Version classiqueVersion mobile
OpenEdition Books Presses de l’Inalco EuropeS Krikor Beledian et la littérature... ՈՃԻ ՀԱՐՑԸ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆԻ ՊԱՏՈՒՄՆ...

Krikor Beledian et la littérature arménienne contemporaine

 | 
Anaïd Donabedian
, 
Siranush Dvoyan
, 
Victoria Khurshudyan

ՈՃԻ ՀԱՐՑԸ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆԻ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

La question de style dans les récits de Krikor Beledian

The Question of Style in Krikor Beledian’s Narrative Fictions

Րաֆֆի Աճէմեան

Résumé

Dans le cycle des récits de Krikor Beledian intitulé « Kisheratarts », on trouve un certain nombre de références à une « question du style ». La première fait référence aux sauts et aux coupures dans les histoires des survivants, « comme si pour survivre, il était nécessaire d'avoir un style qui permettrait de maintenir à une distance respectable le mal absolu, le plus extême et le plus dur ». Les survivants sont omniprésents surtout dans les cinq premiers volumes du cycle. Ils sont pour la plupart des épaves déchirées, victimes d'une expérience extrême. Le narrateur lui-même est également déchiré, d'abord par le changement de son environnement du fait d'une bourse qui l'envoie dans une école plus prestigieuse dans les quartiers chics de la ville, puis par le fait de quitter sa ville natale et de se retrouver confronté à ses propres fantômes dans une ville étrangère. La deuxième référence à la « question du style » apparaît en relation avec une photo, déjà vue mais perdue depuis longtemps. Ses efforts pour découvrir l'identité de l'un des personnages se soldera par un échec et une déception. Finalement, il se rendra compte qu'il n'a plus besoin de voir cette photo, et que la seule chose nécessaire est « une méthode différente, un style, qui condenserait la figure inconnue et donnerait corps au fantôme ». Ici, un parallèle est esquissé avec la production d’une photographie analogique, lorsque l'image latente devient peu à peu une image visible après avoir été immergée dans le bac de révélateur. C’est ainsi que sont perçus les livres du cycle, et c’est le style de la fiction narrative qui est mis en lumière. Ce style contraste avec le style descriptif traditionnellement adopté dans le récit tragique. La fiction narrative est une manière de penser, alors que le style descriptif est un regard de l'extérieur. Le récit tel que défini par Beledian est lui-même fragmentaire, tout comme les récits des survivants, et comme tel, il apparaît comme le seul style permettant non seulement de recomposer la réalité fragmentaire des survivants, mais aussi pour les « mettre en forme et les exposer ».

Texte intégral

  • 1 Մէջբերումները առնուած են հետեւեալ հատորներէն. Գրիգոր Պըլտեան,Պատկերը - Անունը լեզուիս տակ, Սարգիս Խ (...)

1Երբ բանախօսութեան վերնագիրը կ’որոշէինք մեր մտքին մէջ կային երկու մէջբերում, որոնք մեր ուշադրութիւնը գրաւած էին եւ արտագրած ու մէկդի դրած էինք, հոն տեսնելով պեղումի, գուցէ պրպտումի դաշտ մը։ Պիտի մէջբերենք անջատ-անջատ, ամեն մէկը իր պարբերութեան մէջ։ Յղումները կ’ընդգրկեն պատումներու շարքի հատորները, որ այլեւս կը կրեն «Գիշերադարձ» ընդհանուր խորագիրը, ցարդ լոյս տեսած ութ հատոր, մասնաւորաբար՝ Պատկերը, Անունը լեզուիս տակ, Երկուք եւ Շրջում հատորները:1

  • 2 Անունը լեզուիս տակ, էջ 508։

2Նախ առաջինը, որ կու գայ Անունը լեզուիս տակ հատորէն։ Նանօ, Մուշի հրկիզումէն վերապրող պառաւ մը, կը պատմէ ինչպէս հասեր է Տիարպեքիր, հոն հայ կին մը ազատեր է զինք, մնացեր է, դարձեր հացթուխ, «յետոյ մէկ օր լէ, տարտամ յոյսով որ մէկն ու մէկը կը գտնէ իրենցմէ, ելեր Հէլպու քաղաք է հասեր»:2 Պատմողը հոս ակնարկելով Նանոյի այսպէս կտրուկ ձեւով մէկէն միւսը անցնելուն, կ’ըսէ. «Երկու բառով միայն, որ կը կտրեն, կը միացնեն այնքան հեռաւոր տարածութիւններ, անոնք որ բնա՛ւ, ոչ մէկ խօսքի մէջ կրնան ըմբռնուիլ, ամփոփուիլ»։

  • 3 Նոյն։

3Խօսքը դրուագ մը, ողբերգութիւն մը կրճատելուն, երկու բառով տեղէ տեղ անցնելու հնարքին կը վերաբերի վերապրողներու պատմութիւններուն մէջ ընդհանրապէս ու կը շարունակէ. «Նախադասութիւնները արդէն պահպանակ են, տեսակ մը պարիսպ, որ չնային ետին, բանի մը որ կը բացուի, հոն վերը, զառիվերի մը վրան, փոշոտ, քարքարոտ, անսահման»։ Պատմութենէն պաշտպանուելու անհրաժեշտութիւն մըն է նկարագրուածը։ Ոչ թէ միայն պաշտպանուելու, այլ նաեւ վերապրելու։ Քիչ մը անդին կը շարունակէ. «Կարծես թէ վերապրելու համար ոճ մը անհրաժեշտ ըլլար, որ ծայրագոյնը, ամենէն տաժանելին, բացարձակ չարիքը պահէ բացը, պատկառելի հեռավորութեան մը մէջ»:3

4Տարօրինակ թուացած էր մեզի այսպէս «վերապրում»ի եւ «ոճ»ի քով քովի դրուիլը, թէեւ ըսուածը յստակ բան մըն է։ Վերապրողը պէտք ունի ոճի, ձեւի մը, որ զինք պահէ բաւարար հեռու ամենակուլ հրդեհի բոցէն, որպէսզի կարենայ ապրիլ։ Հետաքրքրական է թէ երբ վերապրողները կը խօսեցնէին ձայնագրիչով ու տեսագրիչով զինուած, մղուած արխիւացումի, անընդհատ փաստարկումի մարմաջէն ու տագնապէն, երբեք կը մտածէ՞ին թէ վերապրողը ինչե՜ր փորձած է յիշողութենէն կրճատել, կարենալ վերապրելու համար։ Հոս ակնարկը ճիշդ այդ կրճատումին է որ կը վերաբերի։

  • 4 Նոյն, էջ 489։
  • 5 Նոյն, էջ 507։

5Ո՞վ էին վերապրողները եւ ինչէ՞ անցած էին, կը գիտակցի՞նք իսկապէս։ Պատկեր մը տալու համար անոնցմէ, քանի մը մէջբերում։ «Անօթութիւն, ծարաւ, փորքշուք, շոպայ, թիֆօ. չմեռած կը նեխէին, մորթը կը փակէր ոսկորներուն, փորերը տիկի պէս կ’ուռէին, կը սատկէին, ոչինչ կը հասկնային եղածէն, կը հաւատային ամեն բանի...»:4 «Պոռա՞ց, լացա՞ւ, կարծես ո՛չ, կարծես երբեք չէ լացած, ամփոփուեր, խտացեր, չորցեր, կարծրացեր, քար եղեր է, մէջն ալ բերան մը շունչ... կը հոտի... կը հեռացնեմ քիթս, մտքիս մէջ նոյնացած է իր պատմութեան, էրած կիզած չորցած Նանոյին, որ կը ժպտի այլափոխուած, գրեթէ երջանիկ, կարծես ընտանեցուցած մահը, մահէն գէշ՝ ճենճերումը»:5

  • 6 Երկուք, էջ 219։
  • 7 Նոյն, էջ 506։
  • 8 Նոյն։
  • 9 Նոյն, էջ 430։

6Հասկնալի է թէ վերապրողի փորձառութիւնը ծայրագոյն փորձառութիւն մըն է, այսինքն ենթական կը տանի մինչեւ ծայր՝ ամեն կերպով։ Բնաջնջումի մեքենան ոչ թէ միայն կը կտրէ զիրենք իրենց երկրէն, հողէն, շրջապատէն, հարազատներէն, այլ նաեւ իրենց մարդկայնութենէն։ Անապատին մէջ մարդը կ’իջնէ անասնական վիճակի։ «Կը լսէի առանց իսկապէս լսելու» կը խոստովանի պատմողը եւ կը շարունակէ, «չէի հասկնար, որ կրնային ատեն մը անասունի նմանած ըլլալ։ Ոչ իսկ անասունի»:6 Ամեն ոք ամեն ձեւով կը փորձէ փրկել ինքն իր մորթը։ «Առանց երկմտանքի, առանց որեւէ յուզումի, ամեն մէկը ինքնիրեն տեսակ մը անասնային անձնապաշտպանութեան մոլուցքէն տարուած, բռնաւոր եւ անոպայ, ամեն ինկող վերածելով անցեալի մը, փշրանքի մը, յիշատակի մը. մասունքի ժամանակը պիտի սկսէր աւելի ուշ, շատ աւելի ուշ, երբ գալիքը եկած ըլլար... դէպքը ստանար վերջնականի կնիքը»:7 Հոս է որ պատանի լսողը չի հասկնար թէ ինչպէ՞ս ետեւ կը ձգէին անոնք որ չէին կրնար քայլ պահել, կրկին անգամ հարց տալով` «ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, պապանիդ չէ՞ր»:8 Այս անասնական կիրքով վերապրածներու պատմութիւններուն մէջ կան ոչ թէ միայն ետեւ մնացածները, կան նաեւ անանուն մնացածները, այսինքն անոնք որոնք ոչ թէ միայն իրենք, այլ իրենց անուններն ալ կորսուած են։ «Երկար ժամանակ չեմ հասկցած, վերապրելու իրենց մոլուցքը» կ’ըսէ պատմողը «եւ ատոր համար՝ անգթօրէն մոռնալու միւսները... մէկը գրաւեր էր միւսին տեղը, մէկը, անանուն, զեղչուեր էր, եւ ան (մեռնողը) երկար ժամանակ ետք միայն պիտի վերադառնար իր մոռացումէն»:9

  • 10 Անունը լեզուիս տակ, էջ 523։
  • 11 Երկուք, էջ 287։
  • 12 Նոյն, էջ 296։
  • 13 Նոյն։
  • 14 Նոյն, էջ 297։

7Վերապրողը հարկին տակ եղած է կատարելու հատում մը, «ինչ որ ըրեր էին Էլմոն, Վերժին, Անթիքա, հարկադիր, ակամայ»,10 եւ այդ հատումը ոչ թէ միայն կը կտրէ զիրենք ետեւ մնացողներէն, այլ նաեւ կը հատէ իրենք զիրենք երկուքի։ Ծայրագոյն փորձառութեան մէջ, մինչեւ մահուան դուռը գացողը պարզ է ետ չի վերադառնար իբրեւ նոյն անձը։ Երկուքին մէջ զուգահեռը կը տրուի Մամասին, Վարդուհի մօրաքրոջ ամուսինը, որ թոքախտով ախտաճանաչուելէ ետք կը ղրկուի Ազունիէի բուժարանը, լեռներուն գագաթը, ուր կը մնայ բաւական ատեն։ Այդ ընթացքին Վարդուհի կը ստիպուի վերադառնալու նախկին գործին, գորգագործութեան, ինչ որ ըրած էր տարիներով երբ նոր եկեր էին անապատէն ու հաստատուեր թիթեղաշէն հիւղաւանը։ Սկիզբը երկու քոյր կիրակիները կը շալկուին կ’երթան այցի, վերջը իրենց կ’ըսեն մի՛ գաք։ Մամասի անունն ալ կ’անհետանայ բոլոր զրոյցներէն։ Երբ կը խօսին անոր մասին, կը խօսին առանց յիշելու անունը, կարծես արդէն անցած ըլլար անդի աշխարհ։ Սակայն Մամաս կը բուժուի ու կը վերադառնայ։ «Նոյն մարդն էր անշուշտ» կ’ըսէ պատմողը, ու կը շարունակէ՝ «բայց ի՞նչ բան թոյլ կուտայ ինծի մտածելու որ նոյնն էր, երեւո՞յթը, տե՞սքը, ընդհանուր գիծե՞րը որ կը համապատասխանէին մտապատկերիս, նախքան անոր մեկնումը, անհետացումը եւ հիմակուան վերայայտնութիւնը, յարութիւնը պէտք էր ըսել, հետեւելու համար մայրիկին դիտողութեան, անդիի կողմէն բերին, մեռեր էր, ողջնցաւ»:11 Ըստ սովորութեան հիւանդտեսի կուգան ազգականներն ու ծանօթները։ Մամաս նստած է բազկաթոռին, դեղ հոտող սենեակին մէջ, «նայուածքը հիմա տոգորուած էր այնպիսի թափանցողութեամբ մը որ կարծես կը տեսնէր տեսանելիէն անդին, բոլոր այս շարժող, շնչող, հազացող, մանաւանդ խօսող մարդիկը իրենց իսկութեան մէջ... անջատ կամ մերկացած իրենց զգեստներէն կամ հանգամանքներէն»:12 Մամաս վերադարձած է, բայց հետը բերած է կարծես անդի կողմին նայուածքը եւ ասիկա կ’ըսէ՝ «ոչ ցաւ էր, ոչ տանջանք... այլ քայքաքումը, հիւծումը, այն ներքին քամումը որ կ’այլայլէր, այսինքն կը կերպարանափոխէր... կարծես թափանցեր էր գօտիէ մը ներս ուր բառերը չէին զօրեր, կը մնար ապշած... անհպելի... ապրուածէն զարնուած... եթէ մեր հետ կը թուէր, մեր հետ չէր»:13 Հոյակապ նկարագրութիւն մըն է։ Ապրուածէն զարնուած կ’ըսէ, այս պարագային հիւանդութեան փորձառութենէն, որ զինք տարած էր մինչեւ մահուան սեմը ու ետ բերած։ «Ատիկա իսկական դէպք մըն էր, իր առաջով ու յետոյով, որ կը հատէր ընտանեկան պատումը, ինչպէս ուրիշ դէպք մը ուրիշ ատեն»:14 Չենք մանրամասներ, բայց յստակ է թէ դէպքը կը յուշէ նախկին դէպքը, այն որ ապրողները վերածած էր վերապրողներու։ Վերադարձողը նոյնը չի կրնար ըլլալ ըսինք, որովհետեւ դէպքը կը հատէ զինք ինքն իրմէ։ Կը բաժնէ զինք երկուքի։ Կայ անկէ առաջուան անձը, կայ անկէ ետք եկողը, որ ետ եկող մըն է՝ ծայրէն վերադարձող մը։

  • 15 Նոյն, էջ 512։

8Պատումներու շարքին մէջ վերապրողի կերպարները կը հանդիսանան հիմնական ներկայութիւն մը։ Անոնք կազմուած են պատմողին անմիջական շրջանակէն, ընտանեկան պարագաներէն, դրացիներէն, ծանօթներէն։ Հիմնական ներկայութիւն է նաեւ պատմողին ժամանակը Պէյրութէն Փարիզ, որ նաեւ հասունացման, ինքնանալու ընթացք մը կը կազմէ։ Որքա՜ն խայտաբղէտ են կերպարները, նոյնքան հատու են պատմողին ինքնավերլուծումները։ Պատմողը ինքն ալ կ’ենթարկուի երկփեղկումի, նախ դպրոցի փոփոխութեան ընթացքին, որ նաեւ միջավայր փոխելու փորձառութիւն մըն է, աչք բացող ու ամբողջովին այլացնող ընտանիէն, ապա քաղաք փոխելուն հետ, երբ դէմ յանդիման կը գտնուի այլին ու նոր քաղաքի հմայքին ու ազատութեան հետ, որ վերջ ի վերջոյ զինք ալ կը դնէ ծայրագոյն փորձառութեան մը առջեւ։ «Մինչեւ ո՞ւր այս մեծ ազատագրումը» պիտի գրէ ան։ «Կարծես շատ, շատ հեռու գացեր էիր, այնքան որ կարելի չէր այլեւս ետդարձ կատարել, ինչպէս մէկը որ դադրեր էր իր լեզուն խօսելէ»:15 Պիտի տեսնենք։

  • 16 Նոյն, էջ 304։
  • 17 Նոյն, էջ 232։
  • 18 Նոյն, էջ 327։
  • 19 Նոյն, էջ 429։
  • 20 Նոյն, էջ 360։

9Նախ սակայն Ճեմարանը։ «Մէկ դպրոցէն միւսը մտնելով անցեր ես սահմանը ծանօթին եւ այլեւս ապաստան գտեր ես անանունութեան մը մէջ, կորսնցուցեր ես անոնք որ տունն են կամ թաղը, առանց իսկապէս ուրիշներուն հանդիպելու, առանց վայելելու անոնց ընկերութիւնը, մտերմութիւնը, գուցէ միայն սանկ-նանկ համակրանքը» կը գրէ ան Երկուքին մէջ:16 Ասիկա անշուշտ սկիզբն է, բայց նաեւ սկիզբն է երկփեղկումին, անանունութեան կ’ըսէ, արձագանգ մը միւս անանուններուն։ Շատ չանցած կ’անդրադառնայ որ «հետզհետէ սկսեր ես նմանիլ իրենց... նուաճել այդ իրենց ըլլալու կերպը»։ Անշուշտ կը հետեւի խորթացումը տունէն, երբ առաջին անգամ տուն կը վերադառնայ ու կը սկսի անդրադառնալ տարբերութեան, «տեսեր ես ինչպէս ձեր բակը պզտիկցեր է մէկէն»,17 եւ կը սկսի հեռանալ իրեններէն։ Ասոր դիմաց կայ նոր դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն պեղող նայուածքը։ «Ո՞վ ես, ուրկէ՞ կուգաս, ի՞նչ էք...»18 եւ կ’անդրադառնայ որ կը հագցնեն իրեն ճիշդ ա՛յն ինքնութիւնը որ կ’ուզէ ծածկել, մոռնալ։ Իսկ միւս կողմէ կայ այս անգամ մօրը կշտամբանքը՝ «ես քեզի չըսի... կարծես իրմէ բաժնուեր էի եւ սկսեր էի զինք հերքել»։ Դպրոցը զինք բաժնած է երկուքի։ «Ո՞ւր էի, ո՞ր տեղին կը պատկանէի ես որ Սեդօ նետեր էր կարդալու ասպարէզը, հոն անգամ զիս ամբողջ չէի զգար, կարծես թէ ոչ թէ բանէ մը բաժնուած էի, այլ անդամահատուած էի, աւելի ճիշդ արդէն ես իմ մէջ բաժնուած էի երկուքի, տունն ու քաղաքը կը հատէին զիս մէջտեղէս... կը ճգնէի մին մոռնալ, միանալու միւսին, առանց իրօք կարենալ միանալու...»:19 Տակաւին կայ մինչեւ այդ ամբարած կամ աւելի ճիշդ չամբարած լեզուի ու գիտելիքներու հարցը։ Պարզ է որ թաղային դպրոցէն եկողը նոյն մակարդակին պիտի չըլլար։ Նոր դպրոցին մէջ «նկատեր ես պակասներդ» կը գրէ, եւ կը սկսի արագընթաց վազք մը հասնելու դասարանի մակարդակին, որով արտօնուած չէր իրեն պէս կրթանպաստով ուսանողին կրկնել դասարանը։ Աւելի ուշ պիտի գայ նաեւ սինեման, որուն յաճախումը մաս պիտի կազմէ հասունացման հոլովոյթին, երբ մէկէն պիտի անդրադառնայ որ սկսեր է հասկնալ պաստառին վրայի պատահարները։ «Հասկնալը ի՞նչ է արդէն եթէ ոչ առեղծուածային թափանցում մը» կը գրէ ան, «յանկարծակի դէպք մը, որուն չես անդրադառնար յաճախ, անիկա տեղի կ’ունենայ քեզմէ անկախ, քու մէջդ, բայց տեղ մը որ միտք կը կոչուի»:20 Հասկնալը մտքի դէպք մըն է։ Պիտի տեսնենք ասիկա ալ կրկին։

  • 21 Նոյն, էջ 318։
  • 22 Նոյն, էջ 320։
  • 23 Նոյն, էջ 300։
  • 24 Նոյն, էջ 237։
  • 25 Նոյն, էջ 491։

10Աւելի ուշ պիտի անցնի սահման մը եւս, երբ սկսի ամառնային գործի, մտնէ պարոն Շահէնի ճարտարապետական գրասենեակը իբրեւ office boy, ծանօթանայ հոն աշխատողներու փաղանգին, սլքտայ քաղաքի փողոցներուն մէջ, դառնայ ունկնդիր ճազ երաժշտութեան, ունենայ սեռային առաջին գրգիռներն ու փորձառութիւնը։ Հասունացումը այլայլող փորձառութիւն մըն է, որ անձը կը խզէ ինքն իրմէ։ «Ձայնդ ալ հաստըցեր է... չէի անդրադարձած, ե՞րբ սկսեր էր խզումը, չէի գիտեր»21 եւ աւելի վար՝ «դեռ անկարող ստանձնելու մանկութեան սուգը, հասունութիւնը»:22 Հիմնական հարցումը այս հանգրուանին՝ «ինչպէ՞ս կարելի է սորվիլ ըլլալ»:23 Ասիկա անշուշտ «ի՞նչ պիտի ընես, ո՞վ պիտի ըլլաս»ի կողքին:24 Այս ամենը մինչեւ որ Արտաւազդ, գրասենեակի պատասխանատուն, որ նաեւ պիտի խաղայ մենտորի դեր, ըսէ, գրեթէ հրամայէ՝ «ե՛լ, գնա՛, աշխա՛րհ տես, ապրէ՛, նայէ ի՞նչ կ’ընեն ուրիշներ»:25 Եւ պիտի սկսի մեկնումի ժամանակը՝ Փարիզը։

  • 26 Մարկ Նշանեան, Պատկեր, պատում, պատմութիւն, հատոր 2, Ակտուալ արուեստ, Երեւան, 2016։
  • 27 Անունը լեզուիս տակ, էջ 508։
  • 28 Պատկերը, էջ 299։
  • 29 Նոյն, էջ 300։
  • 30 Նոյն։

11Հոս պիտի վերադառնանք «ոճի հարցի» երկրորդ մէջբերումին։ Այս մէկը կուգայ Պատկերը հատորէն։ Պատկերի հասկացողութիւնը ինքնին հիմնաքարերէն մէկն է վիպումի լայն աղեղին որ կը կիրարկուի հատորներու երկայնքին եւ առ այդ կը հանդիսանայ առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ։ Այդ մասին ընթերցողը կը յղենք Մարկ Նշանեանի ի մօտոյ լոյս տեսնելիք հատորին:26 Առաջին գիրքէն իսկ՝ Սեմերու մուտքէն սկսեալ պատկերը ներկայ է երբ մայրը կ’երկարէ լուսանկարներու տրցակը պատուիրելով որ ան պահէ զայն։ Աւելի ուշ պատմողը պիտի խոստովանի իր «պատկերներու մէջ թափառող» մը ըլլալը, երբ ակնարկելով Նանոյի եւ ընդհանրապէս վերապրողներու պատմութիւններուն պիտի ըսէ՝ «ինչ որ ինծի՝ պատկերներու մէջ թափառողիս համար լուսանկար է միայն, քանի մը աղճատ դրուագ, քանի մը նախնական բացագանչութիւն»:27 Պատկերը հատորին մէջ ակնարկը կ’երթայ հօրը երիտասարդութեան մէկ նկարին, խմբանկար մը՝ մօր բացատրութեամբ հօրդ ղոփոխութեան օրերէն՝այսինքն անառակութեան օրերէն մնացած, ուր կայ հայրը՝ուտը ձեռքին, կողքին ուրիշներ, նկար մը որ ընդնշմարած է օր մը, շատոնց, ապա ամբողջովին մոռցած։ Օր մը մէկէն կը մտաբերէ զայն, կը յիշէ տեսած ըլլալը։ Կը յիշէ նաեւ որ հօր կողքին կար մէկը, որ սակայն չի ճանչնար կամ յիշեր։ Ատկէ ետք զայն գտնելու կամ անոր մասին տեղեկութիւն հանելու բոլոր փորձերը կը մնան ապարդիւն եւ ասիկա զինք կը մատնէ ընկրկումի։ Այդ ընկրկումին մէջ կ’անդրադառնայ որ պատկերը գտնելու ցանկութիւնը այլեւս դադրեր է մէջը։ «Անգամ մը տեսած ըլլալս բաւ էր ինքնին» կ’ըսէ։ «Լուսանկարին գոյութեան պէտքը չկար»:28 Ասիկա կը նմանցնէ մեռելներուն, որոնց ծննդեան ու մահուան թուականները կը մոռնանք, կը լքենք զիրենք իրենց շիրմաքարերուն, թէեւ սուգը կը շարունակենք կրել։ Կորսուած պատկերն ալ կ’ըսէ. «որոշ չափով միշտ հոն էր, ուր կը տեսնէի, միշտ նոյնքան աղօտ կերպով, միշտ նոյնքան տարտամ. ոչ մէկ ձեւով յաջողած էի թափանցել անոր գաղտնիքին...»:29 Գիտակից է այլեւս որ անհրաժեշտ չէ զայն տեսնել կրկին, «կը բաւէր որ գոյութիւն ունենար, լուսանկարիչի պատկէրներուն պէս ջուրին մէջ, ներյայտ կերպով, կարելի էր ու պէտք էր գտնել տարբեր ձեւ մը, ոճ մը, որ այդ անյայտ կերպարանքը խտացնէր, ուրուականը մարմնաւորէր...»:30 Շատ հետաքրքրական տող մըն է, բազմաթիւ ընթերցումներ պահանջող։ Յղումը անշուշտ կը կանխէ թուային պատկերներու ժամանակը, երբ պատկերը, թէեւ արդէն դրոշմուած լուսանկարչական թուղթին վրայ, կը մնար անյայտ մինչեւ որ թուղթը մխրճուէր յատուկ դեղաջուրի մէջ եւ քիմիական փոխազդեցութեան հետեւանքով նկարը մարմին ու ձեւ առնէր կամաց-կամաց, հրաշքի համազօր։ Միշտ ալ հմայիչ նկարագիր մը ունեցած է այդ աներեւոյթէն երեւոյթի բերող գործողութիւնը։ Պէտք էր գտնել կ’ըսէ տարբեր ոճ մը, որ անյայտը մարմնաւորէր։ Խօսքը անշուշտ պատկերին մասին է, բայց Պատկերը նաեւ գիրքին անունն է, եւ հոս ակամայ փոխադրութիւն մը կը պատահի պատկերէն գիրք։ Գրական ձեռնարկը ինքնին մէկէն կը դառնայ խնդրոյ առարկայ, կարծես պատումներու շարքը, գիրքերը իրենք ըլլային լուսանկարիչին դեղաջուրը պարունակող ընդունարանները, ուր պիտի գային յայտնուիլ անանուն մնացածներն ու անոնց պատմութիւնները։ Ուրեմն ոճի հարց մը կայ հոս ալ, ինչպէս տեսանք վերը՝ վերապրողներուն մօտ։ Եթէ հոն չըսուածը, չըսուելիքը, հեռաւորութեան մէջ պահելու հարց մըն էր, ապրելու համար, հոս կորսուածը, ի յայտ չեկողը կարկառի բերելու՝ յայտնակերպելու հարց մըն է։ Երկուքն ալ ոճի հարց կը նկատուին։ Առաջինը կարճումը կը նկատէ իբրեւ ոճ, երկրորդը կը փնտռէ լուսանկարիչին դեղաջուրը, ուր կրնար յայտնուիլ ինչ որ կը մնայ անյայտ։ Կայ աւելին։

  • 31 Նոյն, էջ 299։
  • 32 Պարզապէս նշենք որ ասոնք նաեւ հատորներուն վերնագիրները կը հանդիսանան։

12Կը վերադառանանք ու կը շարունակենք մէջբերումը կարդալով տողը կրկին։ «Կարելի էր ու պէտք էր գտնել տարբեր ձեւ մը, ոճ մը, որ այդ անյայտ կերպարանքը խտացնէր, ուրուականը մարմնաւորէր, պիտի ըսէի, զայն աճեցնէր, զարգացնէր, պարզէր, դառնալու համար իսկական նշանագիրը անոր յայտնութեան»։ Պատկերը ուրեմն ներյայտը յայտնելով կը դառնայ անոր նշանագիրը։ Բայց նաեւ անոր լքումի միջոցը, ինչպէս որ ըսած էր մեռելին համար՝ «սուգը կը շարունակենք կրել երբ արդէն մոռցած ենք մահուան օրը, ամիսն ու տարին, կարծես ակամայ սրբացուցած ենք զայն, ձգած իր լքումին»:31 Այսինքն կը լքենք մեռելը, բայց ոչ սուգը։ Հոս ալ, ոճ մը պէտք է որ ոչ թէ միայն մարմին տայ ան«պատկեր», ան«անուն» ու ան«նշան»32 մնացածներուն այլ դեղաջուրին մէջ գտնուող լուսանկարին նման, հաստատէ զանոնք թուղթին վրայ։ Բայց ոչ թէ միայն հաստատէ: Կը շարունակենք մէջբերումին ընթերցումը հոնկէ ուր կեցած էինք։ «... դառնալու համար իսկական նշանագիրը անոր յայտնութեան. լքումը այլեւս ոճի՞ հարց մըն էր, միա՞յն ոճի հարց. ատո՞վ յուշարձանին մեռելը կը զանազանուի անապատի անթաղ դիակէն եւ իր հողմասփիւռ, պնդող յիշատակէն»։ Ուրեմն ոճ մը, որ ոչ թէ միայն զանոնք վերայայտնէ, այլ միաժամանակ թաղէ, այսինքն կարելի դարձնէ լքումը։

  • 33 Գրիգոր Պըլտեան, Կրակէ շրջանակը՝Դանիէլ Վարուժանի շուրջ, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ, Երեւան, 2014։
  • 34 Ակնարկը կ’երթայ Յակոբ Օշականի Մնացորդաց վէպի ծրագրուած երրորդ հատորին, որ պիտի կոչուէր Դժոխք եւ որ (...)

13Յստակ է ուրեմն որ ոճը պատումներուն հիմնական հարցն է եւ խնդիրը միաժամանակ։ Առանց ոճի չկայ պատում եւ չկայ նաեւ պատումէն ելք։ Վերեւի տողերով առաջարկուածը գեղարուեստական ծրագիր մըն է։ Յուշագրութիւնը կամ վկայագրութիւնը բաւարար չեն նկատուիր, որով պիտի նմանէին անդեղ ջուրի մէջ դրուած թուղթին, որուն վրայ ոչ մէկ անյայտ պիտի գար յայտնուիլ։ Լաւագոյն պարագային անոնք կրնային գաղափար մը տալ իրադարձութիւններէն, տեսնուածէն, ապրուածէն։ Բուն հարցը այդ է որ դէպքը իր ահաւորութեամբ կարելի չէ ընդգրկել ոչ մէկ, ոչ ալ հազար յուշի կամ պատկէրի մէջ։ Հապա անպատկերելի՞ն։ Վարուժան «Կիլիկեան մոխիրներուն» կոչուող բանաստեղծութեան մէջ օտարականին կ’առաջարկէր հայեացքը դարձնել անդին,շարունակելով անսալ բանաստեղծի ձայնին։ Պըլտեան շատ հետաքրքրական ու ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը ունի ասոր շուրջ:33 Օշական չէր գրած կամ չէր կրցած վերադառնալ դէպքին ու կրել զայն կրկին մարմնին վրայ:34 Այս պարագային բառախաղ չէ։ Կարելի չէ զայն գրել առանց կրելու։ Մարմնի հարց մը կայ։ Հաւանաբար նաեւ շատ մօտ էր անոր։ Տեսանք արդէն ինչպէս վերապրողը կրնար միայն կարճել, հեռու պահել դէպքը։ Ճակատիլ կը նշանակէր ետ երթալ տեղ մը ուրկէ ետ չեն գար։ Պըլտեանի համար անհրաժեշտ է գտնել տարբեր ձեւ մը, ոճ մը, որ կատարէր լուսանկարիչի դեղաջուրին դերը որպէսզի յայտնուելիքը յայտնուէր ու կարենայինք լքել զայն, այսինք կատարել սուգը, որովհետեւ այնքան ատեն որ դէպքը յայտնուած չէ, ինչպէ՞ս կրնանք անոր սուգը ընել եւ ուրեմն ինչպէ՞ս կրնանք ելլել անկէ։

  • 35 Շրջում, էջ 46։
  • 36 Անունը լեզուիս տակ, էջ 413։
  • 37 Երկուք, էջ 196։
  • 38 Նոյն, էջ 519։
  • 39 Նոյն։

14Այդ ոճը կը կիրարկուի պատումի յղացքով եւ աւելի ուշ՝ Շրջումին մէջ պիտի գրէ՝ «պատումն ալ մտածելու ձեւ մըն է, անոր ըլլալու կերպը, ոչ կաղապարը, բանակերպը»:35 Ծանօթ է որ Պըլտեան «պատում» եզրը կը գործածէ բացառաբար շարքի հատորներուն համար, որոնք ամեն մէկը յաճախ իրենց ծաւալով ու զարգացումով կրնան վէպ նկատուիլ։ Ինչո՞ւ պատում։ Ըսենք որ պատում եզրը ինքնին յաճախ տարբեր երանգներու տակ կ’երեւի շարքի էջերուն մէջ իսկ։ Նշենք քանի մը մէջբերում։ Առաջինը կուգայ Անունը լեզուիս տակէն։ «Ե՞րբ պիտի հասկնամ իր թելադրածը, իր ըսել ուզածը, թէ քալողը ապրող մըն է, որքան քալէ, ի՛նչ ուղղութեամբ ալ ըլլայ, այնքան կը շնչէ, այնքան շուտ կը կտրէ կ’անցնի դժնդակ զառիվերներն ու հալածանքը, կը հասնի հոս պատումին ծայրը»:36 Յղումը Նանոյին է, անոր հետիոտն փախուստին եւ փրկութեան, որ նաեւ իր պատումն է։ Հոս պատումը վերապրողին պատմութիւնն է, սակայն արդէն կ’երեւի ծայրը ըլլալու գաղափարը, ուր կը գտնուի լսողը։ Հոս կ’երեւի նաեւ քալողը, որ Պըլտեանի սիրած բանատեղերէն՝ toposներէն մէկն է։ Պիտի գանք ասոնց։ Կ’անցնինք Երկուքին։ Պատմողը ճարտարապետական գրասենեակի յարկաբաժնին մէջ մինակ մնացած է ու կը մտնէ-կ’ելլէ բոլոր սենեակները՝ «կ’ուզես մանրամասնօրէն ճանչնալ միջոցը, վայրերը, ասոնց կապերը...» կ’ըսէ ու փակագիծ բանալով կը շարունակէ՝ «ինչ որ ոչ միայն ձեւ մըն է բնակելու, յարմարելու, տիրապետելու (...) սակայն որքան նկարագրես այնքան կը բացակայիս վայրերէն, կը քօղարկես գաղտնի պատումը տեսանելիի նախագիծին տակ»:37 Յստակ է։ Նկարագրութիւնը փոխանակ բացայայտելու պատումի ետին կամ անոր մէջ թաքնուածը, պարզապէս կը քօղարկէ զայն արդէն տեսանելիով։ Անյայտը կը մնայ նկարագրուածէն անդին։ Մէկ խօսքով, նկարագրութիւնը բաւարար չէ երբ ուզուածը անտեսանելին է, ինչպէս տեսանք։ Պատումը նկարագրութեամբ չի կրնար ընթանալ։ Աւելի անդին, այս անգամ խօսելով մօրաքրոջ՝ Վարդուհիի մահուան մասին կ’ըսէ՝ «Ինչպէս Վարդուհին իր հեռաւոր գաղտնիքը պահեր էր, լքելով միայն ետին սանկ ու նանկ նշաններ, որոնք հետքեր դառնալու համար պէտք է դրուին քով քովի, կարգուին, դասաւորուին»:38 Խօսքը կը վերաբերի Վարդուհիի կեանքի ծածուկ մնացած կամ յայտնակերպումի չեկած մէկ դրուագին, որուն նշանները կարելի է քով քովի բերել ու դասաւորել, սակայն կը շարունակէ՝ «իսկ պատումը, բուն հարցը, պատումը չկայ, ահա տրամը, տեսարանները կան առանց պատումին»:39 Շատ հետաքրքրական տող մըն է։ Չի բաւեր նշանները քով-քովի դնել ու դասաւորել, երբ պատումը չկայ։ Հոս արձագանգը կայ Անունը լեզուիս տակի այն դրուագին, ուր կինը ետեւ ետեւի կը շարէ անունները, տեղերը, թուականները քարտեսին վրայ, առանց անշուշտ կարենալ հասնելու անոր որուն կ’ուզէ հասնիլ, մնալով միշտ խրած հատուածեալին մէջ։ Աւազախրումի տեսարան մըն է։ Պատումին կը տրուի, ինչպէս պիտի տեսնենք, միաւորողի դեր։

  • 40 Գրիգոր Պըլտեան, Հարուածը, Կիլիկիա հրատարակչատուն, Փարիզ-Հալէպ, 1998։
  • 41 Շրջում, էջ 24։
  • 42 Նոյն, էջ 33։
  • 43 Տե՛ս օրինակ Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար Բ. Տիպ, Լոս Անճելես, 1997։ Այստեղ քաղաքին քանդում (...)
  • 44 Շրջում, էջ 508։
  • 45 «Հարցազրոյց Գրիգոր Պըլտեանի հետ», «Հորիզոն Գրական յաւելուած», Մոնրէալ, Դեկտեմբեր, 1999։
  • 46 Անունը լեզուիս տակ, էջ 519։

15Կ’անցնինք Շրջումին։ Անոր սկիզբի ու վերջի գլուխներուն մէջ Պըլտեան կը գործածէ լուսանցքի մէջ գրելու դրութիւն մը, ուր տեքստին յարակից ու ներս քաշուած կը յայտնուի երկրորդ տեքստ մը, որ կը մտածէ գրուածին մասին, կ’արձագանգէ անոր, նման ինչ որ ըրած էր Հարուածըին մէջ:40 Շրջումին մէջ պատմողը Փարիզի փողոցներուն մէջ կը քալէ, մտաբերելով իր անցած ճամբուն հանգրուանները, խոկալով ու դիտելով շուրջը։ Կը կարդանք լուսանցքին մէջ՝ «Երբեմն անկարելի է գուշակել տալ որ այս պահը յաջորդականութիւն մըն է շատ մը ընդհանուր պահերու։ Պատումի ընթածիրը թերեւս միաւորէ զանոնք, մինչդեռ եղածը շարք մըն էր ոչ-շարունակական դրդումներու, զիկզակներու վերիվայրող դիմեցում մը, բռնկում, պայթիւններ, ճարճատիւն...»:41 Պահը որուն կ’ակնարկէ քալողին մօտ ըմբռնումի, ինքնըմբռնումի պահ մըն է, «մտածումի դէպք» պիտի կոչէ զայն աւելի անդին, որ սակայն արդիւնք չէ պատահական քալուածքի մը, ինչպէս կ’ըսէ քիչ անդին, այլ հետեւանք երկար ու անջատ ժամանակներու մէջ կատարուած աշխատանքի մը։ Պատումը հոս այլեւս գրուածն է, տեքստը, որով այդ աշխատանքը, այսինքն մտածումի դէպք կոչուածը մարմին կ’առնէ, կ’երեւի գիրի մէջ ու միջոցով։ Պատումին ընթածիրը գուցէ միաւորէ կ’ըսէ քով քովի կամ վրայ վրայի եկած պահերը։ Աւելի անդին կ’ըսէ որ այդ դէպքը շրջադարձ մըն է, որ «պատումին պատկանելէ առաջ կը պատկանի մտքին... սակայն դժուարութիւնը այն է որ առանց այդ պատումին հնարաւոր չէ մտածումի դէպքը ըսել, մանաւանդ որ ետդարձով հարկ է վերբերել, մտաբերել զայն, միշտ իբրեւ ապառնի անցեալ մը որ երեւակայօրէն պիտի դառնայ ապագայ...»:42 Լեցուն տող մըն է ու չենք կենար երկար վրան։ Պարզապէս նշենք որ մտածումի դէպք ու պատում կուգան միասին։ Մտածումի դէպքը պատումով է որ կը կատարուի։ Ասիկա նման է Պըլտեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ կիրարկած մեթոտին, երբ գրութիւնը գրուելով իսկ կը կիրարկէ, կը կատարէ գրուածը:43 Աւելի անդին ան կը գրէ՝ «Պատումը կը ձգտի ամբողջութեան մը որ անկարելի է ի սկզբանէ»:44 Անկարելի, որովհետեւ առանց պատումի յայտնաբերական աշխատանքին կը պակսին կտորները։ Պատումն է որ պիտի կատարէ անոնց յայտնակերպումն ու միաւորումը։ Այդ ամբողջութիւնը ուրեմն կոտորակուածէն ելած ամբողջութիւն մըն է։ Հոս է որ պատումը ամբողջովին կը տարբերի վէպի յղացքէն, վէպը հասկցուած իբրեւ միատարր ու տիրապետեալ միջոց։ Մինչդեռ պատումին գլխաւոր յատկանիշը կոտորակուած ըլլալն է, հատուած՝ բառախաղով մը՝ հատում/պատում։ «Պատումին ժամանակը հատուածային է» կ’ըսէրՊըլտեան հարցազրոյցի մը մէջ 15 տարի առաջ, երբ նոր սկսած էին լոյս տեսնել հատորները:45 Հատուածային, որով ի՞նչը հատուածային չէ մեր իրականութեան մէջ։ Մեծ պայթումը իր ետեւ ձգած է միայն հատուածեալ իրականութիւն մը։ «Խորտակումէն ետք, յիշողութիւն կոչուածը հատուածային, միակողմանի, խտրական գործունէութիւն մը կ’ըլլայ» կը գրէ ան Անունը լեզուիս տակին մէջ:46

  • 47 Շրջում, էջ13-14։
  • 48 Նոյն, էջ 28։
  • 49 Նոյն, էջ 9։
  • 50 Նոյն, էջ 10։

16Հատուածեալ է նաեւ պատմողին կեանքը, երկփեղկուած։ Տեսանք Բլուրէն քաղաք երթալու փորձառութիւնը որ երկուքի կը կիսէր ենթական։ Ապա կայ մեկնումը Փարիզ։ Փարիզի փողոցներուն մէջ թափառողն է ան։ Շրջումին մէջ ան կը գրէ՝ «Հարցերը պարզ չեն մանաւանդ երբ կը քալես եւ ծալծալ կը բացուի քաղաքի լաբիւրինթոսը, անոր հետ կը խճճուիս, կ’ընդարձակուիս, կը բարդանաս։ Ծուէն-ծուէն։ Կը կոտորակուիս։ Մեծ քայքայում»47 եւ աւելի անդին՝ «հարցերը այնքան ալ պարզ չեն, ո՛չ, բնաւ, մանաւանդ երբ քառուղիին հասած կը քալես որեւէ մէկ ուղղութեամբ, հարցերը, օն, սկիզբն են լաբիւրինթոսին»:48 Որոշումը վճռական է։ Կը կարդանք՝ «որդեգրել պայմանական ընթացք, տարուիլ անով։ Սպասման ոճ»49 եւ քիչ մը անդին՝ «ոչինչ վճռել, կտրել, նետել, ձեւաւորել, մանաւանդ կեանքս։ Անոր մէ՞ջ թէ՞ անկէ դուրս, կամ երկուքը։ Կեանքս կարծես կտրուած ինձմէ» եւ վերջապէս՝ «միայն ըլլալ, հոս, քիչ մը ամեն տեղ, ապաձեւ, ինքնութեան լաբիւրինթոսէն վերապրող կամ արտաքսուած ոչ ոք մը, առանց անձկութեան, զգայազիրկ»:50 Քաղաքը իր հետ կը բերէ մեծ քայքայումը, ենթական վերածելով «ինքնութեան լաբիւրինթոսէն վերապրող»ի։ Անոր դիմաց կարելի է միայն «որդեգրել պայմանական ընթացք», «ըլլալ հոս» մը, որ արձագանգն է ուրիշ հիմնական այլացումի մը, որուն նշանները կ’երեւին երբ «մարդիկ չեն դադրիր հարցնելէ ո՞րտեղացի ես» կը գրէ ան Երկուքին մէջ, «հիմա, հոս, hic et nunce», այստեղը կարծես չկայ, գոյութիւն չէ ունեցած։ Այս կացութիւնը քիչ մը անդին թափառողը պիտի դնէ ծայրագոյն փորձառութեան մը աջեւ։ Պիտի տեսնենք։

 

  • 51 Գրիգոր Պըլտեան, Սեմեր, Կիլիկիա հրատարակչատուն, Փարիզ-Հալէպ, 1997։
  • 52 Նոյն, էջ 464-465։
  • 53 Նոյն, էջ 218։

17Վերադառնալով պատումներուն մէջ կիրարկուած ոճային հնարքներուն, շարքի ամբողջ երկայնքին Պըլտեան կը կիրարկէ դերանուններու յատուկ գործածութիւն մը երբ կը խօսի պատմողին բերնով կամ կ’ակնարկէ անոր։ Առաջին հինգ հատորներուն մէջ պատմողը գրեթէ բացառաբար երկրորդ դէմքով կը յայտնուի։ Պէտք է նկատի առնել նաեւ որ ժամանակագրական կարգով անոնք աւելի հին են, այսինքն կը սկսին պատմողի ժամանակէն առաջ (Սեմերուն51 մէջ Վերժինի ու Էլմոնի ժամանակը, այսինքն պատմողին մեծ մօր ժամանակը), ապա կը հասնի պատմողի պատանեկութեան ժամանակը, թաղային դպրոցն ու եկեղեցին, տնեցիներն ու դրացիները, մինչեւ կ’անցնի Ճեմարան, այսինքն Բլուրի թաղամասէն կ’անցնի քաղաք։ Այս բոլորին մէջ պատմողը կարծես դիմացիններու ակնարկին մէջ ըլլայ, անոնց ակնարկը գերիշխող է իր ինքնընկալումին մէջ, անոնց աչքով կը դիտէ ինքզքինք, միշտ «դուն» կ’ըսէ ինքնիրեն համար, նոյնիսկ Ճեմարան, մինչեւ այդ «ճակատագրական օրը երբ վկայականը ձեռքդ դռնէն դուրս պիտի ելլես, մինակդ, այո մինակս, քանի որ մայրիկն անգամ ամչցեր է գալ հանդէսին, եւ ելքին կանգներ եմ, այդ ոլորուած թուղթը ձեռքս, անճարակ, անձկոտ, կորսուած կարծես ընդարձակ ամայութեան մը մէջ...»:52 Յստակ է կատարուածը։ Երկուքի բաժնուիլը, որ կը մնայ «դուն»ի եւ «դուն»ի միջեւ երբ կ’անցնի Բլուրէն քաղաք, կը վերածուի «դուն»ի եւ «ես»ի։ «Ես» ըսողը կը ստանձնէ ինքզինք, սակայն տակաւին չի գիտեր ով ըլլալը, որով «դուն»ը կը մնայ մէջը։ Այդ «տղան պիտի մնար մէջդ» կը գրէ Երկուքին մէջ, «մե՛րթ աճէր, մե՛րթ անհետանար, պիտի չհասուննար երբեք, պիտի երազէր այլուրը ուր էիր, քաղաքի մը, ապա ուրիշ քաղաքի մը մէջ...»:53

  • 54 Նոյն, էջ 509։
  • 55 Նոյն, էջ 548։
  • 56 Նոյն, էջ 546։
  • 57 Նոյն, էջ 549։

18Այս խաղը՝ դէմքերու փոփոխութեան Երկուքին մէջ կը սկսի յայտնուիլ սկիզբէն։ Օրինակ շէնքի պահակին հետ տեսարան մը կայ, բեմադրուած, ուր պահակը, շնչասպառ, կ’ուզէ զգուշացնել զինք դիմացի շէնքը բնակող կնկան պարագաներէն, որուն հետ պատմողը կը փորձէ կապ հաստատել, եւ հոյակապ խաղ մը կ’ըլլայ ուր դերանունները կը յաջորդեն իրար՝ ան, ատոնք, ես, դուն..., բայց աւելի բացայայտ կը դառնայ հատորի վերջաւորութեան, երբ երբեմն նոյն նախադասութեան մէջ կը տարուբերի «դուն»էն «ես», նոյնիսկ քերականական խախտում թուելու գինով։ Բայց ուզուած է։ Անցումն է որ կը կատարուի նաեւ տողին մէջ։ Աւելի անդին հաստատելու պէս կը գրէ՝ «Ինչպէ՞ս կրնայիր ծնիլ կ’ըսէ, այո դուն, դուն իբրեւ ես...»,54 կամ աւելի անդին՝ «Դուն կաս եւ ես եմ» կ’ըսէ պատմողը ինքնիրեն եւ աւելի վար՝ «որ կը սպասեմ վերջնական ժամանումիդ... »55 եւ ետքը՝ «Եկեր եմ ես ինծի դէմ։ Լեցուեր եմ ես իմ մէջ։ Պարպուեր եմ, կորսուեր»56 եւ գիրքին վերջին տողին մէջ՝ «Լեզուդ բռնկեր է բերնիս մէջ»:57

  • 58 Շրջում, էջ 7։
  • 59 Նոյն, էջ 19-20։

19Յաջորդ հատորին՝ Շրջումին մէջ առաջին տողէն պիտի անցնի երրորդ դէմքի երբ պիտի գրէ՝ «... բերնին մէջ բռնկեր է լեզուն»:58 Գիրքի առաջին բաժնին մէջ, ինչպէս տեսանք, կը հետեւինք Փարիզի փողոցներուն մէջ թափառողին ու անոր խոհերուն։ Գիշերային պտոյտ մըն է ու հոյակապ էջեր են։ Կը մէջբերենք քանի մը տող։ «Աղմուկը սկսեր է նուազիլ» կը գրէ ու քիչ մը անդին ակնարկելով Էյֆելի աշտարակին՝ «Աշտարակը անդին թեթեւ մը մթամած կը ստուերանայ, կատարին՝ ռատիոպոէմական պլպլանք մը շրջագայող լոյսի, փարոս մը՝ ամպերուն մէջ, արեւմարի ոչ մէկ ճաճանչաւուխտ ճառագայթ՝ Պզտիկ յաղթանակի կամարին վրայ... Կառուսէլ, պտտուիր, պտտուիր։ Ե՞ս թէ՞ ան» ու աւելի վար կը կրկնէ՝ «Պտտուիր պտտախաղ։ Ե՞ս թէ՞ ան։ Կարգը քուկդ է։ Ակնոցը հաներ է ակամայ։ ... Դո՜ւն ...»:59

  • 60 Նոյն, էջ 20։
  • 61 Նոյն, էջ 21։

20Յստակ է չէ՞։ «Ես»ը կը վերածուի «ան»ի շրջումի գործողութեամբ մը, երբ «ես»ը կը սկսի նայիլ ինքնիրեն դուրսէն, ինքնիրեն կ’ըսէ՝ կարգը քուկդ է։ Այսինքն նորէն կ’անցնի դուրս, բայց տեղ փոխելով։ Շարունակելով պտոյտը Փարիզի փողոցներուն մէջ կը գրէ՝ «Այս բոլորը տեսած է, գիտէ՝ ինք կամ ուրիշ մը որ իր դէմքն ունի, իր անունը, դերանունային գոյութիւն՝ տարբեր կեանքի մը մէջ ուրուապատկեր...»:60 Այս փոփոխութիւնը, անցքը դէպի «ան» կը կատարուի երբ ենթական կ’առնէ ինքնիշխանութեան առաջին քայլը։ Կ'ուզէ։ Կը կարդանք՝ «Ամեն ինչ անփոփոխ կը մնայ՝ ամեն ինչ փոխուած է, կ’ուզէ, ահա վերջապէս ցանկութիւն մը, կ’ուզէ լսել, կիրքով, ամբողջ ուժով քաղաքին քսիլոֆոնի այերային, շօշափելի երաժշտութիւնը»:61

  • 62 Նոյն, էջ 41։
  • 63 Նոյն, էջ 28։
  • 64 Նոյն, էջ 45։
  • 65 Նոյն, էջ 42։
  • 66 Նոյն, էջ 44։

21Այս «ես թէ ան»ի խաղը պիտի կրկնուի գրքի զանազան էջերուն, իր հետ բերելով անոր տարողութիւնը որոշադրող տարբեր երեսակներ։ Քիչ մը անդին ուղղուելով պատմողի մօր կատարած այցին, լուսանցքային մասին մէջ կը գրէ. «Եթէ կար մէկը որ զիս կը յղէ հասարակաց թուող անցեալի մը, կը նշանակէ՞ արդեօք որ այդ անցեալը իմ մէկ մասս կը կազմէ եւ յղողն անգամ իմ անձիս կը վերաբերի... ան, ես, մէկը միւսին մէջ, ինչպէս այս խռպոտ ձայնը մէջս, երբ կը հազամ, ինչպէս քաղաքը որ գրաւեր է մարմինս, ինչպէս լքածս որուն մէջ կը շարունակեմ ապրիլ, տեսակ մը խնդրական, վիճելի, բայց նոյն ատեն վաւերական ամենուրեքութեամբ»:62 Ուրիշ տեղ մը կը գրէ «դարձիր նայէ՛, դարձիր, ինչ որ ես, ան որ եմ, աշո՞ւն թէ՞ արդէն ձմեռ»:63 Իսկ աւելի անդին ակնարկելով լրագրական կեանքին կը գրէ՝ «կեանք մը՝ ես ինձմէ դուրս։ Ապրելու ձեւ մը։ Ընդհանրութեան մը մէջ։ Առանց արտակարգ որեւէ պայմանի»:64 Երրորդ դէմքի անցքը ժամանակաւոր անցք մըն է, պարտադիր անցք մը, «ես»ին դուրսէն նայելու գործընթաց մը, այս անգամ ենթակային աչքերով, հոնկէ մեկնելով հասնելու ինքնիրեն, ինքզինք յայտնակերպելու։ Քաղաքի փողոցներուն մէջ շրջագայողին ճամբան է ատիկա։ Որովհետեւ «քալողը ապրող մըն է» ինչպէս կ’ըսէր վերը Նանոյի պատումին համար։ Ինք սակայն «Տակաւին քալելիք ճամբայ ունի։ Որքա՞ն, որքա՞ն ատեն պիտի հեռանաս դուն քեզմէ, կը կրկնէ ձայնը ականջին»:65 Քալողը նաեւ դիտող մըն է։ «Որքան դիտեր այնքան հեռացած կը թուէր ինքն իրմէ, այնքան կը թուէր թէ կը թափանցէր ինքն իր մէջ»:66 Հեռանալը ուրեմն ետ վերադառնալու համար է, ինքնիր մէջ թափանցելու հեռանկարով։

  • 67 Երկուք, էջ 7։
  • 68 Շրջում, էջ 28։
  • 69 Նոյն, էջ 30։
  • 70 Նոյն, էջ 23։
  • 71 Շարքին ութերորդ հատորը կը կոչուի Կրկնագիր մարդը, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ-Համազգային, Երեւան-Պէյրութ (...)
  • 72 Երկուք, էջ 269։
  • 73 Նոյն, էջ 452։

22Պըլտեան այս ու առընթեր անցումներուն համար զանազան տեղեր կը գործածէ կամուրջ բառը, որ կրկին բանատեղ մըն է։ Բայց նախքան այդ, վայրկեան մը կենանք երկու այլ բառերու վրայ, որոնք կը կապուին կամուրջին։ Առաջինը ստուերն է։ Երկուքին սկիզբը, պատմողը վերադարձած է մանկութեան տունը եւ հոն հարց կու տայ ինքնիրեն՝ «Մեկնումիդ ու վերադարձիդ միջեւ ի՞նչ փոխուած է՝ դարձած տարօրէն տարբեր, ստուերային»:67 Հոս՝ ձգած աշխարհը դարձած է ստուերային եւ ամբողջ սենեակը պիտի մնայ մութի մէջ մինչեւ վերջ։ Շրջումին մէջ կը գրէ՝ «... ուր որ երթաս կը տանիս հետդ ստուերային աշխարհ մը որ կը մոռնաս»68 եւ այդ ստուերաշխարհը բեռ մըն է։ «Ապրիլ կը նշանակէ ստեղծել արտակարգ իրավիճակ՝ աւելցնել մէջդ ստուերաշխարհի մը բեռը»69 պիտի գրէ, իսկ ուրիշ տեղ՝ «...ամբողջ քաղաքը հոն է, տեսակ մը շրջանկար կամ իմաստաբանական տեքոր, եւ որուն իրականութիւնը մէկէն դարձեր է ստուերատեսիլ, կրկնագիր, նշմարային...»:70 Հոս ստուերատեսիլի կողքին կ’երեւի երկրորդ բառը որ կ’ուզէինք յիշել՝ կրկնագիր՝ որ Պըլտեանի սիրած բառերէն մէկն է:71 Ներկայ իմաստով կը նշանակէ երկրորդ օրինակ, պատճէն, բայց հին իմաստով կ’ըսուէր մագաղաթին համար, որուն վրայ գրուածը ջնջելով կը գրէին ուրիշ տեքստ։ Վրայ վրայի գրուելու, հինին վրայ նորը գալու շրջարկ մը կու տայ։ Պըլտեան զանազան տեղեր կը գործածէ բառը, օրինակ Երկուքին մէջ, երբ կը նկարագրէ ճարտարապետական գրասենեակի հաշուապահ Պէյլէրեանը, աթոռին ետեւ Եգիպտոսի Ֆարուք թագաւորին նկարը կախած, որ թէեւ հաստատուած Պէյրութ կ’ապրի փորձելով «վերագտնել իր Եգիպտոսը, իր Աղէքսանդրիան, անցեալը, որ ոչ մէկ աքսորական կը լքէ եւ որ կը շարունակէ ապրիլ նոր քաղաքի կրկնագիր իրականութեան մէջ իսկ»:72 Այստեղ նոր քաղաքը կուգայ կրկնագրուիլ հինին վրայ։ Սակայն հինը կը շարունակէ երեւիլ տակէն։ Ուրիշ տեղ, նկարագրելով Վարդուհի մօրաքրոջ մահուան սեմին եղող դէմքը՝ «նայուածքին ներքին ճառագայթումը կը թուէր վանել դէմքին վրայ կրկնագիր կմախքը»:73 Բացառիկ պատկեր մըն է. Վարդուհի՝ մահուան սեմին, կմախքը արդէն կրկնագրուած դէմքին վրայ։

  • 74 Շրջում, էջ 21։
  • 75 Նոյն, էջ 518։
  • 76 Նոյն։
  • 77 Նոյն, էջ 526։

23Վերադառնալով վերի տողին, կարդանք կրկին՝ «...ամբողջ քաղաքը հոն է» կը գրէ, «տեսակ մը շրջանկար կամ իմաստաբանական տեքոր, եւ որուն իրականութիւնը մէկէն դարձեր է ստուերատեսիլ, կրկնագիր, նշմարային»։ Շրջանկարը ընթացիկ իմաստով պիտի ըլլար հոմանիշ համապատկերի։ Այստեղ սակայն ըսել ուզուածը կը նմանի աւելի լուսանկարչական negativeին, այսինքն բառացիօրէն՝ շրջուած նկար, որմէ մեկնելով թուղթին վրայ կը տպեն բուն նկարը։ Քալողի մտահորիզոնին առջեւ բացուող քաղաքը մէկէն կ’ընկալուի իբրեւ շրջանկար, եւ անոր իրականութիւնը կը դառնայ ստուերատեսիլ ու կրկնագիր, կարծես նկարը եւ շրջանկարը կուգան վրայ վրայի։ Ստուերայինը կուգայ կրկնագրուիլ քաղաքին վրայ ու կը շարունակէ՝ «կեանքս՝ առանց ինծի, հիմը՝ առանց վաւերականութեան, ճիշդ այն պահուն երբ կ’անցնի կամուրջէն»։ Կամուրջը ծայրագոյն փորձառութեան վայրն է, շրջումի վայրը, հոն ուր ենթական կուգայ դէմ յանդիման ինքն իրեն, կարծես շրջանկարի մէջ կը տեսնէ ինքզինք։ «Կեանքս առանց ինծի» կը գրէ։ Վճռական պահ մըն է։ «Ըլլալը կորսնցնել մըն է» կը գրէ, «... եթէ կ’ուզէ ոչ թէ վերապրիլ – վաղը ատիկա պիտի ընէ, վաղը, միւս օր, սեղանին առջեւ, քանի որ արդէն անգամ մը վերապրած է մանկութեան – այլ ապրիլ, թերեւս մտնելու է մթութեան մէջ- կամուրջին վրայ, ո՛չ մէկ լապտեր, ո՛չ մէկ ստուեր, ինքն իր մթութեան մէջ, ընդունիլ, թափառիլ, շեղիլ, տնտնալ հոն բազրիքին մօտ...»:74 Կամուրջը մութի անցքին վայրն է, «ինքն իր մթութեան» կ’ըսէ եւ այդ մութը կը բերէ հատումը։ «Հատում մը հաստատուեր էր իր ու իր միջեւ։ Կամուրջին վրայ կ’անցնէր մէկէն միւսին»:75 Վտանգաւոր անցք մըն է, ամբողջովին խորտակիչ՝ որ զայն կը դարձնէ «Ինքն իրմէ քայքայուած ու գզզուած։ Անկապակից»:76 Ահաւասիկ պատմողը ծայրագոյն փորձառութեան դիմաց, ինքն իր մութը դիմագրաւող, փորձառութիւն մը որ զինք ալ կը վերածէ վերապրողի, թէեւ տարբեր տեսակի։ «Կը վերապրի ոչ ոքի, այլ ինքն իրեն»:77

  • 78 Նոյն, էջ 516։
  • 79 Նոյն, էջ 517։
  • 80 Նոյն։
  • 81 Նոյն, էջ 527։
  • 82 Նոյն, էջ 527-528։
  • 83 Նոյն, էջ 528։
  • 84 Նոյն, էջ 61։

24Վերջին տեսարանով քալողը կը վերադառնայ իր յարկաբաժինը։ Ասիկա պարզ վերադարձ մը չէ, այլ բացակայութեան ժամանակի մը յաջորդող վերադարձ մը, ինքն իրմէ բացակայութեան, բայց նաեւ այլայլումի մատնող փորձառութենէն։ «Աստիճան առ աստիճան՝ կը բարձրանայ, կը լքէ գրեթէ յարկերուն աղմուկները, ճիչերը, խլրտուն կեանքերը...»:78 Այս բարձրացումը նաեւ ելք մըն է. «սանդխամատէ սանդխամատ կը թուի թէ դուրս կուգայ մեռելային թագաւորութենէ մը» եւ կը շարունակէ յատկանշական տողով մը՝ «չի գիտեր ինչպէ՞ս վերապրեր է անոնց աղէտին եւ դարեր, տարիներ ետք կը վերադառնայ»:79 Ապա քանի մը տող ետք՝ «կարծես ուզէր վերջին անգամ ազատագրուիլ պատումէն»:80 Տեսանք վերը պատումը կը նշէ ե՛ւ վերապրողներու դրուագները, ե՛ւ հակադրուելով վէպին ու նկարագրութեան, կը հանդիսանայ գիրին ըլլալու կերպը։ Կը հակադրուի դուրսէն դիտող դիւրին լուծումներուն, որոնք կը ծառայեն ցուցադրումի, նախընտրելով ըլլալ մտածումի դէպք։ «Ըսեր էի՝ մնա՛ այսպէս դիտողի դիրքին մէջ, նկարագրէ՛ աշխարհը իր ժամանակին մէջ, լայնքով, երկայնքով...»:81 Ահաւասիկ դուրսէն դիտողին,նկարագրողին տեղը։ Սակայն պատմողը գիտէ որ ատիկա «... հնարաւոր չէ։ Երբեք չէ եղած։ Պատումը հանկարծակի հատում մըն է, վիհին ծայրը։ Ընդունիս կամ ոչ, եւ դուն այնտեղ, բացակայ-ներկայ ստուեր»:82 Պատումին մէջ ենթական ստուերային ներկայութիւն մը կրնայ ըլլալ միայն, ոչ ներկայ, ոչ բացակայ, կամ երկուքը միասին։ Սակայն պատումը իբրեւ կիրարկում, իբրեւ ոճ միակ տեղն է ուր կարելի է ըլլալ։ «Որդեգրել ոճ մը վասն կեանքի»:83 Եւ վերջապէս՝ «Իսկ իրը ճիգ մըն է այդ աշխարհը կապելու բանի մը, ինչպէս յետախաղաղ, հոսանքէն տարուած նաւակ մը կը յաջողին կապել քարափին, որպէսզի տարասփռումին ձեւ մը տայ, ո՛չ թէ փրկէ, այլ արձակէ ձեւի մը մէջ ու մեկնէ»:84 Այդ է պատումին, պատումը իբրեւ ոճ ընկալումին գերագոյն առաքելութիւնը։

Notes

1 Մէջբերումները առնուած են հետեւեալ հատորներէն. Գրիգոր Պըլտեան,Պատկերը - Անունը լեզուիս տակ, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ, Երեւան, 2013։ Երկուք,Ապրիլ, Լոս Անճելես, 2006։ Շրջում, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ, Երեւան, 2012։

2 Անունը լեզուիս տակ, էջ 508։

3 Նոյն։

4 Նոյն, էջ 489։

5 Նոյն, էջ 507։

6 Երկուք, էջ 219։

7 Նոյն, էջ 506։

8 Նոյն։

9 Նոյն, էջ 430։

10 Անունը լեզուիս տակ, էջ 523։

11 Երկուք, էջ 287։

12 Նոյն, էջ 296։

13 Նոյն։

14 Նոյն, էջ 297։

15 Նոյն, էջ 512։

16 Նոյն, էջ 304։

17 Նոյն, էջ 232։

18 Նոյն, էջ 327։

19 Նոյն, էջ 429։

20 Նոյն, էջ 360։

21 Նոյն, էջ 318։

22 Նոյն, էջ 320։

23 Նոյն, էջ 300։

24 Նոյն, էջ 237։

25 Նոյն, էջ 491։

26 Մարկ Նշանեան, Պատկեր, պատում, պատմութիւն, հատոր 2, Ակտուալ արուեստ, Երեւան, 2016։

27 Անունը լեզուիս տակ, էջ 508։

28 Պատկերը, էջ 299։

29 Նոյն, էջ 300։

30 Նոյն։

31 Նոյն, էջ 299։

32 Պարզապէս նշենք որ ասոնք նաեւ հատորներուն վերնագիրները կը հանդիսանան։

33 Գրիգոր Պըլտեան, Կրակէ շրջանակը՝Դանիէլ Վարուժանի շուրջ, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ, Երեւան, 2014։

34 Ակնարկը կ’երթայ Յակոբ Օշականի Մնացորդաց վէպի ծրագրուած երրորդ հատորին, որ պիտի կոչուէր Դժոխք եւ որ չէ գրուած։ Օշական զայն մէկդի դրած է ու անոր փոխան գրած Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեանի տասը հատորները։

35 Շրջում, էջ 46։

36 Անունը լեզուիս տակ, էջ 413։

37 Երկուք, էջ 196։

38 Նոյն, էջ 519։

39 Նոյն։

40 Գրիգոր Պըլտեան, Հարուածը, Կիլիկիա հրատարակչատուն, Փարիզ-Հալէպ, 1998։

41 Շրջում, էջ 24։

42 Նոյն, էջ 33։

43 Տե՛ս օրինակ Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար Բ. Տիպ, Լոս Անճելես, 1997։ Այստեղ քաղաքին քանդումը կը բեմադրուի էջին վրայ իսկ տողերուն քանդումով։

44 Շրջում, էջ 508։

45 «Հարցազրոյց Գրիգոր Պըլտեանի հետ», «Հորիզոն Գրական յաւելուած», Մոնրէալ, Դեկտեմբեր, 1999։

46 Անունը լեզուիս տակ, էջ 519։

47 Շրջում, էջ13-14։

48 Նոյն, էջ 28։

49 Նոյն, էջ 9։

50 Նոյն, էջ 10։

51 Գրիգոր Պըլտեան, Սեմեր, Կիլիկիա հրատարակչատուն, Փարիզ-Հալէպ, 1997։

52 Նոյն, էջ 464-465։

53 Նոյն, էջ 218։

54 Նոյն, էջ 509։

55 Նոյն, էջ 548։

56 Նոյն, էջ 546։

57 Նոյն, էջ 549։

58 Շրջում, էջ 7։

59 Նոյն, էջ 19-20։

60 Նոյն, էջ 20։

61 Նոյն, էջ 21։

62 Նոյն, էջ 41։

63 Նոյն, էջ 28։

64 Նոյն, էջ 45։

65 Նոյն, էջ 42։

66 Նոյն, էջ 44։

67 Երկուք, էջ 7։

68 Շրջում, էջ 28։

69 Նոյն, էջ 30։

70 Նոյն, էջ 23։

71 Շարքին ութերորդ հատորը կը կոչուի Կրկնագիր մարդը, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ-Համազգային, Երեւան-Պէյրութ, 2015։ Այս ուսումնասիրութիւնը գրուած էր նախքան այդ հատորին լոյս ընծայումը։

72 Երկուք, էջ 269։

73 Նոյն, էջ 452։

74 Շրջում, էջ 21։

75 Նոյն, էջ 518։

76 Նոյն։

77 Նոյն, էջ 526։

78 Նոյն, էջ 516։

79 Նոյն, էջ 517։

80 Նոյն։

81 Նոյն, էջ 527։

82 Նոյն, էջ 527-528։

83 Նոյն, էջ 528։

84 Նոյն, էջ 61։

Le texte et les autres éléments (illustrations, fichiers annexes importés) sont sous Licence OpenEdition Books, sauf mention contraire.

Rechercher dans OpenEdition Search

Vous allez être redirigé vers OpenEdition Search