը համապատասխանէ խարխափումին եւ ասոր բարձրակէտին` որ է ոգեկոչուն անորոշութիւնը, անգիտութիւնը (միստիքները շատ լաւ գիտէին այս անգիտութիւնը դարձնել հեռակէտ կամ նպատակակէտ, որ ըլլար անհուն, անվերջ): Խորհրդապաշտներու մօտ նման դեր վերապահուած է խորհրդանշանին, որուն մէջ խորհուրդը կը կազմէ անորոշ, անընդգրկելի բացութիւն մը եւ որուն սահմանը իսկապէս եւ ամբողջովին բնորոշելի չէ (27 Դեկտեմբեր 2012):

 

95Պիտի կարենա՞մ վերջապէս գրել «Հայկ աղա»ն, որ ամիսներէ ի վեր մտքիս մէջ է, ջանացի ընդհանուր նախագիծը գրել: Միայն թէ սկսիլը բոլորովին ուրիշ բան է: Գտնելու եմ շեշտը: Տիպարը համակրելի չէ, նոյնիսկ սոսկալի մէկն է, եւ սակայն արժանի է «յիշատակուելու»:

96Արձակը հնարաւորութիւնն ունի ամենէն բարդ գաղափարները հանդիսաւորելու, բեմականացնելու եւ անոնք «խաղի» դնելու: Բայց պէտք չէ սպասել որ ատոնք լուրջի առնէ, հարցերուն լուծումներ առաջարկէ: Արձակի խնդիրը ճշմարտութիւնը չէ եւ իբրեւ այդ` անիկա կը կրէ ճակատագիրը գրականութեան ընդհանրապէս, որուն համար ճշմարիտին ու ոչ-ճշմարիտին սահմանները խախուտ են: Վիպումը միայն կը նպաստէ այդ խախուտութեան, եթէ զայն յօրինող եւ յարուցանող ուժը չէ:

97Բանաստեղծութեան եւ արձակին տարբերութիւններէն մին. բանաստեղծութիւնը որեւէ առարկայ, ինչ բնոյթի ալ ըլլայ, կը յայտնէ տեսակ մը րոպէական բացայայտութեան մէջ: Իսկ արձակը պէտք ունի ժամանակին այդ առարկան հոլովոյթի մը, ընթացքի մը մէջ զետեղելու համար: Բանաստեղծութիւնը կը ջնջէ ժամանակը: Արձակը կը տեղաւորուի անոր մէջ: Ասոր համար կը դառնայ դրուագներու յաջորդականութիւն մը եւ կը յանգի պատմութեան:

98Բանաստեղծութիւնը կը ստեղծէ նոր նշաններ, մինչդեռ արձակը կը գործածէ արդէն գոյ նշաններ: Բայց մէկը չկայ առանց միւսին: Ատոնք միշտ միասին կ’երազեն մէջս (20 Յունուար 2013):

Le texte et les autres éléments (illustrations, fichiers annexes importés) sont sous Licence OpenEdition Books, sauf mention contraire.

Rechercher dans OpenEdition Search

Vous allez être redirigé vers OpenEdition Search